Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Չաւուշօղլուի պահանջները Միացեալ Նահանգներէն…

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Յունուար 9-ին Անքարայի մէջ դեսպաններու հետ հանդիպումին ընթացքին խօսած է Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մասին։

Ան ըսած է, որ Թուրքիա կը յուսայ, որ ԱՄՆ-ը նոր նախագահի օրով չէ կրկներ նախկին իշխանութիւններուն սխալները։ «Մենք, նախ, երկու կարեւոր բան կը սպասենք ԱՄՆ-էն։ Առաջինը՝ Թուրքիոյ յանձնել Կիւլէնը եւ անոր համախոհները, երկրորդ՝ դադրեցնել համագործակցիլ PKK-ի հետ կապ ունեցող Սուրիոյ քիւրտերուն հետ», ըսած է ան։

Չաւուշօղլու յայտնած է նաեւ, թէ Թուրքիան թոյլ պիտի չտայ, որ Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութիւնը Իրաքի հիւսիսը Քանտիլ ճամբարներուն նման նոր ճամբարներ ստեղծէ եւ վտանգէ Թուրքիոյ շահերը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ