Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական Ռամկավար Ազատական Կազմակերպութիւն (ՀՌԱԿ) Հասարակական Կազմակերպութիւն

Յարգելի բարեկամներ,

Սոյն գիրով, առ ի տեղեկութիւն, Ձեզ անգամ մը եւս կ՚ուզենք փոխանցել, որ Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր ամսուն պաշտօնական գրանցում ստացած՝ «Հայկական Ռամկավար Ազատական Կազմակերպութիւն» ժողովրդավարութեան զարգացման աջակցող հասարակական կազմակերպութիւնը 2016-ի Հոկտեմբերէն ի վեր կը գործէ Երեւանի մէջ։

ՀՌԱԿ հասարակական կազմակերպութեան գործունէութիւնը ուղղուած է իրաւունքի եւ կրթութեան միջոցով նպաստել դեմոկրատական եւ ազատական գաղափարներու տարածմանն ու ամրապնդման եւ ժողովրդավարութեան զարգացման։ Կազմակերպութեան հիմնական նպատակներէն են նաեւ՝ նպաստել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, սոցիալ-տնտեսական հարցերու ուսումնասիրութեան, անոր մակարդակի բարձրացման, քաղաքացիական հասարակութեան կայացմանն ու հզօրացման, ինչպէս նաեւ իրաւական մշակոյթի մակարդակի բարձրացման՝ մասնագիտական դասընթացքներու, խորհրդաժողովներու հետազօտութիւններու իրականացման, գիտական աշխատանքներու հրապարակման եւ տեղեկատուութեան տարածման միջոցաւ։

Հայրենիքի մէջ հիմնուած Հայկական Ռամկավար Ազատական Կազմակերպութիւն (ՀՌԱԿ) ՀԿ-ի նախագան է Պրն. Սերխիօ Նահապետեանը, իսկ հիմնադիր խորհուրդի անդամներն են՝ Պրն. Լեւոն Պըլըխեան, Պրն. Ալեքսան Գարատանայեան եւ Տիկ. Ժենի Գրիգորեան-Բարսեղեան, իսկ գրասենեակի վարիչ-քարտուղար նշանակուած է Օրդ. Անի Չալեանը։

ՀՌԱԿ ՀԿ-ի գրասենեակէն ներս ներկայիս կը գործէ Միրաք պատանեկան ուսանողական շարժումը, յետագային այլ մշակութային, կրթական եւ տնտեսական թեմաներով դասախօսական շարքեր, սեմինարներ եւ այլ ծրագիրներ իրականացնելու հեռանկարով։ Նշեալ գործունէութեանց մանրամասնութիւններուն կրնաք հետեւիլ ՀՌԱԿ ՀԿ-ի ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջին միջոցաւ, որուն յղումը կը գտնէք ստորեւ.

https://www.facebook.com/Armenian-Democratic-Liberal-Organization-NGO-587859691415263/

Այս հակիրճ տեղեկատուական բաժնէն ետք, կը խնդրենք Ձեզմէ սիրելի ընկերներ եւ բարեկամներ, Ձեր գաղութներու շրջանակէն ներս տեղեակ պահէք Երեւանի մէջ գործող ՀՌԱԿ ՀԿ-ի գրասենեակի մասին, որպէսզի իրենց Հայաստան այցելութեան օրերուն, գիտնան, որ հարազատ վայր մը կայ Երեւանի մէջ, ուր կրնան այցելել, մանաւանդ՝ անձամբ հանդիպիլ Միրաք խումբին հետ եւ խանդավառել զանոնք։

Փոխադարձ կապի ստեղծման համար, ստորեւ կը նշենք գրասենեակին եւ վարիչ-քարտուղարին տուեալները.

ՀՌԱԿ ՀԿ-ի՝ հասցէ. Խանճեան 50, Երեւան 0025 (Թէքէեան Կեդրոն)

Էլ-նամակ։ adlo.ngo.arm@gmail.com

Հեռ։ 00374 10 559 036

Բջջ։ 00374 99 191 085

Անի Չալեանի տուեալները.

Էլ-նամակ։ ani.tchalian@gmail.com

Բջջ։ 00374 94 191 085

WhatsApp եւ Viber։ 00374 94 191 085

 

Ի վերջոյ, փակելով գրութիւնը, ՀՌԱԿ ՀԿ-ի նախագահի եւ խորհուրդի անդամներու անունով, կու գանք շնորհաւորելու Ձեզ, եկող՝ Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի զոյգ տօներու առթիւ, մաղթելով, որ 2017 թուականը բոլորիս եւ մեր կազմակերպութեան համար ըլլայ խաղաղութեան, յառաջընթացի եւ նորանոր ձեռքբերումներու տարի։

Ընկերական ջերմ ողջոյններով եւ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝

 

ՀՌԱԿ ՀԿ-ի Նախագահ

Սերխիօ Նահապետեան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ