Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Ճօ Քոքսի սպաննութեան մէջ մեղադրեալը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած է

«Բրիտանական Ազգային միաւորում»-ի անդամ, ծայրայեղական՝ Թոմաս Մայէր (53 տարեկան), ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած է, բրիտանական խորհրդարանի ընդդիմադիր երեսփոխան՝ Ճօ Քոքսի (41 տարեկան) սպանութեան մեղադրանքով: Այս մասին կը գրէ «Ալ Քուտս», աւելցնելով, որ սպանութիւնը կատարուած էր 23 յունիսին, Փերսթէլ աւանին մէջ, ուր կը կայանար Բրիտանիոյ Եւրոպական միութեան անդամկցութենէն դուրս գալու հանրաքուէն: 

Մայրաքաղաք Լոնտոնի՝ «Պէյլի» ատեանի դատախազը դատավճիռի արձակումէն ետք մերժած է Մայէրի ճառախօսութիւնը, անոր ոճիրը «Բրիտանիոյ հոգիի դաւաճանութիւն» անուանելով: 

Սպանութեան ականատես մը վկայած էր, որ ոճրագործը յարձակման ժամանակ բարձրաձայն կոչած էր «Նախ Բրիտանիան», որ աջակողմեան ծայրայեղ խմբաւորման անուանումն է:

Յայտնենք, որ այս խմաբաւորումը կազմաւորուած է 2011-ին, «Բրիտանական Ազգային միաւորում»-ի նախկին անդամներէն: Նպատակն է՝ Բրիտանիոյ աւանդոյթները վերականգնել եւ արգիլել Բրիտանիոյ «իսլամացումը», գաղթականներու մուտքը կասեցնելով:

Նշենք, որ երեսփոխան Քոքս կամաւորապէս կը ծառայէր «Օքսֆամ» միջազգային բարեսիրական կազմակերպութեան մէջ: Ինչպէս նաեւ գլախաւորած էր Սուրիոյ պատուիրակութիւնը իր երկրի խորհրդարանին մէջ եւ սուրիացի գաղթականներ ընդունելու քարոզարշաւներ՝ վարած:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ