Շաբաթ, Յունուար 21-ին, Առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ արժանավայել ձեռնարկով մը պիտի նշուի Արեւմտեան Թեմի հիմնադրութեան 90-ամեակի Առաջին ձեռնարկը: 2017-ին մեծաշուք տեղի պիտի ունենան ձեռնարկներ եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իր ներկայութեամբ պիտի պատուէ այս տօնակատարութիւնները: