Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամփին նախկին օգնականը, Թուրքիան եւ Կիւլէնը…

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով նախկին  օգնական Մայքըլ Ֆլինը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ քննարկած է  իսլամիստ քարոզիչ Ֆեթուլլա Կիւլէնը ապօրինաբար Անքարային արտայանձնելու հարցը, կը գրէ «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ը։ Հանդիպումը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 19-ին, որուն մասնակցած են նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի փեսան, արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն եւ Կեդրոնական Հետախուզութեան Վարչութեան նախկին տնօրէն  Ճէյմս Վուլս։ Վերջինս պատմած է, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է «ուշ գիշերով զայն վտարելու» գաղափարը, առանց արտայանձնումի մասին պաշտօնական որոշումի։ Վուլս դէմ եղած է այդ առաջարկին, որուն մասին զեկուցած է ԱՄՆ-ի փոխ նախագահ Ճօ Պայտընին։

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ