Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ըսած է, որ «մենք առաջնորդւում ենք ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ, որը կոչ է անում միաւորուել` պահպանելու միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, զարգացնելու պետութիւնների միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները` հիմնուած ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի յարգման վրայ»:
Նախարարը այսպէս արտայայտուած է Նիւ Եորքի մէջ հանդէս գալով ՄԱԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան:
«Այս յանձնառութիւնների ամբողջական եւ անշեղ իրագործումը բոլոր պետութիւնների պարտաւորութիւնն է, որը նրանք ստանձնել են իրենց անդամակցութեամբ: Հայաստանը լիակատար հաւատարիմ է այս յանձնառութիւններին, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ջանքերում:
Այս պարտաւորութիւններն են ընկած նաեւ ՄԱԿ-ի շրջանակներում Հայաստանի ներգրւուածութեան հիմքում: Առաջին հերթին սա վերաբերում է ՄԱԿ-ի կանխարգելման օրակարգին մեր յանձնառութեանը: Որպէս Ցեղասպանութեան սարսափի միջով անցած ժողովուրդ` մենք զգում ենք բարոյական պարտաւորութիւն, ինչպէս նաեւ իրաւասութիւն՝ բարձրաձայնելու ցեղասպանութիւնների, մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւնների կանխարգելման կարեւորութիւնը եւ քայլեր ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ», – ըսած է Էդուարդ Նալպանտեանը:
Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստան իր նպաստը կը բերէ համաշխարհային խաղաղաութեան՝ ուղղակիօրէն մասնակցելով շարք մը խաղաղապահ առաքելութիւններու՝ Աֆղանիստանի, Իրաքի, Քոսովոյի, Լիբանանի եւ Մալիի մէջ։