Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Վկայութիւն. Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի ելոյթը նուիրուած Գերսամ Ահարոնեանին

Ուրբաթ, Յունուար 20-ը մահուան թուականն է ընկեր Գերսամ Ահարոնեանի։ Այդ օրէն անցած են 37 տարիներ։ Նոր Օր, յարգելով յիշատակը սփիւռքահայ մեծանուն պատմաբանին, խմբագիրին, ուսուցիչին եւ հրապարակագիրին, կը ներկայացնէ անցնող Դեկտեմբերին, Պէյրութի մէջ անոր ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին լիբանանահայ հանրածանօթ իրաւաբան՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի շահեկան ելոյթը։ Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ եւ տեղի ունեցած Թէքէեան կեդրոնին մէջ, Պէյրութ, Լիբանան։

Յարգա՛նք Գերսամ Ահարոնեանի մշտավառ յիշատակին։

«Նոր Օր»

 

 

Յարգելի հայրենակիցներ,

Այս առիթով, ինծի շնորհուած միայն երեք վայրկեաններու սեղմ ժամանակին մէջ, հազիւ կրցայ գրաւոր եւ հեռագրական ոճով, խտացնել իմ վկայութիւններուս միայն նուազագոյնը՝ Զէյթունի խրոխտութիւնը, Արմենականներուն իմաստութիւնը եւ թոնտրակեցիներու բարենորոգչական շունչը իր անձին մէջ մարմնաւորող լուսադէմ եւ յաղթահասակ Գերսամ Ահարոնեանի մասին։

Մեծ ուշադրութեամբ եւ հասարակագիտական ճշգրիտ չափանիշերով կարդալով Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի հատորը՝ ՌԱԿ-ը բաղկացնող Արմենական, Վերակազմեալ Հնչակեան, Սահմանադրական Ռամկավար եւ Ազատական Կուսակցութիւններու Ծրագիր-Կանոնագրերուն մասին, կ՚եզրակացնենք, որ Արմենական Կուսակցութիւնը իր ազգային, այսինքն ռամիկ ժողովրդավարական, եւ ընկերային, այսինքն աշխատաւորապաշտպան համապարփակ ծրագրով՝ Ծրագրով՝ կը հանդիսանայ ՌԱԿ-ի գաղափարականին տեսակարար կշիռը (specific gravity)։ Այս համապարփակ ծրագրին անշեղօրէն հաւատարիմ մնացող ռամկավար առաջնորդներու փաղանգի ոսկեայ շղթային,- Մ. Փորթուգալեանի, Վ. Թէքէեանի եւ Ա. Անդրէասեանի,- վերջին ոսկեայ օղակը, այդ փաղանգին վերջին մոհիկանը եղած է՝ Գերսամ Ահարոնեան։

Փորթուգալեան, Թէքէեան, Անդրէասեան եւ Ահարոնեան՝ հրապարակագրութեան ասպարէզին մէջ, իրենց «Արմենիա», «Նոր Օր», «Պայքար», «Արեւ» եւ «Զարթօնք» թերթերով՝ իմ մտատիպարներս եղած են Յովհաննէս Աղպաշեանի հետ, իր «Ժողովուրդի Ձայն»ով, «Յառաջ»ով եւ՝ «Զարթօնք»ի մէջ՝ գրչանունով կամ անստորագիր յօդուածներով եւ խմբագրականներով։ (Ի դէպ՝ Աղպաշեանի անդրանիկ որդին, Պարոյր իր հերթին, երկար տարիներ խմբագրած է «Զարթօնք»ը, հաւատարիմ մնալով Գ. Ահարոնեանի Արմենական ուղեգիծին…)։

Զիս խորապէս տպաւորած են Անդրէասեանի՝ վճիտ յորդահոս ու խորախոհ, Աղպաշեանի՝ լուսամիտ, սրամիտ եւ ժողովրդահայրենասիրական, իսկ Գերսամ Ահարոնեանի՝ ջղուտ, խրոխտ եւ հակառակորդը մոխրացնող գրութիւնները։

Այս երեք մեծերը՝ վկայեալ լրագրողներ չէին, ոչ ալ վկայեալ ղազեթաճիներ քառիէրիստ… այլ մտաւորական, յանձնառու եւ յանդուգն հրապարակագիրներ, նման գրեթէ սովամահ Մեծն Յակոբ Պարոնեանի, իմաստուն Յարութիւն Սվաճեանի, մարտնչող՝ Վ. Շուշանեանի, նահանջը ահազանգող՝ Շահան Շահնուրի, նահատակ՝ Ա. Արփիարեանի, նահատակ՝ Սարգիս Տխրունիի, գիտնական՝ Մանուկ Ասլանեանի, նահատակ՝ Հրանդ Տէվէճեանի եւ համարձակախօս՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի ղումաշով…։

Վերոյիշեալ բոլորը եղած են նաեւ համահայկականութեան եւ համամարդկայնութեան ուսուցիչներս, իսկ Գ. Ահարոնեան՝ աւելին ըլլալով, նաեւ հայոց պատմութեան, Հայաստանի աշխարհագրութեան, ընդհանուր Ազգաց Պատմութեան (general history) եւ տնտեսագիտութեան (economics), շեշտը դնելով ընկերային արդարութեան եւ միջազգայնական մտահորիզոնի կարեւորութեան վրայ։

Վերջապէս, բայց ոչ վերջին կարգով, 1972 թուի Մարտին, երբ Գ. Ահարոնեան որպէս պատուոյ հիւր, հրաւիրուեցաւ պաղեստինցի գրողներու եւ լրագրողներու Թունուզի 9-րդ համագումարին իբր դեմոկրատական «Զարթօնք»ի խմբագրապետ, ան խնդրելու պէս հրահրեց ինծի, որ ես ընդառաջեմ այդ հրաւէրին, որպէսզի հոն արաբերէն լեզուով… յայտնեմ հայ ժողովուրդի զօրակցութիւնը Պաղեստինեան Դատին եւ կատարեմ քարոզչութիւնը մեր հողային պահանջատիրութեան… եւ ոչ թէ մուրամ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։

Միշտ ապրի յիշատակը Արմենական Գերսամ Ահարոնեանի…

Եւ կեցցեն այսօրուան դեռ եւս դիմադրող Արմենականները…

Խորին շնորհակալութիւն այս միջոցառումը կազմակերպողներուն, որոնք լոյսով ճեղքեցին վերջին քառորդ դարու գիշերուան խաւարը, որ ինծի վերյիշեցուց Ռասինի մէկ փիէսի հերոսին սա բացագանչութիւնը.- «Ciétoit pendent l’horreur d’une nuit profonde»։

Շնորհակալութիւն։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ