Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Առաջատար բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի

ՓՐՈՖ. ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

Զարեհ Խրախունի, ժամանակակից հայ գրականութեան առաջատար կարեւոր դէմքերէն մէկը, մահացաւ Նոյեմբեր 27, 2015-ին Պոլսոյ մէջ՝ 89 տարեկանին։

Բախտաւոր եղած եմ զինք մօտէն ճանչնալու թէ՛ Պոլսոյ մէջ եւ թէ՛ Լոս Անճելըս, ուր 1998-ի Դեկտեմբերին մշակոյթի ամսուան տօնակատարութեան՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած հանդիսութեան բանախօսներէն մէկն էի։ Բնականաբար բազմաթիւ առիթներով ալ հանդիպեցանք եւ շատ բան սորվեցայ իրմէ գրականութեան իր սկզբունքներուն ու մանաւանդ իր աշխարհահայեացքին մասին։

Հոկտեմբեր 16, 1926-ին Պոլիս ծնած, Մխիթարեան վարժարան աւարտած է 1945-ին պատուոյ յիշատակութեամբ։ Տարի մը իրաւաբանութիւն ուսանած է, եւ 1951-ին աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանը ստանալով Մագիստրոս Արուեստի վկայական՝ մասնագիտանալով հոգեբանութեան, ընկերաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ճիւղերուն մէջ։ Շրջան մը Փարիզ մեկնելով խորացուցած է իր գիտութիւնն ու հետաքրքրութիւնը գրականութեան մէջ՝ մեծապէս նպաստելով իր գրականութեան խոհական ու նորարական ընդլայնումին։

Խրախունիի առաջին բանաստեղծութիւնը «Յաղթանակը» լոյս տեսած է 1948-ին Մխիթարեան «Սան» ամսաթերթի առաջին թիւին մէջ, երբ 22 տարեկան էր։ Իր քերթուածները երկար ժամանակ մնացած են ձեռագիր վիճակի մէջ, երբեմն լոյս տեսած են մամուլի մէջ, սակայն 60 բանաստեղծութիւններ պարունակող առաջին հատորը հրապարակ իջած է 16 տարի ետք 1964-ին, երբ ինք արդէն 38 տարեկան էր։ Հրատարակած է ընդհանրապէս 30-էն 100 էջերու շուրջ աւելի քան 20 փոքրածաւալ բանաստեղծական գիրքեր, որոնք տպագրուած են Իսթանպուլ, Փարիզ, Լոս Անճելըս, Մոնթրէալ եւ Պէյրութ, իսկ Հայաստանի մէջ 1993-ին լոյս տեսաւ իր «Ազատութիւն» հատորը Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ 211 էջերով՝ Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեանի խմբագրութեամբ։

Ունի 30-ի հասնող արձակ հատորներ – թատրերգութիւններ, թարգմանութիւններ կամ արեւմտահայերէնի վերածումներ, յուշամատեաններ եւ գրականագիտական յօդուածներ։ Իր գործերէն լոյս տեսած են 5 լեզուներու թարգմանուած հատորներ – ֆրանսերէն, գերմաներէն, անգլերէն, վրացերէն եւ ռուսերէն։

Նուիրուած էր ուսուցչութեան ասպարէզին հայկական վարժարաններու մէջ, Էսայեան եւ Կեդրոնական՝ պատրաստելով խումբ մը երիտասարդ բանաստեղծներ, որոնք այսօր գիրքեր կը հրատարակեն, բայց հաւանաբար հայերէնով արտայայտուող վերջիններն են։

Արժանացած է զանազան գրական մրցանակներու՝ Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի, Էլիզ Գաւուքճեան Ֆրանսահայ Գրողներու, ԹՄՄ-ի Հայկաշէն Ուզունեան, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Վազգէն Կաթողիկոսի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանին 1984-ին։

Իր քերթողագիրքերն են.

«Քար կաթիլներ» 1964, «Ես եւ ուրիշներ» 1964, «Լուսնապարտէզ» 1968, «Ստուեր եւ արձագանգ» 1973, «Տօնակարգ» 1973, «Զբօսապտոյտ» 1978, «Ամպ ու աւազ ափերուս» 1982, «Դիւցազնահանդէս» 1984, «Ուղիներ» 1987, «Ազատերգութիւն» 1993, «Սրտի Խօսք» 1996, «Քար Հայաստանի» 1997, «Արի Արքայն» 1997, «Շեղբի վրայ ճարտարախաղ» 1998, «Ծաղիկներու պէս» 2000, «Դատապարտում» 2001 եւ ուրիշներ։

 

Ժամանակաւոր տեղքայլ

Եղեռնէն վերապրող սերունդը բնականաբար ընկերային պայմաններու պատճառով նախ անձնական, ընտանեկան եւ վերականգնումի աշխատանքին պիտի լծուէր ու կեանքի անհաւասար գուպարին մէջ օրն ի բուն պիտի մարտնչէր կայուն գոյութիւն մը ապահովելու համար։

Մշակոյթն ու գրականութիւնը գէթ ժամանակաւորապէս իրենց տեղերը պիտի զիջէին հանապազօրեայ հարցերու – ապրուստ, առողջութիւն, ուսում, ընտանիքի վերապրում եւ այլն։

Սակայն հազիւ տասնամեակ մը կամ քիչ մը աւելի պիտի տեւէր այս տեղքայլը գրականութեան կալուածին մէջ, ու կամաց-կամաց պիտի լսուէին անունները Համաստեղին, Բենիամին Նուրիկեանին, Արամ Հայկազին՝ Ամերիկայի մէջ, Շահան Շահնուրին, Նիկողոս Սարաֆեանին ու Որբունիին՝ Ֆրանսայի մէջ, 1925-էն 1935 շրջանին։ 30-ական թուականներուն Միջին Արեւելքի մէջ գիրքերով հրապարակ պիտի իջնէին Անդրանիկ Ծառուկեան, Վահէ-Վահեան, Մուշեղ Իշխան, Ժագ Յակոբեան եւ ուրիշներ՝ գրեթէ բոլորին ալ կազմաւորման մէջ դեր պիտի ունենային Յակոբ Օշական, Նիկոլ Աղբալեան, Վահան Թէքէեան, Շահան Պէրպէրեան եւ Լեւոն Շանթ, որոնք կը բնակէին Միջին Արեւելքի այդ շրջաններուն մէջ, եւ գրական գործեր արտադրելէ բացի բարեբախտաբար ուսուցչութեան ասպարէզ մտած էին եւ սերունդներ պատրաստած էին։

Սակայն, երբեմնի Պոլիսը կամ Իսթանպուլը հասկնալի եւ նոյնիսկ ընդունելի պատճառներով քիչ կը շարժէր։ Որոշ շարժումի մը նախաքայլերը կը լսուէին – Զոհական 1922-ին, կը հրատարակէր «Մեծ պատրանքը», Արեգ Տիրազան 1928-ին՝ «Արիւն եւ ծաղիկներ», Յակոբ Մնձուրին 1931-ին՝ «Երկրորդ ամուսնութիւն», Բագրատ Թեւեան 1931-ին՝ «Խօսուն Մերրիկ», Գուրգէն Թրենց 1934-ին՝ «Աշուղական», Ատրինէ Տատրեան 1937-ին եւ ուրիշներ, ոմանք ալ քայլեր կը նետէին աշխատակցելով «Ազդարար», «Ժամանակ», «Պատկեր», «Հայ Կին» եւ այլ թերթերու եւ պարբերաթերթերու, ինչպէս Թորոս Ազատեան, Խաչիկ Ամիրեան, Սոնա Մարգարեան-Թնկրեան, Վարուժան Աճէմեան, Աւետիս Ալեքսանեան եւ ուրիշներ։

Եղեռնէն քիչ մը առաջ կամ ալ այդ օրերուն Իսթանպուլ ծնած սերունդը, որ այժմ կ՚ապրէր քաղաքական եւ ընկերային տարբեր պայմաններու մէջ եւ ունէր տարբեր հայեացքներ եւ տեսակէտներ, սկսած էր գեղարուեստական գրականութեան սահմաններուն մէջ մնալ՝ իւրաքանչիւրը իր հասկցած ձեւով, իր ըմբռնումով, երբեմն անհաւասար տաղանդով, առաւելաբար անցեալէն մնացած քիչ մը կաղապարուած արտայայտչական ձեւերով։ Յամենայնդէպս, կարեւորը այն էր որ զգալի ճիգ մը կար, շարժում մը սկսած էր եւ գրեթէ բոլոր մտաւորականներն ալ ըսելիք ունէին։

Անշուշտ նկատի պիտի ունենանք հիմնական հարցը – թրքական գաղտնի ոստիկանութեան շուքը, որ միշտ ներկայ էր, կասկածամտութիւն մը հիմնաւորուած էր եւ որմէ խուսափիլը շատ դժուար էր։ Նոյնիսկ հայ մտաւորականներ բանտ դրուած էին իրենց գաղափարախօսութեան համար։ Ազատութեան բացակայութիւնը մասնաւորաբար մտաւորականներուն թռիչքները կ՚արգելակէր ու գիտենք որ մտաւորականը, գեղանկարիչը, յօրինողը, արուեստագէտը պիտի ըլլայ ազատ, որպէսզի կարենայ իր կարողականութիւնը ամբողջութեամբ արտայայտել եւ լուսաւորել նաեւ շրջապատը՝ անկաշկանդօրէն։

 

Նոր անուններ

Բարեբախտաբար, 40-ական թուականներուն այլեւս հին սկզբունքներէ ձերբազատուած, Պոլսոյ մէջ նոր անունները սկսան ուռճանալ ու երեւիլ, բացուիլ ի լոյս աշխարհին՝ թրքական ժամանակակից մտաւորականութեան համընթաց։ Թուրք գրականութեան Ղարիպ Շարժումը – մասնակցութեամբ Օքթայի Ռիֆաթի, Մելիհ Անտայի եւ Օրհան Վէլիի – իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ 40-ական թուականներու բանաստեղծութեան վրայ՝ տարածելով պարզ գրելու սկզբունքը մանաւանդ Թուրքիոյ մէջ։ Պէտք է աւելցնել, որ 40-ական թուականներուն թրքական քերթողութիւնը ազդեցութեան տակն էր ֆրանսական ժամանակակից, քիչ մըն ալ ռուսական արդի յառաջապահներու արուեստին։

Հայ գրողները որոնք քաղաքական, ընկերային, մտաւորական գաղափարախօսական հանգիտութիւններ ունէին տեղացի գրողներու հետ, քիչ մը ներշնչուեցան եւ ուժ առին, բացին պատուհանները նոր շունչ առնելու եւ այդ շունչը փոխանցեցին ընթերցողներուն։ Անոնք չէին կրնար անմասն մնալ այդ ընդհանուր շարժումէն, որովհետեւ ի վերջոյ հոգեկցութիւն ունենալով այդ գրողներուն հետ, յղացքը եւ համարձակութիւնը պիտի ունենային իրենք եւս խիզախօրէն արտայայտուելու, սակայն դիմելով ոճի այնպիսի մակարդակի մը, որ ձեւով մը գաղափարախօսականը թեթեւօրէն պիտի վարագուրուէր՝ դրսեւորելու համար ընկերային խոտելի երեւոյթները՝ ժողովուրդին առօրեայի մտահոգութիւնները շեփորելով մատչելի լեզուով։

Հայ մտաւորականները, որոնք ծնած էին 20-ական թուականներուն – Հայկազուն Գալուստեան 1920, Զաւէն Պիպեռեան 1921, Երուանդ Կոպէլեան 1923, Զահրատ 1924, Ռոպէր Հատտէճեան 1926, Զարեհ Խրախունի 1926 եւ ուրիշներ – կը ներկայացնէին նոր սերունդ մը, որ նոր ուղղութիւն մը պիտի կազմաւորէր, նոր եւ կարեւոր շարժում մը պիտի կերտէր ոչ միայն պոլսահայ գրականութեան, այլեւ ընդհանրապէս հայ գրականութեան մէջ։

Այդ գրողները պիտի դիմէին գրական նոր ձեւերու եւ միջոցներու, այսինքն ոճի նոր մակարդակ մը ստեղծելու՝ առատօրէն օգտագործելով խորհրդանշաններ, որոնք իրենց պարզութեան մէջ անգամ յայտնութենական տարազ պիտի ստանային։

Հայկազուն Գալուստեանի, Կարպիս Ճանճիկեանի եւ Ա. Շաւարշի քայլերը կրնային մնալ նախնական վիճակի մէջ եւ հոսանքը կրնար դադրէր, եթէ չյայտնուէին հրապարակի վրայ տաղանդաւոր նոր դէմքեր – Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Ռոպէր Հատտէճեան, Զաւէն Պիպեռեան, Վարդ Շիկահեր, Իգնա Սարըասլան եւ ուրիշներ։

Ուրեմն, այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ շնչեց եւ ուռճացաւ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին, իսկական անունով Արթօ Ճիւնպիւշեան, որ ոչ միայն այս նոր շարժումին մաս կազմեց, այլ եղաւ գրական այս հոսանքին կազմակերպիչը, դրօշակակիրը, տեսաբանը, նաեւ՝ մղիչ ուժը։ Իր ստեղծագործութիւններով եւ առաւելաբար իր արձակ բացատրողական յօդուածներով, ան կը բիւրեղացնէր այդ շարժումին գեղագիտական ու գրականագիտական կերպարը, գրական հանգանակը, էատարրը։ Վերացականը թանձրացնել, սեղմել, կոճկել, փնտռել ու գործածել պարզ թուացող խորհրդանշաններ, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլար արտայայտել նոր մօտեցումով երեւոյթներն ու անոնց երանգները՝ հասնելու համար բուն սկիզբին – ճշմարտութեան։

«Բանաստեղծութիւնը մեզի ծանօթ բաներու մասին պիտի խօսի, զանոնք բացայայտօրէն գործածելով իբր խորհրդանշաններ, այնքան ընդհանուր, որ ընթերցողը ազատ ըլլայ իր մեկնաբանութիւններուն մէջ, բայց նաեւ այնքան պայծառ, որ ան չխարխափէ առեղծուածի աղջամուղջին մէջ», կ՚ըսէ Զարեհ Խրախունի իր տեսաբանական «Մայր գիծը» յօդուածին մէջ՝ յստակ, պարզ եւ հասկնալի, «Թօ» պարբերաթերթին մէջ, զոր կը հրատարակէին ու կը խմբագրէին Վարդերես Գարակէօզեանն ու Մկրտիչ Մարկոսեանը 1959-ին։

Բանաստեղծ Խրախունիին համար քերթողական արուեստը ամէն բանէ առաջ պէտք է որ ուղեղի բովէն անցնի, քանի որ ստեղծագործական արարքը ներաշխարհ մը արտաբերելու եւ զայն մատուցելու մտային աշխատանք է ու մանաւանդ ծրագրուած աշխատանք՝ հիմնաւորուած արտաքին աշխարհի երեւոյթներուն վրայ, այսինքն բանաստեղծին հոգիէն եւ անձէն դուրս գտնուող, բոլորին տեսանելի խորհրդանշաններու վրայ, արտաբերելու համար այն բոլորը, որ կուտակուած է ստեղծագործին հոգիին ու միտքին մէջ։

Խրախունի շեշտաւորեց «Առարկայական խորհրդանշապաշտութիւն»ը, որ հարստացուց հայ քերթողութեան աշխարհը իր այս ըմբռնումով։ Որոշ մտաւորականներ դժբախտաբար կը գործածեն «Առարկայական խորհրդապաշտութիւն» բացատրութիւնը որ նոյն իմաստը չունի ինչ որ ունի «Խորհրդանշապաշտութիւն»ը, որ աւելի կը նրբացնէ սկզբունքը։

Խրախունի, որ իր աւարտաճառը գրած է համաշխարհային հանրածանօթ ֆրանսացի փիլիսոփայ Անրի Պերկսոնի մասին, բնականաբար նաեւ ազդուած պիտի ըլլար Պերկսոնէն, ինչպէս ինք կը հաստատէ, մանաւանդ բնութեան նկատմամբ ունեցած իր տարողունակ կեցուածքով։

Հայ մտաւորականներէն շատերու կարգին մասնաւորաբար կը սիրէ Նարեկացին, Դանիէլ Վարուժանը, Մատթէոս Զարիֆեանը, ու մանաւանդ Վահան Թէքէեանը։

Քիչ մը եւս խորանալով, կը նշմարենք որ Խրախունիի կազմաւորած տեսաբանութեան մէջ կարեւորագոյն շերտը այդ խորհրդանշաններուն կարելի եղածին չափ առարկայական ըլլալն է, որովհետեւ խորհրդանշաններն անգամ ենթակայական կրնան ըլլալ եւ կրնան ունենալ յարաբերական իմաստներ, որոնք կը տարբերին անձէ-անձ՝ ենթակային մտային ու մտաւորական պատրաստութեան եւ փորձառութեան վրայ հիմնուած։ Ոգեղինացած երեւոյթները թանձրացնող եւ առարկայացնող բանաստեղծը ունենալու է իսկական պատրաստութիւնը, որպէսզի անցնի պարզ երեւոյթներէն անդին՝ հասնելու բան ստեղծելու բարձր ոլորտին, որուն հասած է Խրախունին։

Երբ կը գրէ իր մասին կամ կը գործածէ իր դերանունը՝ նկատի պէտք է առնել, որ միայն իր մասին չէ որ կ՚արտայայտուի, այլ նկատի ունի նաեւ նոյն վիճակի մատնուածները եւ յաճախ ամբողջ մարդկութիւնը։

Ան իր նիւթերը կ՚առնէ գրեթէ ամէն տեղէ – առօրեայ կեանքէն, անձնական թէ ընդհանրական երեւոյթներէ, քաղաքական ու ընկերային հարցերէն, հայութիւնը յուզող խնդիրներէն։ Ան կ՚օգտագործէ որոշ ձեւեր, միջոցներ, պատկերներ, փոխյարաբերութիւններ, խորհրդանիշեր, հեռու մաշած ու հինցած կրկնութիւններէ՝ միշտ նորին հետամուտ ու նորին ձգտող։

Իր բոլոր հատորներն ալ ծրագրուած գործեր են, կազմակերպուած աշխատանք պահանջող, միշտ մնալով առարկայական խորհրդանշաններու սահմաններուն մէջ, «առարկային» բոլոր հնարաւոր կարելիութիւնները դրսեւորելով, միշտ նորութիւն մը հրամցնելով։

Կեանքի տարբեր երեւոյթները իր աչքէն չեն վրիպիր, ըլլան անոնք պարզ կամ խրթին, ինչպէս հետեւեալը.

 

Ծորակ

Երբ ծորակն է աւրուած

Մէկ կողմէ

Կաթիլ կաթիլ ծով կ՚ըլլայ

Միւս կողմէ

Ոչ լիճ ոչ ծով կը դիմանայ

Եւ կամ ալ

Ջրամբարը բերնէ բերան

Այդպէս լեցուն կը մնայ

Եւ անդին

Մարդիկ ծարաւ

Դաշտերն երաշտ

Կը մահանան կը կենան։

 

Պարզութեան մէջ գեղեցիկ պատկերներու կը հանդիպինք իր գործերուն մէջ։ Դիտելու, զննելու եւ մեկնաբանելու, վերատեսնելու սուր աչքեր ունի Խրախունի իր բոլոր գործերուն մէջ, կը նշմարենք ապրելու խորհուրդին փնտռտուքը եւ կեանքը սիրելու ու զայն լիովին ապրելու մօտեցումը ազատութեան մէջ՝ առանց ճնշումի։

Նիւթը զարգացնելու աստիճանումի որոշ յատկութիւն ունի բանաստեղծը, որ տող առ տող, հիմնականը կը յստակացնէ, տարբեր շերտեր կ՚աւելցնէ, տարբեր երանգներ կը գտնէ ըսելու համար իր խօսքը՝ վերջին տողին կամ վերջին քանի մը տողերուն մէջ, այսպէս.

 

Զաւեշտ

Երբ զաւեշտը վերջանայ

Ծափն ու խնդուքն ալ դադրին

Վարագոյրը կը գոցուի

Բեմին վրայ – մեր վրայ

Ու դռները կը բացուին

Նոր զաւեշտ մը կը սկսի

Ուրիշներուն եւ մեզի

Բեմին վրայ – բեմէն դուրս։

 

Իր կարեւոր երկերէն մէկն ալ կը կոչուի «Արի Արքայն», որ կը ներկայացնէ Արտաշէս թագաւորին եւ պարսից արքայ Միհրդատին տարած յաղթանակը Գուշաններուն եւ Մարերուն դէմ։ Դիւցազնային պատմութիւն վկայագրող այս գրքոյկը (33 էջ) ազգային ձգտումներու հեռարձակ լաւագոյն նմոյշ մըն է հրատարակուած 1998-ին։

Հատորներէն մէկը կը պարունակէ իր բանաստեղծութիւններուն վրայ յօրինուած երգերուն նոթաները, հեղինակութեամբ Սիրվարդ Գարամանուկեանի, Գոհարիկ Ղազարոսեանի, Սուսաննա Մելքումեանի եւ այլոց։

Խրախունիի կարեւոր յատկանիշներէն մէկն ալ հայերէն լեզուի հանդէպ ունեցած իր ակնածանքն է եւ զայն կը գործածէ բծախնդրօրէն՝ օգտագործելով բոլոր հնարաւորութիւնները։ Լեզու մը, որուն բոլոր կարելիութիւնները շարժման մէջ դնելն է, միտքերու սեղմումն է, մտածուած նոր բառակապակցութիւններ ստեղծելով – նոյնիսկ իր հատորներու խորագիրներուն մէջ – Լուսնապարտէզ, Տօնակարգ, Դարապատում, ինչպէս նաեւ հոգեձանձրոյթ, յուշատեսիլ, կարօտերգ, ազատերգութիւն, ձիւնանուագ, եւ այլ բառեր՝ ստեղծելու համար խտութիւն մը, թարմատար բառերէ խուսափելով, որպէսզի պատկերը չըլլայ բեռնաւորուած աւելորդ վերադիրներով։

Խրախունի հայոց պատմութեան մօտէն ծանօթ մտաւորականն է, որ անցեալն ու ներկան կը շաղախէ անպայման միջազգային քաղաքակրթութիւնը հայկականին հետ՝ կապ մը կամ կամուրջ մը ստեղծելով, շատ աւելի տարողունակ դարձնելով իր քերթողութիւնը։ Հայրենիքի հանդէպ ունեցած իր յստակ գիտակցութիւնը եւ անպարագիծ սէրը կը բարձրացնէ զայն համաշխարհային մակարդակի այնքան տրամաբանականօրէն, որ համակեցումի պարզ վիճակ մը կը ստեղծէ։ Ահաւասիկ օրինակ մը.

 

Մինչ ասիկա հայրենիք է

Քանի՜ անգամ օտար լուծի տակ կքած

Յետոյ դարձեալ արեան գինով եւ հրաշքով վեր կանգնած

Վերջին բերդը – միջնաբերդը՝ իբր ապրող ազգ գոյութեան

Միակ յոյսն է

Միակ լոյսն է յառած գալիք դարերուն

Յաւերժափառ Հայաստան։

 

Խրախունի ազատ տաղաչափութիւն գործածելով հանդերձ, իր տողերը չափերու եւ վանկերու ճոխութեամբ, ձայնային համերաշխութիւն մը կը ստեղծեն։ Ունի կարճ եւ երկար տողեր – 4-3, 4-4, մինչեւ 4-4-4-3 եւ այլ վանկաւորումներ, երբեմն մէկ տողի մէջ գործածելով մինչեւ 18 եւ 20 վանկ՝ միշտ երաժշտականութիւն ստեղծելով, միշտ հեզասահ։

Խրախունի իր փիլիսոփայական միտքը յստակացնելու համար հակադրութիւններով պատկերներ կը ստեղծէ, կարճ եւ կտրուկ, որպէսզի ընթերցողին յիշողութիւնը զօրացնէ, նաեւ՝ գաղափարին իմաստը շեշտաւորէ, այսպէս.

 

Հաշիւով պիտի ընես ամէն բան

Հաշիւով պիտի ուտես

Հաշիւով պիտի խմես

Հաշիւով պիտի ելլես եւ

Ամէն ինչ հաշիւով

Սարսափելի հաշուագէտ պիտի կտրիս ամէն տեղ

Ապա թէ ոչ՝ հաշիւդ շուտ կը մաքրեն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ