Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

     Լոս Անճելըսի հայութիւնը Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօները նշեց բազմաթիւ ճաշկերոյթ-պարահանդէսներով եւ մանկական ձեռնարկներով:

     Լոս Անճելըսի մէջ գործող 11 24-ժամեայ հեռատեսիլի կայանները շատ ճոխ եւ հաճելի յայտագիրներով նշեցին այս տօները: Գրաւոր մամուլն ալ բացառիկ թիւեր հրատարակեց այս առիթով: «Նոր Օր», «Ասպարէզ», «Մասիս», “Armenian Observer”, “California Courier”, «Մոլորակ» բացառիկ եւ բազմաէջ թիւերով լոյս տեսան:

     Յունուար 1-ին, Փասատինայի Ծաղկասայլերու 128-րդ տարեդարձին, հայերը յատուկ ծաղկասայլով մասնակցեցան, աշխարհի 115 երկիրներու մէջ ապրող 1.5 միլիառ «հանդիսատեսներուն» ներկայացնելով ազատագրուած Արցախը, արժանանալով «Անցեալ տարուան նախագահի» մրցանակին:

ՃՈՐՃ ԳԻՎՈՐՔ ՄԱՄԼՈՅ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ

     Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսէթի մեր հայազգի երիտասարդներէն Ճորճ Գիվորքը նշանակեց որպէս քաղաքապետարանի մամլոյ խօսնակ-քարտուղար: Ճորճ Գիվորքը լայն փորձառութիւն ունի Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի աշխատանքին գծով: Վերջին երեք տարիներուն Ճորճ Գիվորք եղած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետի ներկայացուցիչը Ուաշինկթընի մէջ։

 

ԱՇՈՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ ԳԱՆՁԱՊԱՀ

      Դեկտեմբեր 14-ին Մոնթեպելլօ քաղաքի քաղաքապետարանի

խորհուրդը 4-1 ձայներով քաղաքի գանձապահ նշանակեց նոյն քաղաքի ծրագրաւորումի պետ Աշոտ Մուրատեանը:

     Կը շնորհաւորենք Պրն. Մուրատեաը այս խիստ կարեւոր պաշտօնի ստանձման առիթով, մաղթելով իրեն ամէն յաջողութիւն: Յիշենք, թէ նախորդ շրջանին այս քաղաքի քաղաքապետն էր երիտասարդ Ճէք Հաճինեան:

 

 ՄԱՐՏԻ ՍԻՄՈՆՈՖՖ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԼԱ ՊՐԷԱ ՔԱՂԱՔԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄ

     Դեկտեմեբր 20-ին ամերիկահայ Մարտի Սիմոնոֆֆ վեցերորդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ Լա Պրէա քաղաքի խորհուրդի անդամ: Ան չորս անգամ եղած է այս քաղաքի քաղաքապետ:

      Օրէնճ Քաունթիի հայութիւնը ներկայ եղաւ անոր երդման արարողութեան. ինչպէս շրջանի հայ եկեղեցիներու հովիւներ՝ Տէր Մուշեղ քահանայ Թաշճեան Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն եւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Գարեգին Պիտուրեան։

     Մարտի Սիմոնոֆֆ եղած է իրաւաբան եւ ոստիկանապետ, որ հանգստեան կոչուած է 1991-ին:

 

ԷՐԻՔ ԿԱՐՍԷԹԻԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԼՈՍ ԱՆՃԸԵԼԸՍԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

      ԱՄՆ-ը հակառակ աշխարհի ամենէն հարուստ երկիրը ըլլալուն, բազմամիլիոն քաղաքացիներու նիւթական, բժշկական, բնակարանային, սնունդի, հագուստեղէնի, երթեւեկութեան բազմապիլիոն տոլարներու նպաստ տալով հանդերձ, տակաւին միլիոնաւոր քաղաքացիներ անտուն են: Անոնք փողոցները կը պառկին՝ բնակարաններ վարձելու կամ ունենալու հնարաւորութիւն չունենալու պատճառով:

     Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսէթի երեք բաժանումներէ բաղկացած ծրագիր մը պատրաստած էր օգնելու համար անոնց: Դեկտեմբեր 7, 2016-ին քաղաքապետը հրաւիրած էր քաղաքի համայնքին ղեկավարներն ու հասարակական գործիչները, ներկայացնելու համար իր ծրագիրը: Այդ ժողովին ներկայ գտնուած է նաեւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան:

 

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ՝ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ

    Կլենտէլի հանրային դպրոցներու Պատմութեան 25 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ պիտի վերապատրաստուին ուսուցանելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւն: 7-րդ եւ 10-րդ կարգի աշակերտները հայոց ցեղասպանութեան դասեր կ՚անցնին Կլենէյլի մէջ:

     2003-էն ի վեր Կլենտէյլի հանրային վարժարան յաճախող աշակերներ կրնան դպրոցէն բացակայիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ձեռնարկներուն ներկայ գտնուելու համար:

     Այս տարի Կրթական Խորհուրդը Ապրիլ 24-ը հռչակած է «Հայոց Ցեղասպանութեան Օր»: Յիշենք, թէ Կրթական Խորհուրդի նախագահն է՝ Տոքթ. Արմինէ Կարապետեան (տիկինը՝ Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Վարդան Կարապետեանի): Իսկ երկարամեայ խորհուրդի հինգ անդամներէն երեքը հայ են, միւս երկուքը հայութեան քաջածանօթ Նայիրի Նահապետեանն ու Կրէկ Գրիգորեանն են:

 

 ՀԲԸՄ-Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՆ

     Այլ կազմակերպութիւններու նման, ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի ղեկավարութիւնը եւս, ամէն տարի խրախճանքով մը կը գնահատէ Միութեան կամաւորները:

    Դեկտեմբեր 16-ին, Միութեան Փասատինայի «Վ. եւ Թ. Մանուկեան» կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով Միութեան կամաւորներու գնահատման երեկոն: Հանդիսավարն էր Շրջանակային Յանձնաժողովի փոխատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Սեփեթճեան: Խօսք առաւ նաեւ ատենապետուհի Տիկ. Թալին Եագուպեան։

Այդ օր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխնախագահ Պրն. Սինան Սինանեանի եւ Շրջանակայինի ատենապետուհի՝ իրաւաբան Թալին Եագուպեանի ձեռամբ յատուկ գնահատանքի արժանացաւ Միութեան կեդրոնի վարիչ տնօրէնուհի՝ Տիկ. Շաքէ Թումայեանը, որ մօտ 30 տարի, ամենայն բարեխղճութեամբ ծառայած է Միութեան:

     «Նոր Օր» կը շնորհաւորէ Տիկին Շաքէ Թումայեանը այս արդար գնահատանքին առիթով, մաղթելով իրեն քաջառողջ եւ երկար տարիներ:

 

 

«ԼԱՐՔ»Ի «ԴԻԼԻՋԱՆ»Ի ՀԱՄԵՐԳԸ

       «Լարք» երաժշտանոցի «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան 12-րդ համերգը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբերի 18-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Լոս Անճելըսի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ։ Ղեկավար՝ Մովսէս Պօղոսեան:

     Համերգին խորագիրն էր «Սուրբ» եւ նուիրուած էր երկու հանճարներու՝ Պախի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն: Գլխաւոր մենակատարներն էին Շուշիկ Պարսումեան (սօփրանօ), Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ) եւ Սթիւ Վանկաւարթ (դաշնամուր)։

 

“ARMENIAN ART MAGAZINE”

 

     Գաղութիս ծանօթ լրագրող եւ «Բարի Լոյս» հեռատեսիլային ժամի տէր եւ վարիչ Ստեփան Փարթամեան, արտակարգօրէն զբաղած հասարակական գործիչ է: Ան գործօն տարր է Փասատինայի Ծաղկասայլի, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի, «Նոր Օր» շաբաթաթերթի, ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան մէջ, առաւել իր ղեկավարած մշակութային կեդրոնին կողքին, 2017-էն սկսեալ Ստեփան Փարթամեանի հրատարակութեամբ լոյս սկսած է տեսնել այս ամսաթերթը:

     Բաժանորդագինն է տարեկան $34.99: Բաժանորդագրութեան համար դիմել հրատարակիչին. P.O.Box 287, Glendale, CA 91209:

     Բարի երթ եւ երկար կեանք “Armenian Art Magazine”-ին։

 

 

DEVELOPMENT SERVICE FOR ARMENIA DSA

     Գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, ՀԲԸՄ-ի ու մանաւանդ հայրենի ժողովուրդին իր անսակարկ նուիրումով եւ ծառայութեամբ ծանօթ՝ Տիկին Ֆլորա Տունայեանց, բազմաթիւ աշխատանքներու կողքին 21 տարիներէ ի վեր կը գործէ նաեւ DSA-ի մէջ:

      Այս կազմակերպութեան անդամները լծուած են Հայաստանի կրթարանները նորոգելու եւ աշակերտութեան գիրքեր, տետրակներ եւ գրենական պիտոյքներ հայթայթելու: DSA-ը այս նպատակին համար ցարդ ծախսած է մէկ միլիոն տոլարէ աւելի գումար մը:

     Այս տարի միութիւնը նորոգած է «Դէպի Յառաջ» հայ կեդրոնը, եւ Երեւանի Շէնգաւիթ շրջանի թիւ 154 դպրոցը, որ ունի 300-է աւելի աշակերտներ:

    Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք DSA-ի պատասխանատուները, գլխաւորութեամբ Տիկին Ֆլորա Տունայեանցի:

 

ՖԼՈՐԱ ԱՂԱՊԱՊԵԱՆԻ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿՆԵՐԸ

      Լաս Վեկասի շքեղ «Ուին» խաղատան գլխաւոր կարկանդակ պատրաստող ձեւաւորողը՝ Հայաստանէն ժամանած Ֆլորա Աղապապեանն է:

     Ան մանկութենէն պարարուեստով զբաղած է եւ ընդունուած է Երեւանի Թատերական պետական հիմնարկը, սակայն ուսումը ստիպուած էր ձգել Մոսկուա տեղափոխուելու պատճառով:

     Մոսկուայի մէջ կարկանդակ պատրաստելու աշխատանքի մէջ ներգրաւուելով, յետոյ ԱՄՆ գալով, Քալիֆորնիա, շրջան մը ետք Լաս Վեկաս փոխադրուելով սկսած է կարկանդակի գործին մէջ մասնագիտանալ, հասնելով մինչեւ «Ուին»ի կարկանդակի գլխաւոր պատասխանատուի պաշտօնին:

    Հիմա Ֆլորայի կարկանդակներու յաճախորդներն են խաղատան տէրը՝ Սթիվ Ուին, նախագահ Տանըլտ Թրամփ, դերասաններ Մէլ Կիպսըն, Ճէնիֆըր Լոփէզ, Ուիլ Սմիթ, Քիմ Քարտաշեան, թէնիսի վարպետ Անտրէ Աղասի, պասքէթպոլիստ Մայքըլ Ճորտըն:

    «Կարեւորը, որ կարկանդակը ամուր հիմք ունենայ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն դիւրութեամբ տեղափոխել: Եղած են դէպքեր, որ իմ պատրաստած կարկանդակներս օդանաւով այլ երկիրներ տեղափոխած են», կը նշէ ան:

    Ֆլորա Աղապապեանի պատրաստած կարկանդակը կը վաճառուի 20,000 տոլարի:    

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ