Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

2016-ն ալ «բարով խէրով» ճամբեցինք

 

2017 տարուան սեմին ենք արդէն: Չեմ գիտեր թէ անցեալ տարուան սեմին կատարուած բարեմաղթութիւնները գոնէ մասամբ ի զօրու դարձան թէ ոչ: Բայց և այնպէս, փառք տանք այն արևին, որուն սերմանած ջերմութեամբ, և մեր հաւատքներով, տակաւին կը շնչենք և կ՚ապրինք այս անցողակ երկրի կեանքին մէջ: Ամէն առաւօտ, երբ կ՚արթննանք մեր երեխաներու ճիչերով կամ մեր մռնչիւններով, աշխարհը դադրած չ՚ըլլար թաւալելէ և ամէն ոք կազմ ու պատրաստ կամ՝ ոչ, կ՚ուղղուի իր աշխատանքին, դպրոցին կամ այլ պարտականութիւններու, համալրելու համար անգիր օրէնք դարձած ժողովուրդներու պարտաւորութիւնները այս աշխարհի երեսին:

Կը զգուշանամ այս տարի որևէ տեսակի մաղթանքներէ, որովհետեւ ի հեճուկս անցեալին կատարած բոլոր բարեմաղթութիւններուս, կարծէք անոնց հակառակը պատահեցաւ կամ անկատար մնացին անոնք: Ի բաց առեալ կարգ մը նպաստաւոր և ուրախ դրուագներէ, ամբողջ 2016 տարին ապրեցանք սրտդողած, կսկիծով և մտահոգ մեր ազգին և հայրենիքին բարօրութեամբ: Ընդունեցինք անխուսափելին և փառք տուինք  Ամենակալին մեր փրկութեան և չար փորձանքներէն զերծ մնալուն համար: Իսկ այսօր, ահաւասիկ կը դիմաւորենք նոր տարի մը, որ կը մնայ անորոշ ճակատագրով և իր բերած անակնկալներով:

Տեսաժապաւէնի մը տեսագրութեան եթէ յանձնէինք 2016 տարին, անոր միջազգային իրադարձութիւնները կրկին ապրելու համար, հաւանաբար չունենայինք այդ պատեհութիւնը և համբերութիւնը. ուստի՝ յաջորդ տողերուն մէջ ջանանք տողանցել անցեալ տարուան գլխաւոր իրադարձութիւններուն մէջ, որոնք յաճախ հաճելի, ուրախ կամ նպաստաւոր պատահարներ չեն:

 

Յունուար 2016

– Հիւսիսային Քորէա կը փորձէ իր առաջին հիւլէական ռումբը,  Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, ահ ու դողի մատնելով շրջակայ պետութիւնները և ամբողջ աշխարհը:

– ԻՍԻՍ-ը քար ու քանդ կ՚ընէ Իրաքի ամենահին քրիստոնէական դպրեվանքը և այլ քրիստոնէական պաշտամունքի վայրեր:

– Պրազիլի մէջ կը յայտնաբերուի մահացու Զիքա մանրէն (վիրուս):

– Սէուտական Արաբիոյ և Իրանի միջև յարաբերութիւններու խզում, Նիմր-Ալ-Նիմրի սպանութեան պատճառով:

– Իրան կը հրաժարի հիւլէական ոյժի ռազմական զէնքեր արտադրելու ծրագիրէն:

 

Փետրուար 2016

– Վատիկանի Պապ Ֆրանսիսը Քուպայի մէջ կը հանդիպի Ռուս Օրթոտոքս եկեղեցւոյ կրօնապետ՝ Քիրիլին հետ: 1000 տարիներէ ի վեր խզուած յարաբերութիւններու բարելաւման և աշխարհի քրիստոնեաներուն ապահովման հարցեր քննարկելու համար:

 

Մարտ 2016

– Պրիւքսէլի մէջ, Պելճիքա, ծայրայեղ իսլամական շարժումին ԻՍԻՍ-ի  հետեւորդներուն խափանարարական արարքի մը հետեւանքով կը մահանան 34 հոգի և կը վիրաւորուին 151: Երկիրը խուճապի կը մատնուի և ծայրայեղ ապահովական միջոցառումներ կը կիրարկուին ձերբակալելու համար արարքին հեղինակները:

– Լահորի մէջ, Փաքիստան, քրիստոնէական Զատիկի տօնակատարութեան առթիւ,  75 մեռեալ և 340 վիրաւորներ եղան սիւննի իսլամ զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ եղած յարձակումին հետեւանքով:

 

Ապրիլ 2016

– Ղարաբաղեան-Ատրպէճանական զինադադարի խախտում և ատրպէճանական զօրքերու անակնկալ յարձակում ղարաբաղեան ճակատի արևելեան մասերուն վրայ: 3 օրուան բախումներէ ետք, այն ժամանակ երբ հայկական բանակը կ՚անցնի հակա-գրոհի և կը ձեռնարկէ կորսուած տարածքներու վերադարձին կամ՝ ինչու չէ, աւելիին, արդէն նորանոր զինադադար կը պարտադրուի հայկական բանակին վրայ: Հայրենի զինուորներուն զոհերուն թիւը կը հասնի մօտ 100-ի, բայց թշնամիին կորուստը կը գերազանցէ 900-ը:

– Էքուատորի մէջ, կեդրոնական Ամերիկա, 7.8 տարողութեամբ հզօր երկրաշարժ մը կը ցնցէ երկիրը, 300 մեռեալ և 27 հազարէ աւելի վիրաւորներ ձգելով:

 

Մայիս 2016

– Եգիպտական օդանաւ մը կը ջախջախուի Միջերկրականի վրայ սպաննելով բոլոր ճամբորդներն ու անձնակազմը: Ահաբեկչական արարքի զոհ կը նկատուի պատահարը:

 

Յունիս  2016

– Անգլիա կը հեռանայ Եւրոմիութենէն երկրի ժողովուրդին մեծամասնութեան քուէներով, որուն հետեւանքով վարչապետը կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Եւրոմիութեան մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած անհամաձայնութիւններն ու տարօրինակօրէն Ասիայէն, Ափրիկէէն և Միջին Արևելքէն ներխուժող գաղթականներու զանգուածային հոսքը գլխաւոր պատճառը դարձաւ Անգլիոյ ժողովուրդին տուած որոշումին, կասեցնելու համար այդ բեռան տարողութիւնը Անգլիոյ ժողովուրդին ուսերէն :

– ՈԻԵՖԱ-ի Եւրոպական ֆութպոլային մրցաշարքը, որ տեղի կ՚ունենայ 4 տարին անգամ մը, կայացաւ Ֆրանսայի մէջ, և Փորթուկալի ազգային խումբը դարձաւ մրցաշարքի ախոյեան:

– Իսթանպուլի մէջ, Թուրքիա, Աթաթիւրքի օդակայանին մէջ յարձակում ԻՍԻՍ-ի զինեալներու կողմէ: 45 մեռեալներ և 230 վիրաւոր:

 

Յուլիս 2016

– Յուլիս 15, 2016-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ պետական յեղաշրջման փորձ մը, որ ձախողութեան կը մատնուի: Տարբեր վարկածներու հիման վրայ, շատեր կը կարծեն թէ կատարուածը պարզապէս թատերգութիւն մըն էր Էրտողանի կողմէ պատրաստուած, ձերբազատուելու համար իր հակառակորդներէն: 300 հոգիէ աւելի կը մահանան և 2100 կը վիրաւորուին, իսկ հարիւր հազարէ աւելի կը բանտարկուին և աշխատանքէ կը հեռացուին:

 

Օգոստոս 2016

– 6,5 տարողութեամբ երկրաշարժ մը 247 զոհ կը խլէ կեդրոնական Իտալիոյ մէջ: Երկրաշարժը կը պատահի առաւօտ կանուխ, ժամը 3։00-ին, կործանելով մի քանի փոքր գիւղաքաղաքներ:

– Պրազիլի մէջ, Օգոստոս 5-21, տեղի ունեցան ամառնային ողիմպիական խաղերը, ուր Հայաստան արժանացաւ մէկ ոսկի եւ երեք արծաթ մետալի:

 

Սեպտեմբեր 2016

– Հիւսիսային Քորէա կրկին կ՚երեւնայ քաղաքական ասպարէզին մէջ իր հակասական հիւլէական ռազմափորձերով, ահազանգելով համայն շրջանն ու աշխարհը:

 

Հոկտեմբեր 2016

– Մէթիու փոթորիկը, որ սկսած էր հարաւային ամերիկայի ափերէն անցնելով Միացեալ Նահանգներ, կործանելով և աւերելով իր ճամբուն վրայ գտնուող բնակչութիւն և քաղաքներ: Հայիթիի մէջ միայն 1000-է աւելի մեռեալներ եղան, 47 Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կործանուած և կորսուած գոյքի վնասը հասած է 6,5 երկիլիոն տոլարի:

 

Նոյեմբեր 2016

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններ, Նոյեմբեր 8: Պատմական յիշատակելի և անակնկալ իրադարձութիւններու օր մը, որ խախտեց ամերիկացի ժողովուրդի մեծամասնութեան բոլոր համոզմունքներն ու ակնկալութիւնները: Հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ յաղթական կը հռչակուէր Դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի դէմ տարուած պայքարին մէջ, ընտրուելու համար որպէս երկրին 45-րդ նախագահը: Ան իր երդման արարողութիւնը պիտի կատարէ Յունուար 20, 2017-ին, ստանձնելու համար երկրին նախագահական պաշտօնը յառաջիկայ 4 տարիներուն համար:

 

  • Դետկեմբեր 2016

Միացեալ Նահանգներու հիւսիսային շրջաններն ու Գանատա, այս տարի կը տառապին ձիւանմրրիկներու և փոթորիկներու տարափին տակ, ունենալով նիւթական և մարմնական հսկայական վնասներ: 

Իսթանպուլի, Թուրքիոյ, օդակայանին մէջ ահաբեկչական արարքի մը զոհ գացին 38 անձիք և մեծ թիւով վիրաւորներ: Քիւրտական կազմակերպութիւն մը ստանձնեց պատասխանատուութիւնը:

Փարիզի մէջ, Իսրայէլ կրկին կը մերժէ հանդիպիլ Պաղեստինեան պատուիրակութեան հետ, խաղաղութեան նիստի հրաւէրին: Ան կը ռմբակոծէ Դամասկոսի մօտակայ օդակայանի տարածքը:

ԱՄՆ 200 մասնագէտ զինուորներ կ՝ուղարկէ Սուրիա, այնտեղ իր կազմին միանալու համար:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը աւելի իրաւասութիւններ կը պարգեւէ Էրտողանին, որ կոչ կ՝ընէ ԱՄՆ-ի տոլարը փոխանակել թրքական լիրայով և կասեցնել անոր գործածումը:

Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ հզօր պայթիւն մը 25 մեռեալ և 49 վիրաւոր կը խլէ, Ղպտիներու եկեղեցւոյ մը վրայ կատարուած իսլամական ծայրահեղներու յարձակումի մը հետեւանքով:

Սուրիա: Հալէպ քաղաքը լրիւ կ՝ազատագրուի ահաբեկիչներէն: Սակայն Թուտմոր, Փալմիրա քաղաքը կրկին կը գրաւուի նոյն ահաբեկիչներուն կողմէ:

Նիճերիոյ մէջ եկեղեցիի մը տանիքին փլուզումը 160 հոգիի մահուան պատճառ կը դառնայ:

Իրաք: Մուսուլի ազատագրման պայքարը դանդաղօրէն յառաջ կ՝երթայ:

ԱՄՆ-ի առաջին աստղանաւորդ, Ճան Կլէն կը մահանայ 92 տարեկանին:

Թուրքիա և Ռուսաստան կը խորհրդակցին Սուրիոյ հարցով: Առաջինը՝ ներկայացնելով ըմբոստները և հակառակորդները, իսկ միւսը՝ Սուրիական կողմը: (վայ եկած է այն երկրին, որուն ճակատագիրը ուրիշներ պիտի որոշեն):

ԱՄՆ-ի Նորընտիր նախագահ, Տանըլտ Թրամփ կը հաստատուի որպէս 45-րդ նախագահ, քուէարկուներու ներկայացուցիչներու կողմէ:

Պերլինի մէջ, Գերմանիա, ԻՍԻՍ-ի գործակալի մը կողմէ, ինքնաշարժի ահաբեկչական արարքով մը կը մահանան 12 և կը վիրաւորուին աւելի քան 50 անձիք: Արարքը կը յիշեցնէ ամրան Ֆրանսայի մէջ կատարուած նոյնանման ահաբեկչութիւն մը: Այս տարի, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած են տասնեակէ աւելի ահաբեկչական արարքներ, նոր գաղթականներու և իսլամիստ ծայրահեղականներու կողմէ, և Գերմանական կառավարութիւնը զարմանալիօրէն՝ կը ջանայ չքմեղացնել պատահարները ինչ և ինչ պատճառներով:

Թուրքիոյ մէջ կ՝ահաբեկուի Ռուսաստանի դեսպանը, նկարչական ցուցահանդէսի մը բացման առիթով:

Կը յուսանք որ մինչև տարեգլուխ նորանոր պատահարներ չըլլան, ամփոփելու համար այս տարուան ընթացքը և վերլուծելու համար զանոնք:

Հայրենիքին մէջ եղած տարեկան գլխաւոր իրադարձութիւնները յատկանշուեցան՝

Նոր սահմանադրութեան կիրարկումով,  Ապրիլեան Ղարաբաղեան պատերազմին, ռազմական, քաղաքական, մարդկային և ներքին հարցերու հետեւանքներով, «Սասնա Ծռերու» խմբակին ստեղծած ընդվզումներով, Հայաստանի պետական կառավարական վարչական կազմի փոփոխութիւններով, Ղարաբաղեան հարցով Մատրիտեան, ԵԱՀԿ-ի և ՄԻՆՍՔ-ի խմբակներու հետ հանդիպումներով և այլ քաղաքական և դիւանագիտական յարաբերութիւններով, որոնք նպատակ ունէին հայրենիքի տնտեսական, փոխ-յարաբերական, գործակցական և ապահովական պայմաններ ստեղծելու համար:

Միջին Արևելքի պարագան սակայն տակաւին կը մնայ մութ և անկայուն: Այն բոլոր երկիրները, որոնք վայելեցին «արաբական գարնան» «բոյրը», տակաւին կը տառապին վերականգնումի ճիգերով, եթէ առիթ ընծայուի անոնց:

Թունուզ՝ համոզուելով իր ճակատագրին, լուռ ու մունջ կը շարունակէ իր կեանքի ընթացքը, առանց որևէ ակներեւ փոփոխութեան:

Լիպիա՝ կը մնայ յարատև պայքարի դաշտ, քայքայուած պետութեամբ, տնտեսութեամբ և ժողովուրդով:

Եգիպտոս՝ շնորհիւ իր խոհեմ ղեկավար, Ապտըլ Ֆաթահ Էլ Սիսիի խելացի ղեկավարութեան, արագօրէն ձերբազատուեցաւ երկրի ձախող քաղաքականութիւնէն, բարեկարգելով իր տնտեսութիւնն ու վարած քաղաքականական յստակ ուղին:

Եէմէն՝ Լիպիոյ նման տակաւին կը տառապի յարատև ռմբակոծումներէ և ներքին պատերազմով:

Աֆղանիստան՝ երկրին քաղաքական և ռազմական պարագան կը մնայ անփոփոխ, սակայն թմրեցուցիչներու առևտուրը կը վայելէ յառաջխաղացում:

Իրաք՝ երկրին շրջաններու տարբաժանումը կարծէք այլևս իրականութիւն դարձած է:

Ըստ վերջին տուեալներուն, Իրաքեան, Արևմտեան և քրտական ոյժեր կը յառաջանան Մուսուլի ազատագրման պայքարով: Սակայն տակաւին յստակ պատկեր չկայ այդ իրադրութեան:

Սուրիա՝ ինչ դժբախտ երկիր դարձաւ ան: Աշխարհի հրոսակներ, ոճրագործներ, շարքային կրօնամոլներ, ահաբեկիչներ և պատեհապաշտներ խուժած են Սուրիա զայն պատառ-պատառ ընելու տենչանքով: Արեւելք-Արեւմուտք իրար խառնուած են այնտեղ, իւրաքանչիւրը իր շահը փնտռելով երկրին աւերականացած և ամայացած դաշտերուն մէջ: Մինչ այդ՝ ցերեկները գիշերներու վերածուած են ռմբակոծիչներու, հրետանիներու և ռումբերու վայնասունէն և անոնց թափած ահ ու սարսափէն, ծուխէն, մոխիրէն ու մահէն:

Ապագան տակաւին կը մնայ անորոշ Սուրիոյ համար:

Եւրոպա՝ երկիրներու մեծամասնութիւնը կը տքայ գաղթականներու բեռան ներքև, որոնք կը խուժեն այնտեղ Փաքիստանէն, Աֆղանիստանէն, Ափրիկէէն և մանաւանդ՝ Միջին Արևելքէն:

Հազարաւոր զոհեր կը պատահին Միջերկրականի ջուրերուն մէջ ծովամոյն ըլլալով, անօթութիւնէ և հիւանդութիւններէ գաղթականներու հասած երկիրներուն մէջ, և տակաւին կացութիւնը կը մնայ անլուծելի:

Աշխարհի մէջ այսօր՝ միայն տասնեակ երկիրներ կան որտեղ խաղաղութիւն կը տիրէ, իսկ մնացեալին մէջ՝ կոտորած ու աւեր:

Ահաւասիկ համառօտ ակնարկ մը 2016 տարուան իրադարձութիւններուն առնչութեամբ: Երբ կ՝ըսեն թէ «լաւ բան մը չկա՞ր որ յիշուէր». անշուշտ թէ կար, բայց այսքան ցաւալի, այսքան տխուր, այսքան յուսահատ լուրերու ի տես, ի՞նչ ախորժակով ուրախ լուրեր կրնայինք հաղորդել:

Բայց և այնպէս, պէտք չէ յուսահատիլ: 2017-ի սեմին կրկին կը մաղթենք բարօրութիւն և խաղաղութիւն այս աշխարհին, և բոլորին բարի իղձերուն իրականացում:

Շնորհաւոր Նոր Տարի և Սուրբ Ծնունդ:

 

Յակոբ Մարտիրոսեան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ