Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարան Երեք պատուաբեր յաջողութիւններ

Ինչպէս ծնող մը արդարօրէն կ’ուրախանայ ու կը հպարտանայ իր զաւկին կամ զաւակներուն ձեռք բերած յաջողութիւններով, նոյնպէս ալ Հայ Վարժարանը համայնական ուրախութիւն կ’ապրի իր ուսանողներուն ձեռք ձգած նուաճումներով ու յաջողութիւններով։ Արդարեւ ճիշդ է, որ մէկուն յաջողութիւնը բոլորին յաջողութիւնն է, եւ մէկուն ուրախութիւնը՝ բոլորին ուրախութիւնն է։

Անցնող շաբաթներուն ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի մեծ ընտանիքը արդար հպարտութիւն ու ցնծութիւն ապրեցաւ, երբ ներգաղութային մակարդակի վրայ, զանազան միջոցառումներու ընթացքին Վարժարանս ներկայացնող աշակերտները առաջնակարգ ու պատուաբեր դիրքեր գրաւեցին։

 

 

ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՀՌԵՏՈՐԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

 

Շաբաթ, 4 Փետրուար 2017-ին, Վարժարանիս աւարտական դասարանի երկու սաներ՝ Արի Էքմէքճեան եւ Դանիէլ Մուրատեան, մասնակցեցան Հայ Կրթական Հիմնարկութեան կողմէ կազմակերպուած «Հռետորական մրցում»ին։

Մրցոյթը բաղկացած էր երկու անջատ մասերէ. հայերէն եւ անգլերէն։ Հայերէն բաժնին մասնակցող աշակերտները, իրենց նախասիրութեամբ եւ ընտրութեամբ, պէտք էր ընտրէին հայ իրականութենէն ներս,– անցեալի թէ ներկայի,– առաւել ազեցութիւն թողած հռչակաւոր հայ դէմք մը, եւ հռետորական ոճով զայն ներկայացնէին, թէ ինչպիսի՛ ազդեցութիւն ու հետք թողած է տուեալ անձը իր գործունէութեամբ հայ ժողովուրդին վրայ ընդհանրապէս եւ հայ նոր սերունդին վրայ յատկապէս։

Վարժարանիս կողմէ հայերէն բաժնին իր մասնակցութիւնը բերաւ Արի Էքմէքճեան, որ ներկայացուց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Խրիմեան Հայրիկի անձն ու թողած անզուգական վաստակը Հայ Դատի մարզէն ներս։

Իսկ անգլերէն բաժնին մասնակող աշակերտները պէտք էր խօսէին հայկական ինքնութիւնը սփիւռքի տարածքին ինչպէ՛ս պահպանելու գործօնին մասին։ Այս բաժնին յանուն Վարժարանիս մասնակցեցաւ Դանիէլ Մուրատեան, որ շեշտեց, թէ մենք կրնանք մեր հայ ինքնութեան պահպանման նպաստել՝ մեր լեզուին, մեր մշակոյթին ու մեր համայնքին ծառայելով, անկախ մարդու տարիքէն կամ ունեցած կարգավիճակէն:

Մեր երկու աշակերտներուն մօտ մեծապէս զգալի էր պատրաստուածութեան լրջութիւնը եւ նիւթը ներկայացնելու իրենց հմտութիւնը. ահա թէ ինչո՛ւ անոնք ձեռնհասօրէն ներկայացուցին իրենց հռետորական ճառերը։

Հպարտութեամբ կ’ուզենք յիշատակել եւ միաժամանակ շնորհաւորել Արի Էքմէքճեանը, որ հայկական բաժնի մրցոյթին ապահովեց առաջին դիրքը։

 

 

ՄԻՋ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

 

Շաբաթ, 27 Փետրուար 2017-ին, Վարժարանէս խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան «Ամերիկայի Հայ Ճարտարագէտներ եւ Գիտնականներ»ու (Armenian Engineers and Scientists of America) կազմակերպած «Գիտութեան մրցում»ին (Science Fair), որուն կրնան մասնակցիլ թէ՛ հայկական վարժարաններ եւ թէ՛ օտար վարժարաններ  յաճախող հայ աշակերտները միայն։

Սոյն մրցումին իւրաքանչիւր աշակերտ գիտական աշխատանքով եւ նորարարութեամբ մը կը ներկայանար։ Շատ հետաքրքրական էր դիտել դեռ նոր բողբոջուող ու փթթող պատանի գիտոսիկներու մտքի թռիչքը, զիրենք շահագրգռող նիւթի պատրաստուածութիւնն ու անոր ներկայացումը։

Տարբեր վարժարաններէ եկած ուսանողներու մէջ մեր աշակերտները փայլեցան ո՛չ միայն իրենց ներկայութեամբ, այլ մանաւանդ՝ բազմաթիւ մրցանակներ նուաճելով։

Արդարեւ, Senior Life Science-ի առաջին տեղը գրաւեցին Վարժարանիս աշակերտներէն՝ Նարեկ Տատուրեան եւ Էթան Քէշիշեան։ Senior Physical Science-ի առաջնութիւնը շահեցաւ Սէրա Այնթապլեան, իսկ երրորդ տեղը գրաւեց Կալին Աղէկեան։ Իսկ Սթեֆանի Խաչիկեան պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ։

Ինչպիսի տօնական օր էր թէ՛ Վարժարանիս համար եւ թէ՛ մասնակից ու յաղթանակած աշակերտներուն համար։

 

 

ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԱՐՏԱՍԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

 

Իսկ Շաբաթ, 11 Մարտ 2017-ին, կազմակերպութեամբ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնին, տեղի ունեցաւ միջ-դպրոցական «Ասմունքի Մրցոյթ», հովանաւորութեամբ՝ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի:

Մրցոյթը տեղի ունեցաւ Ազգային Շամլեան Վարժարանէն ներս, մասնակցութեամբ հայկական գրեթէ բոլոր վարժարաններուն։ Մրցումը կը բաղկանար երեք տարբեր մակարդակներէ. նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական:

Վարժարանիս կողմէ մրցոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին երկու տաղանդաւոր աշակերտներ՝ Աղէկ Աղէկեան եւ Բիթըր Պետրոս Տէր Պետրոսեան:

Երիցս անգամ ուրախութիւնն ունինք յայտարարելու, որ երկրորդական բաժնի ստորաբաժանումին մէջ առաջնութիւն շահեցաւ 11-րդ դասարանէն Բիթըր Պետրոս Տէր Պետրոսեան:

Ի սրտէ կը շնորհաւորենք վերոյիշեալ մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած մեր բոլոր աշակերտները, անոնց մաղթելով բարի երթ ու նորանոր նուաճումներ։ Վարձքը կատար մեր սիրելի ուսուցիչներուն, եւ աչքը լոյս Վարժարանիս տնօրէնութեան եւ բոլոր ծնողներուն։

 

ԾԱՆՕԹ. – Մեր հայրենակիցներուն կ՚ուզենք տեղեկացնել, թէ մեր տասնմէկամեայ Վարժարանէն ներս արդէն տասը տարիներէ ի վեր կը գործէ ընտրովի դասարաններէ կազմուած «Հայ Թատրոն» խումբը, որուն պատասխանատուն ու դաստիարակն է Օրդ. Լորա Գույումճեան։ 

«Հայ Թատրոն» աշակերտական խումբը, առկայ հայկական բոլոր վարժարաններուն մէջ միակ թատերական խումբն է, որ ամէն տարի բարձր խաղարկութեամբ հանրութեան կը ներկայացնէ հայ թատերագիրներու կամ գրողներու գործեր, հաճոյք ու գոհունակութիւն պատճառելով հայ հանդիսատեսին։

Այս տարեշրջանին աշակերտները պիտի ներկայացնեն Վաչէ Ատրունիի «Ո՞վ է փեսացուն» կատակերգութիւնը։ Ելոյթները տեղի պիտի ունենան Վարժարանիս «Պոյաճեան» սրահին մէջ, Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, կէսօրուան ժամը 11։00-ին, հայկական վարժարաններու աշակերտութեանց համար, եւ երեկոյեան ժամը 8։00-ին, ինչպէս նաեւ Ուրբաթ, 31 Մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին՝ հանրութեան համար:

Կը հրաւիրենք բոլոր թատերասէրները, որ իրենց ներկայութեամբ քաջալերեն մեր աշակերտներուն կողմէ մեծ զոհողութեամբ պատրաստուած սոյն թատերախաղը, անոնց խոստանալով պարգեւել հաճոյք, ծիծաղ եւ հոգեկան գոհունակութիւն։

 

Պ.Ա.Կ.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ