Այսօր Հայաստանի մէջ մեկնարկած է թիւով 10-րդ «ՆԱԹՕ-ի շաբաթ»ը: «ՆԱԹՕ-ի Շաբաթ»-ի մեկնարկը տրուած է Երեւանի մէջ, ՆԱԹՕ-ի Տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, որ եւս կը նշէ իր հիմնադրման տասնամեակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը, նշելով, որ Հայաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններու մասին կեդրոնին մէջ խօսած են ՀՀ ԱԳՆ Սպառազինութիւններու վերահսկման եւ միջազգային անվտանգութեան վարչութեան պետ Գագիկ Յովհաննիսեանը, ՀՀ ՊՆ պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետի տեղակալ Մհեր Իսրայէլեանը, Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕ-ի փոխգործակցութեան գրասենեակի ղեկավար Ուիլիեըմ Լահիւն եւ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մաթիաս Քիսլըրը:
Ուիլիըմ Լահիւն ըսած է, որ Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութիւնը հիմնուած է ամուր հիմքերու վրայ, քանի որ կը բխի երկու կողմերու շահերէն: Ան տեղեկացուցած է, որ նախորդ շաբաթ ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայան այցելած հայկական պատուիրակութեան հետ, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկած են Սուրիոյ ճգնաժամը:
«Մենք գիտենք, որ Հայաստան մօտ 20 հազար փախստական ընդունած է Սուրիայէն վերջին տարիներու ընթացքին: Տեղեակ ենք նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ, մասնաւորապէս, Հալէպի, բաւական թիւով հայեր կը մնան, եւ Հայաստանի մէջ անհանգստացած են անոնց ճակատագիրով», – ըսած է ամերիկացի պաշտօնեան:
Գագիկ Յովհաննիսեանը եւ Մհեր Իսրայէլեանը ներկայացուցած են Հայաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններու պատմութիւնը եւ ընթացիկ ծրագիրները` ընդգծելով, որ հայկական կողմը պատրաստ է զարգացնելու գործակցութիւնը Հիւսիսատլանտեան դաշինքին հետ ինչպէս ռազմական, այնպէս ալ քաղաքացիական ոլորտներու մէջ: