Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Սարգսեան Եւրոպայի հայութեան՝ Դուք էք մեր ելքը դէպի արտաքին աշխարհ

Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեան առաջին օրուան աւարտին հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։

Ան իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի վերջին 25 տարիներու ձեռքբերումներուն, տակաւին առկայ խնդիրներուն, ՀՀ եւ Արցախի անվտանգութեան, սուրիահայերուն աջակցելու ծրագիրներուն, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան։ Սարգսեան կոչ ուղղած է միաբանիլ եւ ջանքերը ուղղել համազգային նպատակներու իրականացման համար։

«Մեր նպատակը մէկն է՝ կառուցել արդիւնաւէտ եւ բարեկեցիկ Հայաստան։ Միայն այդպիսի Հայաստանն է ունակ պաշտպանելու ինքն իրեն եւ զօրավիգ կանգնելու սփիւռքի իր քոյրերին ու եղբայրներին», ըսած է ան:

– Նոյն օրը նախագահ Սարգսեան տեսակցած է ֆրանսական «Վէոլիա» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Անթուան Ֆրերոյի հետ, որու գլխաւորած ընկերութեան հիմնադրած «Վէոլիա Ջուր» ընկերութիւնը ստանձնած է Հայաստանի 45 քաղաքային համայնքներու, նաեւ Երեւանի ու 360 գիւղական համայնքներու ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման աշխատանքները։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ