Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Սէմ Սիմոնեան Հայաստանի վարչապետին ներկայացուց իր նոր ծրագիրը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Մարտ 21-ին ընդունած է «Թումօ» ստեղծարար տեխնոլոգիաների կեդրոնի հիմնադիր Սէմ Սիմոնեանը:

Զրուցակիցները քննարկած են «Բարձրագոյն կրթութեան միջբուհական կեդրոն»ի ստեղծման ծրագրին առնչուող հարցեր: Կարէն Կարապետեան կաեւորած է բարձրագոյն կրթութեան համակարգէն ներս բարեփոխումներու իրականացումը և ողջունած Ս. Սիմոնեանի նախաձեռնութիւնը: Վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու որպէսզի ծրագիրը իրականացուի։

Սէմ Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին օժանդակութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար և նշած, որ այս ծրագիրին պիտի օժանդակէ նաեւ Եւրոպական Միութիւնը: Անոնք անդրադարձած են նաև «Թումօ» ստեղծարար տեխնոլոգիաների կեդրոնի գործունէութեան, անոր նոր նախաձեռնութիւններուն եւ նոր  ծրագիրներուն: 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ