Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Նախընտրական քարոզարշաւը սկսաւ… խոստումներով եւ կարծիքներով

– Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Մեր մրցակիցների հանդէպ ունեցած ողջ յարգանքով հանդերձ՝ հաւատում ենք, որ մենք կը յաղթենք»

– Սերժ Սարգսեան. «Մենք դառնալու ենք տարածաշրջանի ամենաարագ զարգացող պետութիւնը»

– Վարչապետ Կարէն Կարապետեան. «Դէպի անկախ, անվտանգ, արդար եւ ինտելեկտուալ Հայաստան»

– Նախկին պաշտպանութեան նախարար, «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի ղեկավարներէն՝ Սէյրան Օհանեան. «Գնալու ենք այն քայլերին, որ այսօրուայ իշխանութիւնները փոխուեն»

– «Կոնգրէս-ՀԺԿ» դաշինքէն՝ Լեւոն Զուրաբեան. «Մենք գալիս ենք խաղաղութիւն հաստատելու ծրագրով»

– «Ելք» դաշինքի անդամ Հայկ Կոնջորեան. «Ապրիլի 2-ին ընտրութիւն ենք կատարելու թղթէ շերեփի եւ երկաթէ շերեփի միջեւ, հին Հայաստանի եւ նոր Հայաստանի միջեւ, աղքատութեան եւ բարեկեցութեան միջեւ»

– ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլս. «Ես բոլոր ընտրողներուն կոչ կ՚ուղղեմ,  որ Ապրիլ 2-ին երթան տեղամասեր՝ յանուն Հայաստանի ապագայի»

 

 

Հրանդ Բագրատեան. «Մենք գնում ենք դէպի պարտութիւն…»

Ազատ Դեմոկրատներ կուսակցութեան ցանկով յառաջադրուած խորհրդարանական թեկնածու, նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան խօսած է թիւերու լեզուով. Հայաստանի մէջ աղքատութիւնը Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան շրջանին պիտի իջնէր 23-էն 11 տոկոսի, մինչ՝ բարձարացած է 30-ի. վերջին տասը տարիներուն երկիրը լքած է 320 հազար մարդ։ Երկրին պիւճէն գրեթէ նոյնն է, հակառակ խոստումներուն։ Պետական պարտքը մէկուկէս միլիառ տոլարէն հասած է 5,2 միլիառ տոլարի։ «Սա կատարեալ ճգնաժամ է։ Մենք գնում ենք ոչ թէ մի տեղ, մենք գնում ենք յստակ պարտութիւն, առջեւում տնտեսական կոլապսն է», յայտարարած է Բագրատեան։

Միւս կողմէ, Ազատ Դեմոկրատներու նախագահ Խաչատուր Քոքոբելեանը Հայաստանի զարգացումը կը տեսնէ Եւրոպայի հետ համագործակցութեան մէջ։

 

Նայիրա Զոհրաբեան. «…Քուէարկեցէ՛ք ձեր խղճի մտօք»

Ծառուկեան դաշինքի անդամ Նայիրա Զորհաբեանը Կիրակի օր ձեռնարկելով իր քարոզարշաւին Տաւուշի մարզին մէջ յայտարարած է. «Ծառուկեան դաշինքի ամենամեծ կարգախօսն է՝ հայերնիքը վերադարձնել ձեզ, ոչ թէ մի խումբ մարդկանց, ովքեր մէկ նպատակ ունեն՝ թալան-թալան մինչեւ վերջ»։ Ան քաջալերած է, որ մարդիկ մասնակցին քուէարկութեան, կոչ ընելով, որ եթէ պէտք է կաշառք վերցնել թող վերցնեն, բայց քուէարկեն իրենց խղճի մտօք, «որովհետեւ ձեր քուէարկութեամբ դուք որոշելու էք ձեր երեխաների ապագան. ու եթէ ձեր երեխայի ապագան վատը եղաւ, մեղաւորը դուք էք լինելու», ըսած է ան։

 

Հայ-ռուսական յարաբերութիւններ

Հայ-ռուսական անվտանգութեան խորհրդակցութիւններուն մասնակցելու համար Երեւան ժամանած է Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը։ Նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է աշխարհի մէջ կատարուող միջազգային արդի խնդիրներուն, տարածաշրջանային զարգացումներուն, ԼՂՀ-ի կարգավիճակին եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ խնդիրներու։

 

Սեւանայ լիճին մակարդակը բարձրացեր է 9 ինչ

Սեւանայ լիճին մակարդակը Յունուար 31-ի դրութեամբ 1900,45 մեթր է, որ անցեալ տարուան համեմատ բարձր է 23 սմ.-ով (9 ինչ)։

 

«Հաց բերող»ը դադրեցուց հացադուլը

«Սասնայ ծռեր» խումբին «հաց բերող» Արթուր Սարգսեանը, որ անցեալ ամիս դարձեալ բանտարկուած էր ու հացադուլ յայտարարած, Մարտ 6-ին ազատ արձակուած է եւ դադրեցուցած հացադուլը։ Ան կը գտնուի բժիշկներու հոգատարութեան տակ։ Վեց պատգամաւորներ կէս միլիոնական դրամ գումար երաշխաւորագինով օժանդակած են, որուն դիմաց, Արթուր Սարգսեան պէտք չէ դիմէ փախուստի։

 

 

Սամուէլ Կարապետեան՝ աշխարհի ամենահարուստ հա՞յը

Ռուսահայ գործարար Սամուէլ Կարապետեան, որ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահն ու  հիմնադիրն է, ընդգրկուած է Պլումպըրկի աշխարհի 500 միլիառատէրերու ցանկին վրայ։ Ան 394-րդն է 4,38 միլիառ տոլարով։

2016-ի տուեալներով ան 549-րդն էր աշխարհի ամենահարուստներուն մէջ եւ 28-րդը՝ Ռուսիոյ մէջ, հանրայայտ “Forbes”-ի տուեալներով։

 

 

Արամ Ա. «Կը մնանք զօրակից Ղարաբաղի անկախութեան եւ մասնակից անոր հզօրացման»

Մարտ 4-ին, Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գոհունակութիւնը յայտնած է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորումով Մարտակերտի շրջանին մէջ կառուցուած «Նոր Կիլիկիա» գիւղի 15 բանակարաններ արդէն իսկ յանձնուած են ընտանիքներու։ Յիշեալ բնակարանները տրամադրուած են Մարտակերտի շրջանի Կիջան եւ Նոր Ղազանչի համայնքներու զոհուած ազատամարտիկներու, ինչպէս նաեւ բազմազաւակ ընտանիքներու։ Անթիլիաս կը տեղեկացնէ, որ սկզբնական շրջանին արդէն իսկ կառուցուած ու բնակիչներու յանձնուած են 10 բնակարաններ, ինչպէս նաեւ վերանորոգուած է միջնակարգ դպրոցը, եւ ապա՝ 32 բնակարաններ վերանորոգուած են։

 

Սիրիահայերի ձեռքի աշխատանքների բարեգործական ցուցահանդէստօնավաճառը՝ ԵՊՀում 

PanARMENIAN.Net – Մարտի 6-ին Երևանի պետական համալսարանի բանասիրական ֆակուլտետի նախասրահում բացուել է Կանանց միջազգային օրուան նուիրուած «Սիրիահայ մշակոյթի շունչը Երևանում» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը:

Ցուցահանդէսը կազմակերպել է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը՝ «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոնի» հետ համատեղ:

Ցուցահանդես-տոնավաճառի բացմանը ներկա էր ՀՀ սփյուռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:

Ցուցահանդէս-տօնավաճառին ներկայացուած է 60-ից աւելի սիրիահայի ձեռագործ աշխատանքներ, ոսկերչական իրեր, քաղցրաւենիք:

Կանանց միջազգային օրուան նուիրուած ցուցահանդէս-տօնավաճառը կը գործի Մարտի 6-7-ը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ