Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Վճռակամութիւն+դիմադրականութիւն=ազատագրութիւն նաեւ Սուրիա+Ռուսիա=Հալէպ

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

 

Սուրիոյ վրայ բռնացած պատերազմը, գերպետութիւններու (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Անգլիա) շրջանային արաբական երկիրներու (Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Ծոցի իշխանաւորներ) ու հարեւաններու (Թուրքիա, Իսրայէլ) կողմէ, իր բարբարոսական ու սադայէլական գործողութիւններով, ճիշդ է, մեծ աւերներ գործեց, հազարաւորներ զոհեց, բայց, չկրցաւ Սուրիոյ պետութիւնը տապալել ու սուրիացի ժողովուրդը ընկճել։

Բոլոր պատրուակները կամ պատճառաբանութիւնները Սուրիան խորտակելու եւ յօշոտելու, յումպէտս ցնդաբանութիւններ եւ ստայօդութիւններ էին, իսկ փա՞ստը անոնց, ոչ մէկ իրաւացի ու շօշափելի տուեալներով կարելի եղաւ աշխարհը համոզել, թէ ինչո՞ւ Սուրիան կը փորձեն խոշտանգել եւ բզկտել։

Իրաքն ալ նոյն «ճակատագիր»ին ենթարկուած էր, սակայն, ներխուժումին տուն տուող բոլոր պատճառները յօդս ցնդած էին, ի գին անոր մասնատումին, մինչ յատենի նախագահը Ամերիկայի՝ Ճորճ Կրտսեր Պուշ, ո՛չ դատուած, ո՛չ ալ դատապարտուած էր, իր գործած «ոճիր»ներուն, արաբական երկիր մը ջլատելուն ու մանաւանդ ամերիկացի զինուորներու անտեղիօրէն մահուան ղրկելուն համար։

Սուրիան ալ նման դժխեմ համաշխարհային յարձակումի դէմ յանդիման գտնուեցաւ, այս անգամ Պարաք Օպամայի եւ անոր վարչակազմին կողմէ, որովհետեւ ամերիկացի մեծամեծներու իսկ խոստովանութեամբ (ինչպէս՝ նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ նախագահական թեկնածու՝ Հիլըրի Քլինթըն), ահաբեկչական «Տաէշ» շարժումը հիմնողը եղած է Ամերիկան, ատենին ալ ստեղծելով ահաբեկչական ուրիշ կազմակերպութիւն մը, Պըն Լատէնի գլխաւորութեամբ։

Ամերիկայի եւ ընկերներու «հաշիւ»ները խորապէս սխալ դուրս եկան, նախ՝ Սուրիոյ անբեկանելի վճռակամութեամբ, ապա, Ռուսիոյ դաշնութեան նման հզօր կայսրութեան մը հակազդեցութեամբ։

Զաւեշտայինը այն էր, որ օրին Սուրիոյ մէջ թէ դուրսը կար լուրջ ընդդիմութիւն մը, որ կը պահանջէր  բարեկարգումներ եւ ազատութիւններ երկրին մէջ, որմէ օգտուող (՞) եղան արտաքին «գիշատիչ»ներ, դէպի Սուրիա «ներածել»ով տարատեսակ ու բազմակողմանի ահաբեկիչներ, որոնք համալրուած էին ամէն ձեւի միջոցներով (ծանր հրետանի, նիւթական, եւայլն), մուտք գործելով Թուրքիայէն, ազատօրէն ու սանձարձակօրէն։

Ո՞ւր մնաց այդ ընդդիմութիւնը, որուն հետ պատրաստ էր սեղան նստելու սուրիական իշխանութիւնը։

Ո՞ւր մնաց ինքզինք «ազատ սուրիական բանակ» յորջորջող անջատողական զօրագունդը։

Ո՞ւր մնաց ինքզինք նախանձախնդիր ու հայրենասէր նկատող բարեկարգումի շարժումը։

Շուրջ հինգ տարիէ ի վեր տեւող ասպատակութիւնը ի՞նչ բերաւ Սուրիոյ, ինչպէ՞ս վերաբերուեցաւ սուրիացի ժողովուրդին հետ, ինչո՞վ նպաստեց երկրին ապահովութեան եւ ո՞ւր կարելի է զետեղել այս ամբողջ մարդակոտորումը եւ երկրաքանդումը։

Սունկի նման աճեցան ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք յաճախ իրար դէմ ալ ճակատեցան, հաշուեյարդարներ տեսան իրարու նկատմամբ, մէկ կողմէն՝ թալանի ու կողոպուտի ընչաքաղցութենէն մղուած, միւս կողմէն՝ դուրսէն հասած քաղաքական եւ նիւթական օժանդակութիւններու զօրակցութենէն արբեցած, երկիրը աւելի խրելով իր տագնապին մէջ, զայն մատնելով աննկարագրելի եւ աննախընթաց ռազմադաշտի, մինչ «բեմադրիչ»ները կը վայելէին իրենց զազրելիութեան արդիւնքները։

Տակաւին վերջերս, Հալէպի ազատագրումէն քիչ մը առաջ, արաբակա՜ն Քաթարը, սինիքաբար կը ծղրտէր, թէ պիտի շարունակէ օժանդակել ահաբեկիչներուն, իսկ մե՜ծն Ֆրանսայի նախագահը՝ Ֆրանսուա Հոլանտ, անամօթաբար կը բղաւէր, ամէն ձեւով զօրավիգ կանգնելու ահաբեկիչներուն, աւելի ուշ ալ յայտարարելով, թէ եւրոպական պատժամիջոցներ պիտի պարտադրէ (՞) Ռուսիոյ դէմ։

Պրն. Հոլանտը արդեօք հարց տուա՞ւ, թէ Նիսի մէջ կատարուած անձնասպանական գործողութեան 85 զոհերուն յանցանքը որո՞ւն վրայ կ՚իյնայ, երբ ինք եւ իր նմանները ահաբեկիչներ կը սնուցանեն ու կը կերակրեն, իսկ արդիւնքներէն մէկը՝ ահաւասի՛կ։

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, ամէնէն տխրահռչակ դերակատարներէն մէկը հանդիսացաւ Սուրիան խաչակրելու, իր սահմանները լայնօրէն բանալով ահաբեկիչ վոհմակներու դիմաց, հաւատալով որ Սուրիան կրնայ ծունկի բերել, իսկ Հալէպը կրնայ վերածել դժոխքի, յատկապէս հայերը ահաբեկելով եւ անոնց ինչքերը իւրացնելով (կամ փճացնելով)։

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճիպ Էրտողանի «տոն քիշոթ»ութիւնները, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին դէմ, որոշապէս զինք՝ միանգամընդմիշտ զգաստացուցին, թէ որեւէ փորձ նուաստացնելու կամ նսեմացնելու փութինականները, ան ինքզինք կրնայ գտնել վտանգաւոր անկիւնադարձի մը առջեւ (յիշել ռուսական օդանաւին պայթիւնը եւ ռուս օդաչուի մը սպանութիւնը), հետեւապէս, իր առաջին գործը ըլլալով «ներողութիւն» խնդրել նախագահ Փութինէն, Ռուսաստանէն, նոյնիսկ նիւթական հատուցում խոստանալով։

Ոչ միայն այսքան՝ իր քաջալերած ահաբեկիչները, նոյն ահաբեկչութեամբ լծուեցան նաեւ իր՝ Թուրքիոյ դէմ, բազմաթիւ գործողութիւններ սարքելով ու մարդկային կորուստներ պատճառելով, զուգահեռաբար քրտական շարժումներու ստեղծած ականահարական ցնցումներուն, որոնք ահ ու սարսափի մատնած են Էրտողանը ու թուրք ժողովուրդը։

Զգայացո՛ւնցը, անտարակոյս, Հալէպի ազատագրումն էր, ահաբեկիչներու փախուստն ու ճողոպրումը, անձնատուութիւնն կամ սպանութիւնը, որ, առհասարակ, Սուրիոյ տագնապին մէջ նոր կարգավիճակ կամ իրավիճակ ստեղծելու կը միտի, որովհետեւ, հերթաբար, այդ յառաջընթացը պիտի շարունակուի ու նոր զարգացումներ պիտի ձեւաւորուին։

«Տաէշ»ականներ հովանաւորողներ ու սատարողներ, ոմանք քիչ մը կանուխ, ուրիշներ՝ ներկայիս, իրենց արիւնռուշտ եւ արիւնարբու թաթերը քաշած կամ զսպած են, տեսնելով Հալէպին յաջորդող հանգրուանները, ի տես սուրիական վարչակարգի, ռուսական, իրանեան թէ դիմադրական ուժերու հզօրացած ու հզօրացուող ԲԱԶՈՒԿին։

Այս է պատճառը, որ հակառակ կողմը՝ ամերիկեան թէ արեւմտեան, թրքական թէ (կարգ մը) արաբական հոսանքներով, երբեմն երկչոտ, երբեմն կիսաբերան, երբեմն ալ՝ անպատկառ, գոյն ու դիրք կը փոխեն (կամ փոխելու վրայ են), համակերպելով այն ընտրանքին վրայ, որ Հալէպը կրնայ շատ անակնկալներու առաջնորդել։

***

Այս հաստափոր ու բազմափշոտ թղթածրարին մէջ, անշուշտ, սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալէպահայութեան դրուածքը եւ գոյավիճակը կը հետաքրքրէ, իր բնակչութեամբ ու կառոյցներով, իր ներկայով եւ ապագայով, մանաւանդ որ՝ կարեւոր մաս մը ցիրուցան է ասդ ու անդ, ժամանակաւոր թէ մնայուն մեկնումներով։

Աներկբայօրէն, առաւել անվտանգութեան ու խաղաղութեան հաստատումով, իր ծննդավայրին, բնակարանին, վաճառատան, ակումբին, եկեղեցիին, «թթխմոր» Հալէպին եւ ընդհանրապէս միւս հայաբնակ քաղաքներուն կառչած սուրիահայութիւնը, պիտի վերադառնայ, պիտի վերականգնէ, պիտի վերակերտէ ու պիտի վերաշխուժացնէ հայկական կեանքը եւ ազգային գործունէութիւնները, նոր ուժով եւ աւիւնով։

Պէյրութ, Լիբանան 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ