Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Սարքոզի հանդիպում ունեցած է Լիոնի շրջանի հայութեան հետ

Ֆրանսայի Հանրապետականներու կուսակցութիւնը (Les Républicains – LR) նախագահական իր թեկնածուն ճշդելու համար որոշած է կազմակերպել նախնական ներքին ընտրութիւններ: Այս ընտրապայքարի ծիրէն ներս, թեկնածուներէն նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Լիոնի շրջանի Մեզիէօ քաղաքին մէջ նախընտրական հանրահաւաքի մը նախօրեակին, Տէսինի Հայ յուշագրութեան ազգային կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցած է հայ համայնքին հետ:
Սոյն հանդիպումին, Սարքոզիի կ՚ընկերակցէին նշեալ կուսակցութեան եւ Օվերնեը-Ռոն Ալփի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Լօռան Վոքիէզ, շրջանի խորհրդարանականներ՝ երեսփոխան Ֆիլիփ Մէօնիէ եւ ծերակուտական Լօռանս Ֆոթրա:
Հիւրերը, նախ Կեդրոնը այցելած են նախագահուհի Տիկին Ղազարեանի գլխաւորութեամբ: Ելոյթներ ունեցած են Մեզիէօի քաղաքապետական խորհրդական Ֆրետի Սապունճու եւ Կեդրոնական Ֆրանսայի CCAF-ի նախագահ Րաֆֆի Գրիգորեան: Վերջինս հիւրերուն ուղղելով իր խօսքը, ըսած է, որ անոնք պէտք է ջանքեր գործադրեն խորհրդարանական իրենց որոշ ընկերներուն վրայ, որոնք ազէրպայճանամէտ եւ թրքամէտ են եւ ամէն առիթով դէմ կ՚արտայայտուին Հայոց վերաբերող որոշումներու: Այդ դիտողութեան ի պատասխան, հիւրերը ըսած են, որ իրենց ընկերներէն շատեր ալ քուէարկած են Ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող օրինագիծին ի նպաստ:
Ապա, Նիքոլա Սարքոզի ողջունելով ներկաները, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ Ճորքայէֆ ընտանիքը, խօսք առած եւ դիտել տուած է, որ մինչ իր նախորդը եւ յաջորդը՝ Շիրաք եւ Հոլանտ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան կողմնակից դիրքեր արտայայտած են, ինք գացած՝ Անգարայի մէջ իսկ յայտարարած է, թէ դէմ է: Այս մասին Սարքոզի անուղղակի հարուածներ հասցուցած է նաեւ իր կուսակից մրցակիցներէն ոմանց (օրինակ՝ Ժիւփէին), եզրակացնելով թէ 1963-էն ի վեր շարունակուող այդ խեղկատակութեան (Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացին) վերջակէտ մը պէտք է դնել: «Ժամանակը հասած է, որ վերադառնամ։ Ես զիս ձերը կը զգամ», ըսած է ան, ծափահարութիւններու տարափի մը տակ: Նախկին նախագահը իր ելոյթին մէջ անդրադարձ կատարած է նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակին, ըսելով՝ «Ցեղասպանութիւն եզրը պէտք չէ հասարակացնել։ Անոր ժխտումը կարծիք չէ, այլ՝ իմացութեան եւ բարոյականութեան ոճիր։ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն պարտադրուած իրավիճակը ցեղասպանութիւն է» նշած է նախագահութեան «թեկնածուի թեկնածու»-ն: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ