Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Առանց մեկնաբանութեան. Ալիեւի հակահայկական նոր յայտարարութիւնները

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Երկուշաբթի օր  զինուորականներու դիմաց իր ելոյթին ընթացքին ըսած է. «Հայաստանի գոյութիւնը աշխարհի քարտէսին վրայ զուտ ձեւական է։ Ան իր սեփական ապագան ինքնուրոյն չի կրնար որոշել»։

«Երկար տարիներ Հայաստանը առասպելներ ստեղծած էր իր բանակին մասին, իբր թէ անպարտելի բանակ ունի։ Ապրիլեան մարտերը ցոյց տուին, թէ որո՞ւ բանակը անպարտելի է», շարունակած է ան։

Խօսելով Արցախի կարգաւորման մասին, Ատրպէյճանի նախագահը ըսած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղը երբեք անկախութիւն պիտի չստանայ։ Եթէ մէկը կը սպասէ նման բան, ապա ի զուր թող չսպասէ։ Այդ մէկը պիտի չըլլայ»։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ