Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հետախուզական աշխատանքին շնորհիւ երեւան բերուած են մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչներ, որոնք Թուրքիոյ ճամբով կը մտնէին Հայաստան։ Ձերբակալուողը Հայաստանի քաղաքացի մըն է, որ Դեկտեմբեր 31-ին Թուրքիոյ մէջ ձեռք ձգելով «հերոյին» եւ «մեթամֆեթամին» տեսակի թմրեցուցիչներ, Յունուար 3-ին Իսթանպուլ-Երեւան օդային ճամբով տեղափոխած է Հայաստան, որոնք «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ յայտնաբերուած են ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ։ Մաքսանենգը ձերբակալուած է։ Միջոցներ ձեռք առնուած են, բացայայտելու համար ենթադրեալ յանցակիցները։