Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՖՐԱՆՍԱ.- Ընկերվարական (սոցիալիստական) կուսակցութիւնը երկրի նախագահի թեկնածու կ՚ընտրէ։ Նախնական ընտրութիւններուն կը մասնակցին վեց հոգի, որոնց շարքին նախկին վարչապետ Մանուէլ Վալսը։ Գործող նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ պիտի չմասնակցի ընտրութիւններուն՝ ցած վարկանիշի պատճառով։ Փորձագէտներու կարծիքով, ընկերվարականները քիչ հնարաւորութիւն ունին շահելու գարնան տեղի ունենալիք ընտրութիւնները։

ԱՒՍՏՐԻԱ.- Աւստրիոյ մէջ ձերբակալուած է երիտասարդ մը, որ կը պատրաստուէր Վիեննայի մէջ ծրագրել ահաբեկչական արարք մը։ Ան 18 տարեկան է։ Տարբեր աղբիւրներ կը նշեն, թէ ահաբեկչութիւնը ծրագրուած էր Յունուարի երկրորդ կիսուն, ալպանացի ծայրայեղ իսլամիստներու կողմէ։

ԹՈՒՐՔԻԱ.- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Մէհմէտ Շիմշէք յայտարարած է, որ Անքարա այլեւս չի կրնար պնդել, որ սուրիական հակամարտութիւնը կարգաւորուի առանց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մասնակցութեան։ Այդ մէկը իրատեսական չէ, ըսած է ան։

ԻՐԱՔ.- «Իսլամական Պետութեան» անդամները սկսած են պարտադրել պատանիներ, որպէսզի իրենց միանան եւ դառնան մահապարտ ահաբեկիչներ։ Կ՚ըսուի, թէ Իրաքի Թալ Աֆար քաղաքին մէջ շուրջ 150 երեխայ առեւանգուած է այս նպատակով։

ՍՈՒՐԻԱ.- Ծանր վնաս հասած է սուրիական Փալմիրայի պատմական յուշարձաններուն «Իսլամական Պետութիւն» կոչուած ծայրայեղներու կողմէ։ Վնասուած կառոյցներու շարքին է յայտնի հռոմէական ամֆիթատրոնին ճակատային մասը, որ աւելի քան 2100 տարուայ շինութիւն է։

ՍՈՒՐԻԱ.- «Իսլամական Պետութեան» ահաբեկիչներ յարձակած են Սուրիոյ էլ-Պապ շրջանին մէջ գտնուող թրքական զօրամիաւորման մը վրայ, սպաննելով հինգ թուրք զինուորներ։ Կան նաեւ ինը վիրաւորներ։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ