Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Կարեւոր անկիւնադարձի մը սեմին

Միջազգային քաղաքական աշխարհը այսօր կ՚ապրի անակնկալներու «դարաշրջան» մը, ուր յանուն մեծ-մեծ գաղափարախօսութիւններու, կը հետապնդուին հին մրցակցութիւններ, որոնք կը կարծուէին իրենց ժամանակը ապրած ու մեռած։ Ընդհակառակը, կը շարունակուին կեանքի կոչուիլ պաղ կամ ցուրտ կոչուող պատերազմին հետեւանքները, յեղակարծօրէն աւելի՛ ծայրայեղ, աւելի՛ արմատական ու աւերող։

Բնականաբար, մեր խօսքը այն «գարուններուն» մասին է, որոնք բերին «աշուն» եւ ձիւն «ձմեռ»… Ժողովրդավարութեան ու ռամկավարութեան անուան տակ ժողովուրդներու ազատ կամքի արտայայտութեան դուռեր բացուեցան, որոնք սակայն, այսօր յաճախ վերաճեցան անընդունելի այնպիսի ընդհարումներու՝ կրակի տակ պահելով Միջին Արեւելեան երկիրներն ու հիւսիսային Ափրիկէն, մինչեւ անգամ ահաբեկչութեան սպառնալիքներն ու ալիքները մուտք գործելով «քաղաքակիրթ» Եւրոպա։

Իսրայէլ հանգիստ է, գոնէ արտաքնապէս, ի տես անհանգիստ աշխարհի։ Միացեալ Նահանգներ ներքին թէ արտաքին շահերէ մղուած, աշխարհի դատաւորի զգեստ հագած կը շարունակէ բազմամիլիոն իր ծախսերով ներկայութիւն մը ըլլալ շատ ու շատ երկիրներու կամ միջազգային ջուրերու մէջ…

Հարաւային Կովկասն ու Թուրքիան անմասն չեն մնար միջազգային ցնցումներէն եւ 2017-ն չի խոստանար ոչ մէկ բարելաւում միջազգային քաղաքական ու ռազմական բնագաւառներէն ներս։

Միացեալ Նահանգներու ներքին կեանքէն ներս նոյնպէս տարբեր տարի մը կը սպասուի Յունուարէն ետք։ Թէ այդ տարբերը որքան տարբեր պիտի ըլլայ եւ ո՞ր ուղղութեամբ, օրերը ցոյց կու տան։ Այս երկրին հայ քաղաքացիներուս պարտքն է աւելի՛ գործօն մասնակցութիւն բերել տեղական ընտրական, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ։ Չգոհանալ, չբաւարարուիլ եղածով, թիւ եւ ձայն ունենալով Քալիֆորնիո՛յ մէջ, Ուաշինկթընի՛ մէջ։

Հայաստանի եւ Արցախի ներքին քաղաքական եւ ընկերային վիճակը մտահոգիչ է։ Անցնող տարին շատ բան եկաւ հասկցնելու, թէ արդէն ուշացած ենք բարեփոխելու ներքին ընկերային, տնտեսական ու կենցաղային պայմանները։ Ժողովուրդը հողին վրայ պահելը մեր առաջնային ու միակ նպատակը պէտք է ըլլայ այսօր։ Բարելաւել, բարեկարգել ներքին կեանքը, պատժել պատժելիները եւ սպիտակ յեղափոխութեամբ՝ եղափոխութեամբ, յուսալի ապագայ մը ապահովել հայրենաբնակ ժողովուրդին։

Որքան ալ ոմանց համար անիրական հնչէ ՆԵՐԳԱՂԹ-ը այսօր, մեր ժողովուրդին փրկութիւնը հոն է։ Վերադա՛րձ արմատներուն, վերադարձ հողին, որպէսզի այնքան մը հոն լեցուինք, որ երբ օրը գայ «պայթինք» Հայ Դատի պահանջքով դէպի Վան եւ Ուիլսընեան Հայաստան։

Երազելը հեշտ է, պէ՛տք է պայքարիլ, ինչպէս կ՚ըսէ մեծն Շիրազ։ Իսկ մենք, Մեծ Երազի ուղեկիցներս, ինչո՞վ կը զբաղինք. կը կոտորակենք մեր նուաղած ուժերը յանուն եսապաշտութեան, եւ ինքնասիրահարուածութեամբ՝ մոռնալով հայրենիք եւ ժողովուրդ, կուրօրէն չտեսնելով աչքին գերանը, դիմացինին աչքին շիւղը կը բարձրաղաղակենք։ «Խելքի աշեցէք» հա՛յ ժողովուրդ, խելքի՛, այս ի՜նչ տապլտուք է դէպի անդունդ, դէպի ինքնասպանութիւն։

Այսօր ուժերու գերլարում է անհրաժեշտ հին ու նոր սփիւռքներու միջեւ, հին ու նոր սերունդներու միջեւ, մտածողութեանց միջեւ, գործելակերպերու միջեւ, լսելու եւ դատելու ընդունակութեան միջեւ։ Յարգա՛նք է հարկաւոր մեծին ու փոքրին նկատմամբ, հինին ու նորին, աւանդականին ու նոր մտածողութեան։ Ուժերու գերլարում, այո՛, գեր-լա-րում, որպէսզի մեր ոտքին տակէն չսահին սրբազան լեռան հիւսիս-արեւելեան հողերը, որպէսզի օր մը հասնինք, հասնի՛նք Արարատ լեռան կատարին։

Եւ կրնա՛նք, եւ պիտի՛ կարենանք։

Ամանորեան եւ Սուրբ Ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով, կը շնորհաւորենք մեր ընթերցողներն ու համայն հայութիւնը, մաղթելով արթնամտութիւն, իսկ մեր սիրելի Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններուն՝ անսասանութիւն։

Բարի Նոր Տարի։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ