21 Յունուար 2017-ին Արեւմտեան թեմի Խնամակալութեան ծրագրի տարեկան ճաշկերոյթը այս տարի նուիրուած էր թեմի հաստատման 90-ամեակին՝ որպէս սկիզբը տարուան ընթացքին ծրագրուած ձեռնարկներու եւ տօնախմբութիւններու:
Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ կից գտնուող հրապուրիչ «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ: Աւելի քան 200 հիւրեր՝ ներառեալ հոգեւորականներ, Աւագ Բարերարներ, նուիրատուներ եւ Խնամակալութեան օժանդակողներ ներկայ գտնուեցան այս բացառիկ ձեռնարկին:
Սքանչելի կերպով պատրաստուած յայտագիրին բացումը եւ բարի գալստեան խօսքը կատարեց Տիկին Սիլվա Քաչիկեան: Հանդիսականները ուրախութեամբ դիտեցին Արեւմտեան թեմի Խնամակալութեան ծրագրի սեպուհ առաքելութիւնը ներկայացնող տեսաերիզը: Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Խնամակալութեան ծրագրի շնորհիւ համալսարանէն շրջանաւարտ եղած Արժ. Տ. Մեսրոպ Քահանայ Աշ օրուան գլխաւոր բանախօսն էր:
Իր սրտի խօսքին մէջ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ իրաւաբան Տիար Ժոզէֆ Կանիմեան անդրադարձաւ Խնամակալութեան ծրագրին շնորհիւ արձանագրուած բացառիկ յաջողութիւննեուն, որուն յատկացուցած կրթաթոշակին միջոցաւ խումբ մը երիտասարդ հոգեւորականներ պատրաստուած էին Թեմէն ներս ծառայութեան համար: Պրն. Կանիմեան անդրադարձաւ նաեւ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հովուական ղեկավարութեամբ յաջողած այս կենսական ծրագրին, որ չէր կրնար յաջողիլ առանց Խնամակալութեան ծրագրի ատենապետ՝ Դոկտ. Վահրամ Պիրիճիքի նուիրեալ եւ յարատեւ ջանքերուն՝ համագործակցութեամբ Յանձնախումբի անձնուէր անդամներու ծառայութեան:
Ատենապետ Դոկտ. Վահրամ Պիրիճիք իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ցուցաբերած քաջալերութեան եւ տուած ուղղութիւններուն համար, ապա յատկապէս անդրադարձաւ Խնամակալութեան ծրագրին շնորհիւ Քահանայութեան Թեկնածու Սարկաւագներու ծառայութեան կոչումին՝ իրենց կեանքի նպատակը դարձնելու ծառայել Աստուծոյ հօտին՝ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին:
Հանդիսականները հոգեպէս մխիթարուած եւ գոհունակ սրտով բաժնուեցան «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնէն՝ մեծապէս գնահատելով Խնամակալութեան ծրագրին արձանագրած յաջողութիւնները:
Թեմիս հաստատման 90-ամեակի առթիւ կատարուած նոր հրատարակութիւններ
Գոհունակութեամբ եւ հոգեկան ցնծութեամբ կը հաղորդենք Թեմիս համայն հաւատացեալներուն, թէ այս տարի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հաստատման 90-ամեակին առթիւ հրատարակուած են հետեւեալ գիրքերը.
ա.- Հայ եկեղեցւոյ վարդապետները իբր հաւատքի ուսուցիչ եւ աստուածաբան,
հեղինակ՝ Հ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, 2016:
բ.- 100 Steps, 100 Քայլ, 2016:
գ.- 200 հարց Ս. Մկրտութեան մասին, հեղինակ՝ Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան,
2016:
դ- 100 հարց Ս. Մկրտութեան մասին, հեղինակ՝ Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան,
2016:
ե- Ապաշխարութեան աղօթք (Աղօթք թերթիկ):
զ- Հրաւէր աղօթքի, հեղինակ՝ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրէրեան:
է- Դէպի նոր կեանք, հեղինակ՝ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան:
ԹԵՄԻՍ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ 90ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵԼԻ
ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ 2017-Ին
1.- Աղօթագիրքեր
ա- Հաւատով խոստովանիմ
բ- Տէր լսէ աղօթքս
գ- Սրտէ բխած աղօթքներ
դ- Աղօթարան հայ մանուկին
ե- Պաղատիմք առ Սուրբ Խաչն (Աղօթք թերթիկ)
զ- Ապաշխարութեան աղօթք (Աղօթք թերթիկ)
է- Նահատակներու սրբանկար (Աղօթք թերթիկ)
ը- Սուրբ Սարգիսի աղօթք (Աղօթք թերթիկ)
թ- Հաղորդութիւն (Աղօթագիրք՝ հայերէն եւ անգլերէն տարբերակով)
2.- Պատարագամատոյց
3.- Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ եկեղեցւոյ սուրբ առաքեալը
4.- Հայաստանի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մշակութային կորուստը
1894-1896 եւ 1915-1925 տարիներուն:
5.- Վանական հոգեկանութիւնը քրիստոնէական առաջին դարերուն (անցեալի վկայութիւն, ներկայի արմատներ, ապագայի կառուցում)
6.- Life՚s lessons learned: The teachings of Father Mesrob Sarafian
7.- Յիշարժան անդրադարձ (յուշեր)
8.- Արարողութիւններ
9.- Reflections
10.- Կանոնագիրք Հայոց՝ աշխատասիրութեամբ Վազգէն Յակոբեանի: Նիւթերու համաձայն տեսակաւորեց աշխարհաբար թարգմանութեամբ՝ Տիրայր Ծ. Վրդ. Տէրվիշեան, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ