Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Կոնգրէս-ՀԺԿ դաշինքը կը պահանջէ կրթութեան նախարարին հրաժարականը

Կոնգրէս- ՀԺԿ դաշինքը կը պահանջէ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հրաժարականը՝ «Ազգային Ժողովի ընտրութիւններում իշխանութեան կողմից վարչական ռեսուրսների չարաշահման փաստական նիւթ»երու հրապարակումին առիթով։

Ինչպէս «Իրազեկ Քաղաքացիների Միաւորում»ը բացայայտեց անցնող օրերուն, Հայաստանի դպրոցները ներքաշուած են նախընտրական այս օրերուն ապօրինի միջոցներով իշխանութեան՝ մասաւորապէս յօգուտ Հանրապետականներուն աշխատելու մէջ։ Միւս կողմէ, իշխանութիւնները ցուցակներ կազմելը օրէնքի խախտում չեն համարեր։

Կոնգրէս-ՀԺԿ դաշինքը այս առիթով կը պահանջէ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանին հրաժարականը, որովհետեւ դպրոցները այսպիսով ճնշում կը բանեցնեն ծնողներու եւ ուսուցիչներու վրայ։

Նշենք, թէ «Իրազեկ»ը բազմաթիւ ձայնագրութիւններ ունի, ուր դպրոցի տնօրէններ բացայայտօրէն կը խօսին ցանկերու կազմութեան մասին։

 

Արցախ. Պարգեւատրումներ պետական բարձր պարգեւներով

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, իր գործընկեր Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ բարձրաստիճան զինուորականներու ուղեկցութեամբ այցելած է զօրամաս մը Արցախի մէջ, ծանօթացած անոնց պատրաստուածութեան եւ ունկնդրած անոնց համերգը։ Համերգէն ետք Սարգսեան պետական բարձր պարգեւներով  պարգեւատրած է շարք մը զինուորներ եւ յանձնած նուէրներ, ունենալով ոգեշունչ ելոյթ մը։

 

Սամուէլ Բաբայեան կը մնայ անազատութեան մէջ

ՀՀ անվտանգութեան ծառայութիւնը երբ յայտնաբերեց «Իկլա» տեսակի դիւրակիր զենիթահրթիռային համալիրի բաղկացուցիչ մաս կազմող արձակման խողովակ եւ հրթիռ՝ ձերբակալեց երեք անձեր, որոնցմէ մէկը ԼՂՀ-ի նախկին պաշտպանութեան նախարար Սամուէլ Բաբայեանն էր։

Անոնք առայժմ կասկածեալներ են եւ տակաւին իրենց վրայ մեղադրանք չկայ, սակայն Մարտ 24-էն սկսեալ երկու ամիսով արգելափակուած պիտի մնան, կը յայտնէ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը։

 

Ծնունդ «Հայաստանի ներդրողներու ակումբ հիմնադրամի»

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան Մարտ 25-ին յայտարարեց «Հայաստանի ներդրողներու ակումբ հիմնադրամ» ստեղծելու մասին, որուն մաս պիտի կազմեն ռուսահայ երեսունէ աւելի հայ գործարարներ, ամենահարուստ հայուն՝ Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորութեամբ։ Այդ գործարարները Յունուարին իրենց աջակցութիւնը ցոյց տուած էին վարչապետ Կարէն Կարապետեանին, երբ վերջինս այցելեց Մոսկուա։ Ակումբը բարեգործական նպատակներ չի հետապնդեր, այլ՝ առեւտուր։

 

Արցախցի ու իրանցի երաժիշտներու միացեալ համերգ

Ստեփանակերտի Սայեաթ-Նովա քոլէճին մէջ Մարտ 24-ին տեղի ունեցած է արցախցի եւ իրանցի ֆլութահարներ Արտաշէս Գրիգորեանի եւ Մէյսամ Ղոտրաթիի համերգը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Մարինէ Բարդուխարեանի։ Հնչած են հայ, իրանցի եւ արեւմտեան երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ։ Համերգը նուիրուած եղած է իրանեան աւանդական ամանորին։

Իրանցի արուեստագէտը մեծ գովասանքով խօսած է հայերու եւ Արցախի մասին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ