Շաբաթավերջին արցախեան սահմանին հակառակորդի կողմէ հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտուած է աւելի քան 110 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր զինատեսակներէ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 2500 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է ականանետ (1 արկ), ձեռքի հակաթանկային (2 արկ) ու հաստոցաւոր ինքնաշարժ (5 արկ) նռնականետեր: