Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Արցախ նշեց Կրկժանի ազատագրման 25-ամեակը

Արցախի մէջ Յունուար 20-ին նշուեցաւ Ստեփանակերտի Կրկժան արուարձանի ազատագրման 25-ամեակը։ Շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը, կարեւորելով նշանակութիւնը Կրկժանի մարտերուն։ Կրկժանի յաղթանակը օգնեց Շուշին ազատագրելու։

 

25-ամեակ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու

 

Հայաստանի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան  դեսպանատունը հրապարակած է ուղերձ մը, հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն 25-ամեակին առիթով։ Դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորթ այս առիթով կ՚ըսէ, թէ Թագաւորութիւնը Հայաստանը կը համարէ երկարաժամկէտ եւ արժէքաւոր գործընկեր։ «Անցնող 25 տարիներուն ընթացքին Միացեալ Թագաւորութիւնը աջակցած է Հայաստանին՝ ժողովրդավարական, կայուն եւ բարեկեցիկ երկիր դառնալու իր ճամբուն վրայ։

 

Սերժ Սարգսեան մասնակցած է ՀՀԿ-ի երիտասարդական հաւաքին

Յունուար 21-ին, Երեւանի «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկի «Տիգրան Մեծ» սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հանրապետական կուսակցութեան 16-րդ համագումարի երիտասարդական հաւաքը, որուն ներկայ եղած է շուրջ 300 հոգի։ Հաւաքին մասնակցած է նաեւ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ ծանօթացած է անոնց գործունէութեան ու իր խօսքին մէջ արժեւորած նոր սերունդին դերը երկրին կայացման մէջ։

 

«Ելք» դաշինքին ծրագիրները՝ դէպի խաղաղ իշխանափոխութիւն

 

 

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Էդմոն Մարուքեան «Ելք» դաշինքի համաժողովին յայտարարած է, որ վստահ է, թէ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ այսօր ելք կը փնտռեն։ Ան բերած է ԱՄՆ-ի օրինակը, ուր տեղի ունեցաւ խաղաղ իշխանափոխութիւն։ Նոյնին կարօտ է հայ ժողովուրդը, ըսած  է ան։ Եթէ իշխանութիւնները չեն կրցած փոփոխութիւն կատարել երկրէն ներս, պէտք է որ հեռանան, ըսած է ան։

 

Նիկոլ Փաշինեանի յոյսը ժողովուրդն է

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ «Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը մեզմով յաղթելու մեծ հնարաւորութիւններ ունի»։ Ան ելոյթ կ՚ունենար «Ելք» դաշինքին համագումարին, Յունուար 21-ին։ Փաշինեան իր կազմակերպութեան ամէնէն կարեւոր խնդիրը համարած է նոր որակի պետութիւն ստեղծելը։

 

Պարոյր Հայրիկեան կը միանայ Օհանեան-Օսկանեան դաշինքին

Ազգային Ինքնորոշում Միաւորումի ղեկավար Պարոյր Հայրիկեան յայտարարեց, թէ կը միանայ Սէյրան Օհանեան, Վիկտոր Դալլաքեան, Վարդան Օսկանեան եւ Արամ Սարգսեան համագործակցութեան։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ