Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Գրախօսութիւն Միրզա Ատիկէօզալ-Պէկ, «Ղարաբաղ-Նամէ»

ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

 

Գրախօսուող գիրքը տպագրուած է արցախեան ճակատներուն վրայ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն՝ Հ. Հ.-ի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի Գիտական Խորհուրդին որոշմամբ: Խմբագիրն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արմէն Մալխասեանը: Հրատարակութիւնը նախատեսուած է պատմաբաններուն, արեւելագէտներուն եւ ընթերցող լայն հասարակայնութեան համար:

Սոյն գիրքով հրատարակուած է Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ պահպանուող թիւ 4463 ձեռագիրը, որ այսօր ատրպէյճանցի կոչուող հանրոյթին պատկանող գրագիր Միրզա Ատիկէօզալ-Պէկի հեղինակածին գրաբար թարգմանութիւնն է: Ան կը ներկայացնէ Արցախին եւ յարակից տարածքներուն մէջ 1730-1820-ական թուականներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար՝ Ղարաբաղի խանութեան կազմաւորումն ու հզօրացումը Խամսայի հայկական մելիքութիւններու թուլացման հաշուին, Ղարաբաղի Փանահ, Իպրահիմ եւ Մեհտի-Ղուլի կոչուած խաներուն նենգ եւ խաբեպատիր ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի մեծ մասամբ թրքացեղ միւս կառավարիչներուն՝ Նախիջեւանի, Գանձակի, Շաքիի, Շիրվանի, Նուխիի, Պաքուի խաներուն եւ Վրաստանի թագաւորներուն նոյնպիսի քաղաքականութիւնները, ռուս-պարսկական մրցակցութիւնը եւ անոնց՝ տարածաշրջանին տիրելու կամ տիրութիւնը պահպանելու համար մղած պատերազմները: Անցքերուն պատումը կը սկսի 1736 թ. Նատիր շահի գահակալութեամբ եւ կ’ընդգրկէ գրեթէ հարիւր տարի՝ աւարտելով 10 (22) Փետրուար 1828-ին Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ կնքուած Թիւրքմէնչայի հաշտութեան պայմանագիրով, որով հաստատուեցան այն սահմանները, որոնք, շատ քիչ փոփոխութիւններով, կը գոյատեւեն առ այսօր:

Աշխատասիրող Արտակ Մաղալեանը Արցախի 17-19-րդ դարերու պատմութեան մեր լաւագոյն մասնագէտ պատմաբաններէն է այսօր: Ան արդէն հրատարակած է քանի մը մենագրութիւն, նաեւ լոյս ընծայած բազմաթիւ գիտական յօդուածներ հայրենի եւ սփիւռքեան հայագիտական հանդէսներու ու ժողովածուներու մէջ: Գրախօսուող գիրքին սկիզբը ան հրատարակած է գիտական ներածութիւն մը՝ «Միրզա Ատիկէօզալ-Պէկի «Ղարաբաղ-Նամէ» Աշխատութիւնը» վերնագիրին տակ (էջ 3-32), որու սկիզբը ան կը ներկայացնէ հեղինակին կենսագրութիւնը: Միրզա Ատիկէօզալը 1799-ին ծառայութեան մտած է վրաց արքունիքին մէջ, ապա անցած տարածաշրջանին մէջ թափով յայտնուած ռուսերուն ծառայութեան, մասնակցած 1804-1813 եւ 1826-1828 թթ. ռուս-պարսկական պատերազմներուն՝ իբրեւ գրագիր ռուսական զօրամասերուն մէջ: Ռուսերուն հաւանութեամբ, 1816-1822-ին գտնուած է Ղարաբաղի Մեհտի-Ղուլի խանի ծառայութեան մէջ՝ մինչեւ վերջինիս հերթական դաւաճանութիւնը ռուսերուն եւ փախուստը դէպի Պարսկաստան 1822-ին: 1823-1826-ին եղած է ռուսական բանակի կազմին մէջ Արցախի սահմանապահ ուղեկալներէն մէկուն հրամանատարը: 1829-ին կամ 1830-ին զօրացրուած է եւ իբրեւ գրագիր աշխատած Ղարաբաղի գաւառական դատարանին մէջ: 1845-ին հեղինակած «Ղարաբաղ-Նամէ»-ն ան գրած է ռուսերուն պատուէրով՝ անոնց համար ամփոփելով 1730-1820-ական թուականներու անցքերը Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ:

Այնուհետեւ Արտակ Մաղալեանը կ’անդրադառնայ աշխատութեան հայերէն թարգմանութեան առնչուած հարցերու: Կը պարզուի, որ նախապէս հայերէնով լոյս տեսած են այս պատմական սկզբնաղբիւրի միայն 7-րդ եւ 8-րդ գլուխները՝ Ռուզան Տիտանեանի կազմած «Հայկական Աղբիւրները Աղա Մուհամմատ Խանի Անդրկովկասեան Արշաւանքների Մասին» գիրքին մէջ (Երեւան, 1981), ինչպէս նաեւ իր՝ Ա. Մաղալեանի հրատարակութեամբ՝ երկին առաջին երեք գլուխները Վիեննայի «Հանդէս Ամսօրեայ»ի 2011-ի թիւին մէջ: Սոյն գիրքը երկի հայերէն ամբողջական առաջին հրատարակութիւնն է:

Ներածութեան մնացեալ մասը նուիրուած է բուն երկի արժեւորման, թէեւ կառուցուածքային առումով աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ներածութեան վերջին էջերը, որոնք կը վերաբերին երկի՝ ուրիշ լեզուներով հրատարակութիւններուն, տեղափոխել հայերէն հրատարակութեանց մասին գրութենէն անմիջապէս ետք: «Ղարաբաղ-Նամէ»-ն առաջին անգամ լոյս տեսած է ռուսերէն թարգմանութեամբ, 1950-ին, Պաքուի մէջ: Այդ թուականներուն արդէն իրենք իրենց ատրպէյճանցի կոչող այս ջոլիրին պատկանող «գիտնական»ները չէին կրնար դաւաճանել իրենց էութեան եւ խեղաթիւրումներու չդիմել: Անոնք Ատիկէօզալի շարադրանքին մէջ կատարած են ձեռնածութիւններ, աւելի ստոյգ՝ «մի շարք կրճատումներ եւ բացթողումներ». «հիմնականում կրճատուել են հայութեանն ու հայ գործիչներին վերաբերող տեղեկութիւնները»,- կը գրէ Ա. Մաղալեանը (էջ 29): Այս հայերէն հրատարակութեան մէջ տպուած են այդ զեղչուած հատուածները, որոնց պարզ քննութիւն իսկ ցոյց կու տայ, թէ ատրպէյճանցի պատմակեղծարարները ռուսերէն հրատարակութենէն հանած են հայոց քաջագործութիւնները եւ իրենց նախնիներուն վայրագութիւնները նկարագրող շատ հատուածներ, երբեմն՝ նոյնիսկ ամբողջ էջեր (եւ ըսել թէ այս բոլորը կը կատարուէին սովետական կոչուող պետութեան մէջ, ուր իբրեւ թէ կը գերիշխէին ժողովուրդներու բարեկամութիւնն ու արդարութիւնը…): Երկը ատրպէյճաներէնով առաջին անգամ լոյս տեսած է… 1989-ին՝ «Ղարաբաղնամէլեր» երկհատորեակի առաջին հատորին մէջ, որ, ինչպէս դիպուկ կերպով նկատել կու տայ Արտակ Մաղալեանը, հրատարակուած է «Ղարաբաղեան հիմնահարցի սրման շրջանում եւ կրում է ակնյայտ քարոզչական բնոյթ» (էջ 30): Երկի անգլերէն թարգմանութիւնը կատարած է եւ զայն 2004-ին Քալիֆորնիոյ Քոսթա Մեսա քաղաքին մէջ հրատարակած է ամերիկահայ հայագէտ Ճորճ Պուռնութեանը՝ Պաքուի 1950 թուականի եղծուած հրատարակութեան հիման վրայ՝ բացթողումները փորձելով լրացնել բռնի իսլամացուած հայազգի պատմագիր Միրզա Եուսուֆ Ներսէսովի «Թարիխ-է Սաֆի» («Ճշմարտացի Պատմութիւն». հայերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է Երեւանի մէջ, 2000-ին, Քրիստինէ Կոստիկեանի աշխատասիրութեամբ) երկի հաղորդած տեղեկութիւններով, ինչի պատճառով, Ա. Մաղալեանի համոզմամբ, անգլերէն թարգմանութիւնը «անխուսափելիօրէն հեռացել է երկի բնագրից» (էջ 31):

Միրզա Ատիկէօզալ-Պէկի «Ղարաբաղ-Նամէ» աշխատութեան բովանդակութեան իր գնահատականին մէջ, Արտակ Մաղալեանը իրաւացիօրէն կը գրէ, թէ քոչուոր ճիւանշիր ցեղի սարըճալու ճիւղի ցեղապետ, աւազակ Փանահի Արցախի մէջ յայտնուելով, հայոց հայրենիքի այդ հատուածին մէջ «սկսուեց այլացեղ եւ այլակրօն էթնիկ տարրի ներթափանցումը» (էջ 15), ինչին, իր աւատապետական գձուձ հաշիւներով նպաստեց Վարանդայի մելիք, մայրը թրքուհի Մելիք Շահնազար Բ.-ը: Այս ծիրին մէջ, Ա. Մաղալեանը կ’անդրադառնայ ՅՈՅԺ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ փաստի մը, որու մասին թէ՛ ինք եւ թէ՛ այս տողերը գրողը քանի մը անգամ բարձրաձայնած են նախորդ տարիներուն, սակայն լսող ականջներ չեն գտած Հ.Հ.-ի եւ Լ.Ղ.Հ.-ի պետական եւ հայագիտական շրջանակներուն մէջ: Արդարեւ, հայկական միջավայրին մէջ յայտնուած են կերպարներ, որոնք բացայայտօրէն կը պաշտպանեն այս դաւաճան մելիքին անգոյ «պատիւ»ը՝ անոր վարքագիծը ներկայացնելով իբրեւ «դիւանագիտութիւն», նոյնիսկ, չզարմանաք, այլացեղ այս խաժամուժին ներկրումով Արցախի անկախութիւնը հզօրացնելու խելամիտ քաղաքականութիւն…: Ա. Մաղալեանը այս վարքագիծը կը բնութագրէ «պարզունակ պատմաշինարարութիւն» (էջ 11), մինչդեռ զայն պէտք է յստակօրէն կոչել ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ. դաւաճաններ արդարացնելն ու անոնց շուրջ լուսապսակ հիւսելը նոյնպէ՛ս դաւաճանութիւն է, եւ մեր օրերու եւ յետագայի հաւանական դաւաճանութիւններու «արդարացման» փորձ՝ «դիւանագիտութիւն» լպրծուն հասկացութեան տակ ծածկելով: Իսկ որո՞նք են լծուած այդ անշնորհակալ գործին: Ա. Մաղալեանը անոնց անունները կու տայ էջատակի ծանօթագրութեամբ՝ նշելով անոնց մականուններն ու անուան առաջին սկզբնատառերը, որու պատճառով անոնց ինքնութիւնը մինչեւ վերջ չի բացայայտուիր, մինչդեռ անոնք արժանի են յականէ յանուանէ գամուելու անարգանքի սիւնին:

Եւ տեսէ՜ք թէ որոնք են դաւաճան մելիքի մերօրեայ «փաստաբան»ները. պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի «Բանբեր Հայագիտութեան» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Փաւել Չօպանեանը (որ իր այս ցաբռտուքները հրապարակած է մինչեւ իսկ հայոց բանակի պաշտօնաթերթ «Հայկական Բանակ» հանդէսի յաւելուածն եղող «Աշխատանքային Տետրեր» պարբերականին մէջ, որու խմբագրութեան պատասխանատուն է Հ.Հ.ի բանակի գեներալ-մայոր (զօրավար), քաղաքագիտութեան դոկտոր, երկու որդիները Հ.Հ.ի բանակին մէջ չծառայած եւ արտասահմանի մէջ ապրող, Կոմկուսի երբեմնի բարձրաստիճան պաշտօնատար Հայկ Քոթանճեանը…), Լ.Ղ.Հ.-ի նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը եւ միջազգային հարցերու լրագրող, մոսկուաբնակ Արսէն Մելիք-Շահնազարովը: Առաջին երկուքին պարագային, ոչ մէկ կերպ արդարանալի է անոնց գտնուիլը գիտական եւ պետական կարեւոր պաշտօններու վրայ: Հետեւաբար, Ազգային Ակադեմիան աշխարհի կողմէ Լ.Ղ.Հ.-ի անկախութեան ճանաչումն ու ատրպէյճանական վայրագութիւններու դատապարտումը պահանջելէ առաջ, պարտաւոր է մաքրել սեփական աւգեան ախոռները՝ մանաւանդ մելիքշահնազարներու դաւաճանութիւնը իրենց արեա՛մբ մաքրող մեր հին ու նոր նահատակներու արիւնը պղծողներէն: Նոյնը կը պահանջուի նաեւ Լ.Ղ.Հ.-ի ղեկավարութենէն (Դաւիթ Բաբայեանի «Ղարաբաղի Խանութեան Քաղաքական Պատմութիւնը 18-րդ Դարի Արցախեան Դիւանագիտութեան Համաշարադրանքում» ռուսերէն կեղծարարութիւն-գիրքը (Երեւան, 2007) ատենին խստօրէն քննադատուեցաւ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ, եղան միմիայն դատապարտող գրախօսութիւններ եւ ուրիշ ելոյթներ, որոնց շարքին՝ տողերս ստորագրողին կողմէ, սակայն՝ ասողին լսող է պէտք…):

«Ղարաբաղ-Նամէ»-ի շարադրանքը կը գրաւէ գիրքին 35-137-րդ էջերը: Յետագային ատրպէյճանցի կոչուածներու պիղծ ցեղին պատկանող հեղինակը չի կրնար խուսափիլ ներկայացնելէ իր ցեղակից արիւնարբու խաներուն վայրագութիւնները հայոց, ռուսերու եւ նոյնիսկ իրենց ցեղակիցներուն նկատմամբ, մէկ խօսքով՝ երեւան հանելու անոնց գազանային իսկական բնազդը: Ամէնուրեք խարդաւանքներ, պատեհապաշտական դիրքորոշումներ, վայրագութիւններ՝ ուղեկցուած նենգութիւններով, խորամանկութիւններով եւ ուխտադրժութիւններով: Օրինակ, Ղարաբաղի Փանահ խանը իրեն հիւր գացած Ջրաբերդի Մելիք Ալլահղուլի Սուլթանը սպաննել կու տայ հիւրընկալի իր յարկին տակ՝ անսալով իր մօտ նոյն օրերուն հիւրընկալուած Նախիջեւանի խան Հէյտար-Ղուլիի յորդորին՝ չփախցնել պատեհ առիթը. «Տասը աղքատ կրնան մէկ անկողինի մէջ պառկիլ, բայց երկու երկրի արքաներ չեն կրնար մէկ տեղ ըլլալ»,- «կը փիլիսոփայէ» Հէյտար-Ղուլին, ու կ’աւելցնէ. «Արժան է զնա ճարակ սրոյ տալ եւ բառնալ ի կենաց, եւ այն այժմ իսկ աստանօր ի յԱմարաս»,- կը յորդորէ Նախիջեւանի թուրք խանը (էջ 50): Գրեթէ նոյն նենգութեամբ կը վարուի Պաքուի Հիւսէյն-Ղուլի խանը Անդրկովկասի ռուսական զօրքերու հրամանատար, կուսակալ Փաւել Ցիցիանովին նկատմամբ. ձեւացնելով թէ կը փափաքի խաղաղութիւն կնքել եւ «յանձնուելու» մասին բանակցիլ վերջինիս հետ, խանը Ցիցիանովը կը հրաւիրէ Պաքուի բերդը: Դիւրահաւատ Ցիցիանովը երբ կը մօտենայ պարիսպներուն, խանի ենթականերէն մէկը մահացու կերպով կը վիրաւորէ Ցիցիանովը, որու գլուխը կտրելով, Պաքուի խանը զայն կը ղրկէ Պարսկաստանի Ֆաթհ-Ալի շահին՝ ի նշան հաւատարմութեան (էջ 102-103): Այսքանէն ետք պէ՞տք է զարմանալ, թէ Պաքուի մերօրեայ խան Իլհամի արիւնռուշտ պաշըպօզուքները նոյնպիսի վարք կը դրսեւորեն 21-րդ դարուն, իսկ ռուսերը, «մոռցած» այս բոլորը, կը խօսին միայն Էրտողանի՝ իրենց հասցուցած «թիկունքէն հարուած»ին մասին եւ, իրենց կարգին, ոչ թէ թիկունքէն, այլ՝ դէմ դիմաց կը հարուածեն իրենց դաշնակից նկատուող հայերը՝ յարձակողական եւ զանգուածային ոչնչացման զէնքեր տրամադրելով Ատրպէյճանին, այս ստորութեան անունն ալ «պիզնէս» դնելով…

Արտակ Մաղալեանը իր աշխատասիրած այս գիրքը հարստացուցած է գիտական 329 ծանօթագրութիւններով, որոնց եւ իր հեղինակած ներածականին համար օգտագործած աղբիւրներուն եւ գրականութեան ցանկը բերած է գիրքին վերջնամասին մէջ (էջ 138-146)՝ ընդհանուր թիւով 9 ձեռագիր եւ 120 հրատարակութիւն: Կը հետեւին անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը (համապատասխանաբար էջ 147-154 եւ էջ 155-161):

Աշխատասիրողին բծախնդրութեան եւ պատմա-բանասիրական պրպտումներուն շնորհիւ, հրատարակութեան գիտական արժէքը զգալիօրէն աւելցած է: Նշելի է, որ վրիպակները շատ քիչ են, նոյնիսկ կարելի է ըսել՝ աննշան: Կը փափաքէինք յայտնել երկու նկատողութիւն, աւելի ճիշդ՝ առաջարկ. ծանօթագրութեանց մէջ իբրեւ պարսկերէն կամ թրքերէն ներկայացուող բառերուն մեծ մասը փոխառութիւն է արաբերէնէն, ինչը կ’արժէր նշել, եւ երկրորդ, անձնանուններուն եւ տեղանուններուն մէջ կան շարադրանքին մէջ հանդիպող՝ նոյն անձի կամ տեղի անուան տարընթերցումներ, որոնց քով, ցանկերուն մէջ, նախընտրելի պիտի ըլլար տեղադրել «տե՛ս նաեւ» բառակապակցութիւնը՝ անոնց նոյնականութիւնը շեշտելու համար:

Այս մանր-մունր թերիները չեն նսեմացներ այն շնորհակալ աշխատանքը, որ կատարած է Արցախի միջնադարեան պատմութեան մասնագէտ, անխոնջ ու բծախնդիր ուսումնասիրող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արտակ Մաղալեանը:

Ան այս հրատարակութեամբ անգամ մը եւս կը հաստատէ, թէ յանձին իրեն մենք ունինք փայլուն ապագայ խոստացող գիտնական մը հայոց պատմութեան այն հատուածին, որ կարելի է պայմանականօրէն կոչել արցախագիտութիւն: Շնորհիւ իր այս աշխատասիրութեան, ընթերցողի սեղանին դրուած է պատմագիտական աշխատութիւն մը, որ յոյժ այժմէական է իր բովանդակութեամբ եւ քաղաքական աչալրջութեան կոչող դասերով:

Առ այդ, կ’առաջարկենք Միրզա Ատիկէօզալ-Պէկի «Ղարաբաղ-Նամէ» երկի Ա. Մաղալեանի աշխատասիրութեամբ այս հրատարակութիւնը նոյնութեամբ լոյս ընծայել նաեւ անգլերէն, ռուսերէն եւ ուրիշ օտար լեզուներով, նաեւ՝ հայերէնի աշխարհաբարի երկու տարբերակներով, բոլոր պարագաներուն՝ մեծ տպաքանակներով: Մեր առաջարկին իրականացումը անկասկած պիտի նպաստէր Արցախեան Դատին, մանաւանդ որ այս երկին պարագային կը գործէ «ի բերանոյ քումմէ դատեցար» սկզբունքը, ինչը տեղեկատուական հզօր զէնք է մեր ազգային ազատագրական նորօրեայ գոյամարտին մէջ:

 

Երեւան, Ապրիլ 2016

Աշխատասիրութեամբ Արտակ Մաղալեանի

«Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 164 էջ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ