Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ատիս երգի ճամբով». Խաչիկ Ճանոյեան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծանուն երգիչ, աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր Սփիւռքի էսդրատային երգերու ռահվիրայ Ատիս Հարմանտեանի կեանքը ցոլացնող «Ատիս երգի ճամբով» հատորի գինեձօնը: Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Համազգայինի մասնաճիւղին կողմէ: Այս առթիւ, բացի յաւուր պատշաճի խօսքերէ, պիտի գործադրուի գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, ապա՝ հիւրասիրութիւն: Վստահ ենք, որ Ատիսն ու իր երգերը գնահատողներու, սիրողներու բազմութիւն մը ներկայ պիտի գտնուի իր տեսակին մէջ բացառիկ այս գինեձօնին:

Մենք մեծագոյն հաճոյքով, անակնկալօրէն տեսանք մեր շատ սիրելի Ատիսին ինքնակենսագրութիւնը պարփակող վերոյիշեալ հատորը: Հատոր մը, ուր նշուած են, Լիբանանէն սկսեալ  Սփիւռքի բազմաթիւ հայագաղութներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ,  անոր ունեցած համերգային ելոյթները, այդ ելոյթներէն վերցուած լուսանկարներու ճոխ հաւաքածոյով մը: Ի հարկէ, գիրքին մէջ կան նաեւ բազմաթիւ հանդիպումներու եւ յուշերու պատառիկներ, որոնք առաւել կշիռ, համ ու հոտ կու տան հատորին:

Մաքուր, հաղորդական հայերէնով ու ոճով գրուած, 330 էջերէ բաղկացած գեղատիպ հատորը շարուած է Լոս Անճելըսի մէջ, գեղեցիկ տպագրութեամբ մը կեանքի կոչուած Անթիլիասի մէջ, Լիբանան:

Մենք երկար տարիներէ իվեր ծանօթ ենք Ատիսին, մանաւանդ անոր երգերուն: Գիտէինք, որ ան իր օտար եւ հայկական երգերու մէկ մասին բառերուն հեղինակն է, զանոնք եղանակաւորը, գործիքաւորողը եւ, անշուշտ, վարպետ մեկնաբանողը: Այս հատորով մեզի համար անակնկալ մըն էր կարդալ եւ հաղորդուիլ Ատիսի գրելու ոճին հետ: Պարզ ակնարկ մը նետելու համար ձեռք կ՚առնես հատորը եւ անզգալաբար կը տեսնես, որ արդէն մէկ շունչով կարդացած ես կէսը:

Գիրքին որպէս նախաբան, սրտի խօսք մը գրած է համայնքիս ծանօթ մտաւորականներէն, «Նոր Կեանք» եւ «Նոր Հայաստան» թերթերու հիմնադիր խմբագիր Վահան Վահանեան: Իսկ սրտի խօսք մը ունի գիրքին գրաշարութիւնն ու խմբագրութիւնը կատարած Սարգիս Մաճառեանը:

Բայց ամէնէն յուզիչ մասը այս գիրքին էջ 11-ի վրայ գրուած «Ինչո՞ւ այս գիրքը» խորագիրը կրող էջն է, ուր Ատիս Հարմանտեան ի միջի այլոց կ՚ըսէ. «Այս գիրքը կ՚ընդգրկէ իմ կեանքի պատմութիւնը…»:

Այսպէս, հատորին մէջ հեղինակը իր կեանքի պատմութիւնը տալով, իր ապրած տխուր եւ ուրախ օրերը յիշելով, կը գրէ, թէ ինչպէս մուտք գործեց երգի ասպարէզ:

Նախ օտար, ապա վճռական կերպով որոշեց հայ երգի ու յատկապէս էսդրատային երգերու նուիրուիլ: Արդարեւ, նորութիւն մը ըսած չենք ըլլար երբ ըսենք, թէ Ատիսէն առաջ Սփիւռքի հայութիւնը ընդհանրապէս թրքական կամ եւրոպական, արաբական, պարսկական երգեր կ՚երգէր: Ատիսի երեւումով եւ անոր երգերու ղօղանջներով հիմը դրուեցաւ Սփիւռքի հայ երգին, իսկ Ատիս եղաւ այդ երգերուն հիմնադիրը եւ նամակատար աղաւնին, եւ ճամբորդեց, սաւառնեցաւ երկրէ-երկիր, ուր որ հայ կայ հոն եղաւ, անջրպետներ կտրեց հայ երգը տարաւ հայ երգի ծարաւ սփիւռքահայուն՝ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, Եգիպտոսէն միչեւ Յունաստան, Ֆրանսա, մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա, Քանատա եւ Միացեալ Նահանգներ:

Այս գիրքին մէջ կը կարդանք Ատիսին երգած եւ իր խօսքերով գրուած երգերու փունջ մը, որոնք սիրոյ, կեանքի, մարդու մասին գրուած խորհրդածութիւններ են: Նմանապէս, այս հատորին մէջ կը տեսնենք այցելած հայ համայնքներու նկարագրութիւնները, կեանքի փորձառութեամբ հասունցած «խօսքերը», ինչպէս նաեւ՝ հայ թերթերու մէջ իր ելոյթներուն մասին տրուած տեղեկութիւնները:

Ատիս Հարմանտեանը շուրջ 50 տարի բեմին վրայ հայ երգը հնչեցուց, հայ երգը բազմահազար երիտասարդ-երիտասարդուհիներու սիրցուց: Անոր ֆիզիքական վայելչութիւնը, անոր զուլալ, քաղցր եւ սրտագին ձայնը, զեղուն կարօտով, թախծոտ երանգներով յօրինուած երգերը գերեցին, բոցավառեցին երազող պատանիները, սիրահար հոգիները, սիրոյ կրակով այրուած սրտերը:

Արդարեւ, Ատիս Հարմանտեանի տաղանդը զարմանալիօրէն բեղմնաւոր է, ուղղակի անսպառ: Ան կատարողական բարձր արուեստով գիտէ մատուցել իր երգերը, գրել երգերու բառեր, դէմքի, մարմնի շարժուձեւերով խորապէս տպաւորել զինք ունկնդրողները:

Ատիս Հարմանտեան 50 երկար տարիներու հմայող երգիչն է: Ատիսին լսելը կեանք կու տայ մարդուն, երջանկութիւն կը պարգեւէ զինք լսողներուն, իսկ սէր չունեցող մարդուն մէջ Ատիս սիրոյ կրակ կը վառէ անոր մէջ:

Թող երկար, երկար ժամանակ ու տարիներ հնչեն մեր սիրելի Ատիսին երգերը: Թող իր կերտած հայաշունչ երգերը բնաւ չմոռցուին, բնաւ չխամրին մեր ժողովուրդի միտքէն, հոգիէն ու կեանքէն:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր անզուգական երգիչ Ատիս Հարմանտեանը, մաղթելով իրեն կենսառողջ կեանք, նորանոր երգեր եւ գիրքեր:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ