Ներկայիս Հայաստանի մէջ կ՚ընթանան խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւներ, Ապրիլի ընտրութիւններուն ընդառաջ: Թիւով 9 դաշինքներ և անկախ խմբակներ կը մասնակցին ընտրութիւններուն, մէկը միւսը վարկաբեկելով զանազան ամբաստանութիւններով և զանոնք ներկայացնելով որպէս անկարող ղեկավարներ, դաւաճաններ ևայլն: Տարօրինակ չի թուիր այս բոլորը, եթէ նկատի ունենանք մի քանի ամիս առաջ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները:
Տարօրինակը, սակայն այն է, երբ կարգ մը թեկնածուներ կը սկսին սակարկութեան դնել հայկական ազատագրուած հողերու տարածքները, փոխանակելու համար կարգ մը այլ տէրութիւններու առաջարկած «խաղաղութեան», «սահմանային երաշխաւորութեան կամ ապահովութեան» և այլ սին խոստումներու հետ: Նոյն այդ տէրութիւններու կողմէ առաջարկուած են նաև սահմանային պահպանութեան ռազմային հսկողութիւն իրենց կողմէ:
Հայ ազգը դարերու ընթացքին կորսնցուցած է հայրենիք, տառապած և կոտորուած է նման խոստումներու հետեւանքով, խաբուած ու անտեսուած և վերջապէս՝ չնչինով համոզուած պարտադրաբար այլ ելք չգտնելով:
Դիւանագիտութիւնը քաղաքական խաղավայրին մէջ ունի իր միանշակ յատկութիւնը, որն է՝ միշտ մնալ յաղթական դիրքի վրայ, չկորսնցնել առաւելութիւն և օգտագործել որևէ քայլ ի շահ իրեն: Այժմ, երբ հայրենիքը ունի այդ առաւելութիւնը Արցախով և իր ազատագրուած տարածքներով, ինչպիսի՞ խոհեմ քաղաքական քայլ կարելի է նկատել ազատագրուած տարածքներուն, մասնակի կամ ամբողջ, յանձնումը թշնամիին, որ անօրէն կերպով ստեղծուած իր երկրին առաջին օրէն սկսեալ հետապնդած է մէկ նպատակ, այն է՝ հայկական հողերու գրաւումը և հայ ժողովուրդի բնաջնջումը: Խաղաքարտի հակակշռող ձեռքը այժմ Հայաստանի ձեռքն է, ինչո՞ւ աճապարել արագ և վնասակար որոշումով:
Պատմութիւնը օրինակ է հայ ազգին համար, թէ ինչպէս կրնանք վստահիլ թուրքին կամ ազերիին, երկուքն ալ ըլլալով թուրք: Ինչպէ՞ս հաւատանք թէ ան կը փոխուի, վստահինք իրեն և դառնանք «եղբայր», ինչպէս երգեր հիւսեցին ժամանակին, հասնելու համար այսօրուան վիճակին: Իսկ այն տէրութիւնները որոնք ձրի երաշխիքներ կը ցրուեն աջ ու ձախ, որոնց վրայ իրենք նոյնիսկ վստահ չեն, ինչպէ՞ս պիտի կարողանան արդարօրէն և անշահախնդիր գործադրել այդ երաշխիքները իրենց հեռաւոր դղեակներէն: Հայ ժողովուրդը ականատես եղաւ նման երաշխաւորումներու Վրաստանի մէջ, ոչ շատ հեռու անցեալին: Ինչպէ՞ս հաւատալ թէ «Մինսքի խմբակ» մը կրնայ ռազմական օգնութեան հասնիլ Հայաստանին իր բազմագլխանի նախագահներու որոշումներով, երբ անոնք տակաւին տարակուսանքներ ունին իրարու միջև կարգ մը հարցերու շուրջ, և նախապայմանները կը կուտակուին պայմաններուն դիմաց:
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածուները հաւանաբար պարտին զանց առնել վերոյիշեալ տարբերակը իրենց քարոզարշաւի պոռոտախօսութիւններուն մէջ, չմոռնալով թէ որո՞ւ և ինչի՞ մասին է խօսքը և անոնց հետեւանքները:
Եթէ սոյն «խմբակները» կամ «մեզմով մտահոգ տէրութիւնները» կը կարենան «բան» մը ընել կամ «բան» մը փոխել կացութենէն, թող որ գործադրէին այդ մինչև այսօրս աշխարհի այլ անկիւններու մէջ պատահածներուն վրայ, որոնք անվերադարձ ընթացք ունեցան ազգերու և երկիրներու քայքայման, մասնատման կամ կործանման մէջ:
Ազգային առողջ ոգիով դիմագրաւենք այսպիսի մարտահրաւէրներ: