Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրբ Ծնունդը Արեւմտեան թեմէն ներս

Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Յունուար  5-ին եւ 6-ին տեղի ունեցան Ճրագալոյցի եւ Սուրբ Ծննդեան արարողութիւններ։

Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն ներս, Յունուար 5-ի երեկոյեան, Սուրբ Գրոց ընթերցումներէն ետք պատարագեց Ծուխի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան։

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին՝ ամսուն 6-ի առաւօտեան օրուան պատարագիչն էր Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որուն յաջորդեց Ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան հոգեւոր եւ աշխարհիկ բարձրաստիճան հիւրեր։

 Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6։00-9։00, նախորդ տարիներուն նման, Առաջնորդարանի «Տիգրանեան» համալիրի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տնօրհնէք» եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր  հիւրընկալութեամբ Սուրբ Ծննդեան ընդունելութիւն։ Ներկայ հաւատացեալ բազմութիւնը ստանալով Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան աւետիսը, արժանացաւ նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ