Կիրակի, Դեկտեմբեր 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկայի մէջ աւելցած են մարդոց եկամուտները

2016 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ 2,2 միլիոն նոր աշխատատեղեր ստեղծուած են, իսկ աշխատող քաղաքացիներուն եկամուտները աւելցած են 2,9 տոկոսով, որ վերջին եօթը տարիներու ամէնէն բարձր ցուցանիշն է։

Միւս կողմէ, աւելցած է կէս դրոյքով աշխատողներու թիւը, որ կրնայ նոր խնդիրներու դիմաց դնել երկրին տնտեսութիւնը։ Կէս դրոյքով աշխատողներն ալ, իրենց հերթին, քանի մը տարբեր տեղեր կ՚աշխատին։

Միացեալ Նահանգներ աւելի շատ ապրանք կը ներածէ, քան՝ կ՚արտահանէ։ Մասնաւորաբար, անցնող տարուան ընթացքին նուազած է ինքնաշարժներու եւ գիւղատնտեսական ապրանքներու արտահանումը, միեւնոյն ժամանակ, աճած է ներմուծուող քարիւղին քանակը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ