Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայիս 2016-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովին ընտրուած Կեդրոնական Վարչութիւնը միակ ղեկավարութիւնն է ՌԱԿ-ի, որ օրինական ոյժ ունի եւ պաշտօնապէս կը վայելէ աւանդական կուսակցութիւններուն, հայ կրօնական յարանուանութիւններուն եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն ճանաչումը:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնս կը յայտարարէ.

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան գլխաւորութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը բարոյապէս կը զօրակցի հայրենի ժողովուրդին, որպէսզի Ապրիլ ամսուն կայանալիք ընտրութիւնները ըլլան արդար եւ թափանցիկ:

Ինչպէս ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ, ՌԱԿ այս հանգրուանին իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որովհետեւ Հայաստանի մէջ իրաւական կառոյց չունի:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը իր սփիւռքեան կառոյցներով չի ճանչնար «ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդ» անունով մարմին մը եւ ան ո՛չ մէկ առնչութիւն ունի 95-ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հետ:

 

Ի դիմաց

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան

 

    Հրաչ Սեփեթճեան                            Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան

Ատենադպիր                                         Ատենապետ                                                                                                                           

 

 

Ալթատինա, 6 Փետրուար 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ