Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԱԿ-ի մօտ քննարկուած է Սարսանգի ջրամբարի հարցը

22 նոյեմբերին, ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցած բաց քննարկման՝ «Միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովում՝ Ջրային ռեսուրսներ, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» խորագիրը կրող հանդիպման ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, որ մասնաւորապէս, նշած է, որ անդրսահմանային ջրային աղբիւրները հասարակութիւններու եւ ազգերու միջեւ ընկերային եւ տնտեսական փոխկախուածութիւն ստեղծած են, որ կրնայ երկրին մէջ եւ երկիրներու միջեւ վէճերու եւ հակամարտութիւններու պատճառ դառնալ, մինչդեռ փոխադարձ շահերու եւ փոխկախուածութեան գիտակցումը պէտք է հիմք ծառայէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ տնտեսական աճի ապահովմնան համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Մնացականեան ափսոսանք յայտնած է այն փաստին առնչութեամբ, որ նոյնիսկ նման բնոյթի հարցերուն Ազրպէյճան ընտրած է Հայաստանի վրայ ցեխ շպրտելու եւ մեղադրանքներ ներկայացնելու մօտեցումը: «Սարսանգի ջրամբարը, որն առանցքային նշանակութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան համար` մեծապէս գիւղատնտեսական եւ ջերմուժի արտադրութեան տեսնակիւնից, գտնուում է Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնների մշտական վերահսկողութեան ներքոյ»,- ընդգծած է Մնացականեան:

Ան յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները, որպէս բարի կամքի դրսեւորում, բազմիցս առաջարկած են ջրային աղբիւրներու համատեղ օգտագործման մեքանիզմ, ինչը եւս կրնայ ծառայել որպէս կողմերու միջեւ վստահութեան կառուցման միջոց:

Քննարկման ելոյթով հանդէս եկած են մօտ երկու տասնեակ երկիրներու ներկայացուցիչներ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ