Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Նորօրեայ Հրանդ Տինք՝ Կարօ Փայլանը կը մնայ անդրդուելի իր անշեղ կեցուածքին մէջ

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամներէն, Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան, ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ պատժուեցաւ զրկուելով երեք նիստի մասնակցելու իրաւունքէ, որովհետեւ Մէճլիսէն անգամ մը եւս բարձրաձայնած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, անցեալ Ուրբաթ օր։

Փայլան այդ որոշումը հակասահմանադրական կ՚որակէ, պնդելով, որ այդ կը խախտէ պատգամաւորներուն անձեռնմխելիութեան եւ խօսքի ազատութեան իր իրաւունքը։ Փայլան դիմած է Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի նախագահութեան՝ պահանջելով վերանայում։

Ան Թուիթըրով կրկնած է իր հաստատ կարծիքը, թէ՝ «Երբ խօսքը հայերուն կամ քիւրտերուն վերաբերի, իսլամականները (իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուս.), քեմալականները (Ժողովրդա-հանրապետական կուս.) եւ ազգայնականները («Ազգայնական շարժում» կուս.) Թուրքիոյ մէջ մէկ կը դառնան դժբախտաբար»։ Իսկ Մէճլիսէն ներս սահմանադրական բարեփոխումներու քննարկման ընթացքին, անցեալ Ուրբաթ օր ան ըսած էր. «Ցեղասպանութեան եւ ջարդերու հարցով, մենք կորսնցուցած ենք բազմակարծութեան  իրաւունքը»։ Իսկ սահմանադրական փոփոխութիւններուն դէմ ըլլալով, ան նշած էր, որ կարելի չէ երկրի մը ամբողջ իշխանութիւնը կեդրոնացնել մէկ մարդու ձեռքին։ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ