Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Միջ-դպրոցական ասմունքի մրցումին գլխաւոր յաղթականը՝ գրաւոր մշակոյթը

Չորրորդ տարին ըլլալով, Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ, եւ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի կազմակերպութեամբ, միջ-դպրոցական ասմունքի մրցումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9-էն սկսեալ, գործնապէս ապացուցելով, որ մայրենիին հետ պատանի սերունդին մտերմութեան մէջ արտասանութիւնը ինչպիսի՛ բարերար ու անփոխարինելի դեր ունի:

                Այս տարուան մրցումը տեղի ունեցաւ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի սրահին մէջ, մասնակցութեամբ 48 աշակերտներու, որոնք կու գային Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան միջնակարգ, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս, Մեսրոպեան ու Ֆերահեան երկրորդական վարժարաններէն, Մարի Գապայեան նախակրթարանէն, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան ու Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրդ. վարժարաններէն, Մոնթրոզի Հայ Քոյրերու եւ Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ վարժարաններէն:

                Մրցումը նուիրուած էր Արցախի անկախութեան 25-րդ տարեդարձին եւ տեղի ունեցաւ երեք խմբակներու միջեւ. առաջին խմբակին մաս կը կազմէին 4-րդ եւ 5-րդ դասարաններու աշակերտներ, երկրորդ խումբին՝ 6-էն 8-րդ, իսկ երրորդ խումբին՝ 9-էն 12-րդ կարգի աշակերտներ։ 

                Յայտագիրը վարեց Տիար Միհրան Թումաճան։ Ան ծանօթացուց դատական կազմի անդամները՝ Տիկին Թագուհի Արզումանեան, Գրիգոր Օկարեան, Մարալ Վարժապետեան, Սայեաթ Պապումեան եւ Տոքթ. Մանուկ Սերայտարեան:

Մասնակցող աշակերտները իբրեւ նուէր ստացան «Սարդարապատ» եւ «Ապրիլ» գրախանութներուն կողմէ տրամադրուած որմազդներ։ Խնամակալ Մարմինը, իր կարգին, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն նուիրեց Արցախը խորհրդանշող գլխարկներ: Յիշեցնենք, որ այս մրցումներուն զօրակից է «Շուշի Փլազա» հաստատութիւնը, որ մրցանակ շահողներուն առիթ կ՚ընծայէ մասնակցիլ Շուշիի մէջ ամրան ընթացքին տեղի ունեցող համագաղութային ասմունքի մրցումին:

Առաջնութիւնը շահեցան Գառնի Պալեան՝ 5-րդ կարգ (Մարի Գապայեան Վրժ.), Անի Անմահունի՝ 8-րդ (Շամլեան Վրժ.), իսկ երկրորդական բաժինէն երկու առաջնութիւն՝ Վարանդ Չալըքեան՝ 10-րդ (Փիլիպոս Վրժ.) եւ Փիթըր Տէր Պետրոսեան՝ 11-րդ (ՀԲԸՄ Վ. եւ Թ. Մանուկեան Վրժ.)։

Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Մարտ 28-ին, Առաջնորդարանին մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ