Կիրակի, Դեկտեմբեր 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստանձնեց իր պաշտօնը

Եւ հասաւ սպասուած թուականը՝ Ուրբաթ, 20 Յունուար 2017։ Վայրը՝ Ուաշինկթըն, Քոնկրէսի շէնքին դիմաց։ Միլիոնատէր յաջողակ գործարար Տանըլտ Թրամփ պաշտօն ապէս «թագադրուեցաւ» որպէս Ամերիկայի 45-րդ նախագահ, աշխարհին ուշադրութիւնը բեւեռելով իր վրայ։ Երդմնակալութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան պաշտօնական հիւրեր, տասնեակ հազարաւոր ամերիկացիներ եւ զբօսաշրջիկներ, ինչպէս նաեւ ոստիկանական եւ ապահովական 28 հազար ուժեր։

«Մենք՝ Ամերիկայի քաղաքացիներս, այսօր համախմբուած ենք մեր հայրենիքը վերակառուցելու ջանքերուն շուրջ։ Մենք միասին պիտի որոշենք Ամերիկայի եւ աշխարհի ուղին յառաջիկայ տարիներուն համար։ Մեր առջեւ կը խոյանան մարտահրաւէրներ, կը կանգնինք դժուարութիւններու դիմաց, սակայն մեր նպատակները պիտի իրականացնենք», այս խօսքերով սկսաւ Թրամփ իր ելոյթը։

Ան իր խօսքին մէջ քննադատեց անցեալի քաղաքական գործիչները, որոնք թէեւ հասեր են յաջողութիւններու, բայց ժողովուրդը չէ օգտուած այդ յաջողութիւններէն։ Ան խոստացաւ, որ երկրին կառավարութիւնը պիտի վերահսկուի ժողովուրդին կողմէ։

Նախընտրական արշաւի ընթացքին եւ յաղթանակ տանելէն ետք Թրամփի կատարած երբեմն իրարամերժ, երբեմն վիճայարոյց յայտարարութիւնները դժգոհութեան ալիքներ ստեղծած են երկրին մէջ, որուն մէկ զօրաւոր արձագանգը հանդիսացան Շաբաթ օրուան զանգուածային ցոյցերը։

Եօթանասունամեայ Թրամփը յայտարարեց, որ Յունուար 20-ը պիտի յիշուի այն օրը՝ երբ ժողովուրդը նորէն ստանձնեց ԱՄՆ-ի ղեկավարութիւնը։ Իսկ իր խօսքը աւարտեց նախընտրական արշաւի իր նշանաբանով՝ «Մենք Ամերիկան նորէն հզօր պիտի դարձնենք»։

Երդմնակալութեան աւարտին յատուկ հանդիսութեամբ ճամբուեցան նախկին նախագահ Պարաք Օպաման եւ տիկինը (դէպի Քալիֆորնիա, արձակուրդի), ինչպէս նաեւ փոխնախագան Ճօ Պայտընն ու անոր կողակիցը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ