Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Լուրեր Առաջնորդարանէն. Քահանայութեան թեկնածու Բրշ. Հայկ Սրկ. Տիգրանեան կը վերադառնայ Արեւմտեան Թեմ

Արեւմտեան Թեմի Քահանայութեան թեկնածուներէն՝ Բրշ. Հայկ Սրկ. Տիգրանեան երեք տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնից Պատրաստութեան Լսարանէն իր ուսումնառութեան շրջանը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, վերադարձաւ Լոս Անճելըս՝ Արեւմտեան Թեմէն ներս շարունակելու իր ծառայութիւնը:

Արդարեւ, Բրշ. Հայկ Սրկ. Տիգրանեան Թեմիս նուիրեալ Սարկաւագներէն մին է: Ան 11 տարեկանէն սկսեալ ծառայած է Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Եկեղեցւոյ երգչախումբի միջոցաւ: Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի ձեռամբ տարբեր տարիներու ստացած է դպրութեան աստիճան, ուրար կրելու իրաւունք եւ կիսասարկաւագութեան ձեռնադրութիւն: Իսկ 2007-ի Սեպտեմբերին Սրբազան Հօր կողմէ ձեռնադրուած է Սարկաւագ:

Բրշ. Հայկ Սրկ. Տիգրանեան ծնած է Երեւան 1986-ին եւ եօթը տարեկանէն ի վեր կը բնակի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: 2004-2007 ուսանած եւ աւարտած է հոգեբանութեան գիծով Նորթրիճի Համալսարանը եւ տիրացած է Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսին՝ Հոգեբանութեան մէջ:

Բարի վերադարձ եւ նուիրեալ ծառայութիւն կը մաղթենք Բրշ. Հայկ Սրկ. Տիգրանեանին:

 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ