Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Սահակ Եպս. Մաշալեան տուած է իր հրաժարականը

Պոլիս

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ Եպս. Մաշալեան յայտարարած է, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ պատճառը պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթեշեանն է։

Ան հրաժարած է Փետրուար 13-ին հոգեւոր խորհուրդի նիստին ընթացքին՝ Աթեշեան Արքեպիսկոպոսի վարքին պատճառով։ Նաեւ նշած է, որ իր թեկնածութիւնը պիտի չդնէ պատրիարքի ընտրութեան եւ պիտի հեռանայ Իսթանպուլէն։

Ըստ Մաշալեան եպիսկոպոսին, Արամ Արք. արհեստական արգելքներ ստեղծած է պատրիարքի թափուր աթոռին համար ընտրութիւններ կազմակերպելուն մէջ։ Ան կ՚ըսէ, թէ մինչեւ այն ատեն որ Արամ սրբազան պատրիարքական փոխանորդն է, ընտրութիւններ պիտի չըլլան։ Արդէն ութ տարի է, որ այդպէս է։

Սահակ Եպս. Մաշալեան իր հրաժարական նամակին վերջաւորութեան կը գրէ, թէ հոգեւորականներ, ղեկավարներ եւ ժողովուրդ զինք միայնակ ձգեցին։ Ասիկա պարտութեան խօսք է, բայց պարտուածը միայն ես չեմ, կ՚ըսէ ան, այլ՝ դուք բոլորդ։ Կրկին յաղթեց միայն մէկ անձ ըսելով, եզրափակած է նամակը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ