ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Այս աշխարհիկ կեանքին մէջ ի՞նչն է կարելին, և ի՞նչը` ոչ: Անհասանելի, անգիտակից, հարևան կամ թշնամի սահմաններ թեւակոխելու իրաւասութիւնները որո՞նք են որ կրնան անհատական, ընտանեկան կամ ընկերային մարզերու մէջ յայտնաբերուիլ: Թէկուզ եթէ հզօր ես միտքով, ֆիզիքապէս կամ նիւթով (ոչ բոլորը միատեղ), այն ժամանակ թերևս քեզ կարելի թուայ ամէն արարք, իրենց պայմաններով և պարագաներով. և սակայն՝ ո’չ միշտ:
Մարդկութեան ծնունդէն ի վեր փնտռուած է ընկերային շրջանակ, զիրար օգնելու, ընտանիք կազմելու, զիրար պաշտպանելու և փոխադարձ սերտ յարաբերութիւններու համար: Մարդիկ դարերու ընթացքին կազմած են ընտանիքներ, միութիւններ, ընկերային շրջանակներ, կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ ևայլն՝ նոյն նպատակներուն համար: Պահ մը երեւակայել այն հաճելի կենցաղը, մթնոլորտն ու կեանքը, անոր հարազատութիւնն ու անաղարտութիւնը, երբ մեր նախնիները, մամիկ ու պապիկ, թոնիրին կամ կրակամանին շուրջ ծալապատիկ նստած, հեքիաթներ կը պատմէին իրենց զաւակներուն և թոռներուն, ընտանեկան ջերմ շրջանակի մէջ, առանց աւելորդ մեկնաբանութեանց: Միամիտ կամ հարազատ անկեղծութիւն կար այն ժամանակ. այսօր՝ դժբախտաբար պարագան այդպէս չէ:
Անցան ու գացին այդ օրերը, որոնց յաճախ երանի կու տանք և կը յիշենք:
Այսօր կը գտնուինք արհեստագիտօրէն զարգացած շրջանակներու մէջ, ուր գիտունն ու տգէտը կը յայտնեն իրենց կարծիքները համահաւասար և տարօրինակօրէն համազօրուած իրաւունքներով, ըստ ժողովրդավարական կարգ մը «նոր» համոզմունքներու: Հին ու նոր բարեկամներ կը զրուցեն հինէն ու նորէն, իրենց ուսումնական կեանքի հերոսութիւններէն ու ձախողութիւններէն. կը հետաքրքրուին ներկայ օրերու ապրուստի և մանաւանդ՝ հայ լեզուի և մշակոյթի տագնապներով և կամ՝ կը զրուցեն իրենց վերջին ճամբորդական արկածախնդրութիւններէն: Վերոյիշեալ նիւթերը սպառելով զրոյցը կը վերածուի համաշխարհային ռազմաքաղաքական կամ տնտեսական հարցեր «լուծելու» երեկոյի: Արդար ըլլալու համար, խոստովանինք, որ ոչ մէկը մասնագէտն է այդ նիւթերուն, և սակայն հայու մտայնութեամբ օժտուած բոլորը կը դառնան «ամէնագէտ». իսկ կարգ մը անհատներ պարզապէս՝ «մասնագէտ», դիմացինը վարկաբեկելու և վիրաւորելու աստիճան:
Անշուշտ կը գիտակցինք, թէ կարելութեան սահմանները բազմաթիւ են, սակայն կարողութեան սահմանները… հաւանաբար՝ սահմանափակ կարգ մը անձերու մօտ, որոնք սնապարծ յաւակնոտութեամբ, երբ անշուշտ իրենց սահմաններուն անծանօթ են անոնք, կը սկսին անսահման առաքելութեամբ ճամբայ ելլել «կրթելու», «խրատելու» և «ուղղելու» դիմացինը, որ իր կարգին, քաղաքավարութեան և ընկերային շրջանակի համերաշխութեան սիրոյն, զինք չի սանձեր կամ իր «տեղը չի դներ», առիթ ընծայելով այդ սանձարձակ «քարոզին»: Ոգևորութիւնը կը հասնի իր գագաթնակէտին, այդ անձին և կամ իր նմաններուն մօտ, երբ արդէն մի քանի գաւաթ կոնծած կ՚ըլլայ և իրեն կը պակսի բեմահարթակ մը միայն, ուրկէ ան կարողանայ իր պատգամը ուղղել քաղաքավարութեան կողմէ պարտադրուած ունկնդիրներուն: Այսպիսի մարդիկ կարելիին և անկարելիին տարբերութեան ծանօթ չեն հաւանաբար, և շատեր քաղաքավարութեան զոհ կը դառնան, ուր ողջոյն կու տանք մեծն Յակոբ Պարոնեանին:
Պատկերը միևնոյնն է մեծ շրջանակներու մէջ իսկ: Սկսելով մեր միութիւններէն, կազմակերպութիւններէն, կուսակցութիւններէն, հասնելու համար մինչև պետութիւնները և մեծ պետութիւնները, որոնց ղեկավարներու խարխափումներուն ականատես ենք օրն ի բուն: Ղեկավարներ, որոնք իրենց տարիներու փորձառութիւնը որպէս պատրուակ վերցնելով կը պայքարին հմուտ և արհեստագիտացած նորելուկ աշխարհին դէմ: Օրինակները բազմաթիւ են ու անհամար, ուր առաջին հայեացքով կարելի է նման անձնաւորութիւններ տեսնել Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին, (խօսքին բուն առումով), ներկայացուցիչներու տան, նահանգներու ղեկավարութեան ցանցին և մինչև յետին պետական պաշտօնէութեանց մէջ:
Հաւանաբար այլ պետութիւններ ևս կը տառապին նոյն ախտէն, և ինչու չէ… մեր միութիւնները ևս…:
Այս առիթով կ՚արժէ ուսումնասիրել Աւստրիոյ խորհրդարանի կազմը: