Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր Զամփիւղը

 

Արտաքին երեւոյթով դաշտագնացութեան զամփիւղ մըն է սա (picnic basket), սակայն խորքին մէջ՝ ուրիշ բան է այդ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ եւ վստահ եմ պիտի զարմանաք։

Արդարեւ, Օհայօ նահանգի Նիւուըրք քաղաքին մէջ եօթը յարկանի շէնք մըն է այդ՝ որ կը ծառայէ որպէս գլխաւոր կեդրոնատեղի, Longaberger ընկերութեան։ Անշուշտ կռահած պէտք է ըլլաք, որ այդ ընկերութեան մասնագիտութիւնն է արտադրել դաշտագնացութեան զամփիւղներ, ինչպէս որ նկարը ցոյց կու տայ…

Այդ շէնքը կառուցուած է 1997 թուականին եւ արժած 32 միլիոն տոլար։ Իսկ հիմա այդ շէնքը ծախու դրուած է հինգ միլիոն տոլարի, սակայն հետաքրքրուող չկայ։

Կար ժամանակ, երբ գործերը լաւ էին, այդ շէնքը կը պարփակէր մինչեւ 225 պաշտօնեայ։ Բայց Ամերիկայի մէջ՝ ինչպէս այլուր, գործերը լաւ կ՚ընթանան ժամանակ մը եւ յանկարծ ամէն ինչ կը յեղաշրջուի՝ ի վնաս պաշտօնեաներուն, որոնք պէտք է ճկուն ըլլան, որպէսզի կարենան ուրիշ գործով մը իրենց ընտանիքներուն ապրուստը ապահովել։

Ըստ ինծի, դաս առնելիք երկու կէտ կայ այս տխուր երեւոյթին մէջ։ Նախ որ գործատէրեր պէտք է հեռատես ըլլան եւ անդրադառնան որ գործառնութիւններ կրնան ելեւէջ ունենալ, այսինքն՝ գործը այսօր լաւ է, բայց կրնայ վաղը լաւ չըլլալ։ Ուրեմն, պէտք է ըստ այնմ ծրագրել՝ առաջքը կարենալ առնելու համար նման դժբախտութեան մը։

Երկրորդ, գործատէրեր պէտք է ըլլան տրամաբանական՝ իրենց ծրագիրներուն մէջ եւ ոչ թէ զգացումէ մղուած, իրենց որոշումներուն մէջ։ Այսինքն, եթէ արտադրութիւնդ զամփիւղ է, պայմա՞ն է որ կեդրոնատեղիդ նմանի զամփիւղի մը։ Տրամաբանական նոյն ենթադրութեամբ, եթէ դագաղագործ ես՝ պէ՞տք է որ գործատեղիդ նմանի դագաղի մը եւ այլն…

Փերեզակը

Այս դէպքը կը պատահի Շիքակոյի մէջ։ Ֆիտէնսիօ Սէնչէզ 79 տարեկան թոշակառու մըն է, որ կ՚ապրի իր թոշակառու տիկնոջ հետ։ Քանի մը շաբաթներ առաջ, իրենց դուստրը անակնկալօրէն կը մահանայ, որբ ձգելով իր երկու մանչ զաւակները։

Ուրեմն, թոռնիկներուն ապրուստը կարենալ հոգալու համար, Ֆիտէնսիօ Սէնչէզ կը ստիպուի ետ գործի երթալ։ Ան կը դառնայ փայտէ ձողիկներու վրայ պաղպաղակ (popsicle) ծախող փերեզակ։

Պաղպաղակ ծախող փերեզակները կարելի է գտնել ծովեզերեայ շրջանները, փոքրիկներու խաղավայրերուն մէջ եւ դպրոցներու մուտքերուն մօտ։ Այդ վայրերու մէջ, պաղպաղակները փնտռուած ապրանքներ են, յատկապէս ամառուան տաք օրերուն ընթացքին։

Սէրանդէս Մասիաս անունով բարի մարդ մը կը տեսնէ ծերուկ մարդուն չարչարանքը, որ դժուարութեամբ կը քշէ պաղպաղակներու կառքը (տես նկարը): Ան կը մեղքնայ անոր վիճակին եւ կ՛ուզէ ձեւով մը օգտակար հանդիսանալ։

Մասիաս ուստի յայտարարութիւն-կոչ մը կը հրատարակէ դիմատետրի (facebook) վրայ, որպէսզի փափաքողներ նուիրատուութիւն կատարեն եւ ծերուկ մարդը փրկեն այդ անել կացութենէն։ Ի՜նչ հրաշք՝ 15,000 անհատներ, 52 երկիրներէ կը մասնակցին նուիրահաւաքին եւ կը գոյացնեն 384,000 տոլար… Ահա քեզի «Բարի Սամարացի»ի մը հազուագիւտ նախաձեռնութիւնը, որ արձագանգ գտաւ աշխարհի չորս կողմը։

Սէնչէզ հիմա երկրորդ անգամ ըլլալով հանգստեան կոչուեցաւ եւ այս անգամ աւելի ամուր հիմերու վրայ դրուեցաւ անոր եկամուտը, որպէսզի որպէս միակ հոգատարը իր թոռնիկներուն, կարենայ ապահովել անոնց ապրուստն ու դպրոցական այլեւայլ ծախսերը։

Մեզի կը մնայ «պատիւս արժանաւորաց» ըսելով, ցանկալ որ նման արարքներ անպակաս մնան աշխարհի երեսէն եւ դառնան վարակիչ՝ ծառայելով որպէս լամբ (beacon) խաւարով պարուրուած քսանմէկերորդ դարու մեր առօրեայ «տաժանակիր» կեանքին մէջ… 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ