Նախատեսուած է ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի երկար սպասուած հանդիպումը, Հինգշաբթի, Ապրիլ 6-ին։ Չինաստանի պատուիրակութեան հետ Թրամփի հանդիպումները տեղի պիտի ունենան Ֆլորիտայի մէջ, անոր պատկանող Մար-ա-Լակօ հանգստավայրին մէջ։ Կ՚ենթադրուի, որ հանդիպումը պիտի անցնի բաւական լարուած մթնոլորտի մէջ։