Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի բացառիկ տօնակատարութիւնը նուիրուած Սրբոց Վարդանանց եւ Արցախեան հերոսներուն

Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա.-  Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ «Գարակէօզեան» սրահ հաւաքուած էին աւելի քան 350 ծնողներ, բարեկամներ եւ աշակերտներ, վայելելու գեղարուեստական ճոխ երեկոյ մը, հայկական աւանդական կերակրատեսակներով զարդարուած սեղաններու շուրջ՝ Հինգշաբթի, 23 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան։

Ներկայ էին վարժարանի Հոգաբարձութեան անդամներ, տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեան, Նախակրթարանի փոխ-տնօրէնուհի Տիկ. Փառիկ Յարթունեան, ուսուցիչներ, ծնողներ, բարեկամներ, հիւրեր եւ աշակերտներ։

Արդէն աւանդութիւն դարձած այս հանդիսութիւնը, կազմակերպուած եւ իրագործուած վարժարանին Հայերէնի բաժանմունքին կողմէ, եւ գործակցութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհիներուն, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ բարձր կը պահէ Վարդանանց եւ Արցախեան ոգին աշակերտներուն մէջ, անոնց իսկ կատարած երգով ու պարով, թատերական պատկերներով թէ արտասանութիւններով։

Հաճելի էր տեսնել զինուորական համազգեստներով բարձրագոյն կարգի աշակերտները ոչ միայն որպէս գեղարուեստական մասի մասնակիցներ, այլ նաեւ՝ օրուան մատուցողներ։ Նոյնքան անուշ էր տեսնել 3-րդ կարգի աշակերտները որպէս մէկական վարդաններ եւ վարդենիներ, որոնք Ղեւոնդ Երէցին հետ պատրաստ էին պայքարելու պահելու համար իրենց հաւատքն ու երկիրը։

Հանդիսութիւնը չորս մասերէ բաղկացած էր։ Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շնորհք աւագ քահանայ Տէմիրճեանի աղօթքէն եւ բացման խօսքէն ետք, երկու ժամ շարունակ բեմին վրայ տողանցեցին 9-էն 18 տարեկան շուրջ հարիւր մասնակիցները։

Նախակրթարանի 3-րդ դասարանը ներկայացուց «Վարդանանց ասպետներ» խորագրուած երաժշտախառն բեմականացում մը, ուր պատկերուեցաւ երթը դէպի պատերազմի դաշտ՝ խօսքով, երգով ու պարով։ Զինուորական համազգեստներով խրոխտ ելոյթները դեռ երկար պիտի մնան ներկաներուն յիշողութեան մէջ։

Ապա, Միջնակարգի 6-7-րդ դասարաններէն կազմուած խումբ մը «Արցախի լեռներու սրինգը» անուան տակ ամերիկահայ կեանքէն պատառիկ մը ներկայացուց, ուր հերոսը կ՚որոշէ Արցախ երթալ եւ հոն ապրիլ։ Նոյն դասարանէն խումբ մը այլ աշակերտներ հանդէս եկան նաեւ հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով։

Յաջորդ՝ երրորդ  մասը վերապահուած էր դպրոցին երէցներուն. 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններէն շուրջ 30 աշակերտներ բարձրացան բեմ եւ յուզմունքի ու հպարտութեան պահեր ապրեցուցին բոլոր ներկաներուն՝ իրենց զոյգ երգերով եւ ոգեշունչ ելոյթներով («Ախպերս ու ես» եւ «Արդեօք ովքե՞ր են»), կիթառի ընկերակցութեամբ շրջանաւարտ դասարանէն Արէն Էքիզեանի։

Ճաշի դադար՝ հերիսա։

Չորրորդ եւ վերջին մաս. երաժշտական բաժին։

– «Լռեց…» (Հիմի՞ էլ լռենք…), ջութակ՝ Ալեքս Յարութիւնեան, 9-րդ դասարան

– «Ղարաբաղ», մեներգ, Էմըլի Պեսնիլեան, 9-րդ դասարան

– «Կռունկներ» զուգերգ, Ալեքսանդրա եւ Լիլիա Եարալեաններ, 11-րդ դասարան

– «Ծաղկած բալենի» եւ «Կռունկներ», նուագախումբի կատարմամբ

– 6-7-րդ դասարանի երգչախումբ՝ «Իմ սէր Հայաստան», «Հայ-հայ» եւ «Միասնաութեան շուրջպար» (մենակատարներ՝ Ճորճիա 6-րդ եւ Էմըլի 9-րդ Պեսնիլեաններ)։

Յայտագրի աւարտին, շնորհակալական խօսք արտասանեց Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնուհի, ազնուափայլ Տիկ. Արփի Աւանէսեան, որմէ ետք հանդիսավար Պրն. Հրաչ Սեփեթճեանի խօսքով փակուեցաւ երեկոն։

Ամենայն յարգանքի եւ շնորհակալութեան արժանի են վարժարանին հայերէնի եւ երաժշտութեան բոլոր ուսուցիչները, որոնք բարձր գիտակցութեամբ յանձն առին, ծրագրեցին ու իրականացուցին հայ ինքնութեան նուիրուած այդ երեկոն։ Շնորհակալութիւն առաջին հերթին Նախակրթարանէն՝ Օրդ. Զեփիւռ Տէմիրճեանին, Տիկ. Սեւան Տէր Պետրոսեանին եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի եւ խմբավար՝ Օրդ. Արուս Անդրէասեանին, Միջնակարգէն՝ ուսուցչուհիներ Տիկ. Աննա Եարալեանին եւ Տիկ. Վիլմա Գույումճեանին, Երկրորդականէն՝ Տիկ. Ռոզալին Մատոյեանին եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի ու խմբավար՝ Տիկ. Քրիստինա Խոջոյեանին, ինչպէս նաեւ ուսուցչուհիներ Տիկ. Մարալ Ոսկեանին, Տիկ. Թագուշ Նալպանտեանին, Տիկ. Յասմիկ Մուրադեանին, Տիկ. Լենա Արսլանեանին, Տիկ. Հուրի Խեչումեանին եւ Օրդ. Նիքոլ Միքայէլեանին, իրենց բերած բոլոր օժանդակութիւններուն համար։ Շնորհակալութիւն նաեւ Պրն. Յովհաննէս Գումրուեանին, լոյսի եւ ձայնի պատասխանատու՝ Վան Ոսկեանին՝ 12-րդ դասարան, լուսանկարիչ՝ Յակոբ Չինչինեանին՝ 9-րդ դասարան, «Էսսօ» միջերկրականեան ճաշարանի սեփականատէր եւ վարժարանիս ծնողք Տիկ. Էլօ Միրզոյեանին, ինչպէս նաեւ սրահի տնօրէնութեան եւ յատուկ շնորհակալութիւն Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ եւ անոր ամենահաս հովիւին՝ Արժ. Տէր Շնորհք աւագ քահանայ Տէմիրճեանին, որ լայն բացաւ եկեղեցւոյ դռները, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի այդ երեկոն։

Բոլոր ներկաները գոհունակ սրտով վերադարձան իրենց տուները, իրենց հետ տանելով օրուան միակ ու պարզագոյն պատգամը՝ խօսինք հայերէն եւ մնանք հայ։

Ապրի՛ք աշակերտներ։

 

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ