Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Անդրադարձ. Արդիւնքներ ընտրական և ակնկալիքներ

Մին՝ Հայաստանի խորհրդարանական, միւսը՝ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքի խորհուրդի:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները տեղի ունեցան 2 Ապրիլ 2017-ին, ԵԱՀԿ ԽՎ, ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ, ԵԺԿ, ԵԽԽՎ-Եւրոպական Խորհրդարան և ԱՊՀ-ի 170 ներկայացուցիչներու և տեղական 30 հազար դիտորդներու ներկայութեան: Անշուշտ եղան քննադատութիւններ և գնահատանքներ զանազան աղբիւրներու կողմէ և սակայն արդիւնքը եղաւ գոհացուցիչ: Ներկայացած 9 դաշինքներէ և կուսակցական թեկնածուներէն 4-ը յաջողեցան Ազգային Ժողովի մէջ աթոռներ գրաւել, համապատասխան արդիւնքին: Մանրամասնութիւնները արդէն յայտնի են հանրութեան: Հաշուի առնելով յաջողութիւնները, պահ մը կը փափաքինք անդրադառնալ ձախողած թեկնածուներուն քարոզարշաւի ընթացքին կատարած գաղափարական և ծրագրային յայտարարութիւններուն և «խոստումներուն», որոնք այնքան ալ խոստմնալից չեղան իրենց ընտրութեան արշաւին ընթացքին:

Համայնավար կուսակցութեան ջատագովները, որքան որ կարելի էր տեսնել անոնց հետեւորդներուն բազմութիւնը, ընդհանրապէս բաղկացած էին տարեցներէ, որոնք տակաւին կ՚երազէին խորհրդային ժամանակաշրջանը: «Կոմունիստները», տակաւին չեն անդրադարձած, թէ աշխարհ փոխուած է շատոնց և համայնավարութիւնը մնացած է գաղափարական համոզմունք մը միայն:

Մէկ այլ դաշինք, որ բնաւ տեղ չգտաւ թէ հայրենիքի և թէ սփիւռքի տարածքին, այն էր Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի դաշինքը՝ Կոնգրէս-ՀԺԿ: Առաջին օրուընէ ի վեր, այս դաշինքը հայ ազգային հասկացողութեան հակասական յայտարարութիւններով հրապարակ եկաւ կարծէք հայ ժողովուրդին մէջ առաւել ևս արմատացնելու այն զգացումը, որ յանուն խաղաղութեան անհրաժեշտ է Արցախեան պատերազմին ազատագրուած տարածքները վերադարձնել թշնամիին:

Իսկ Ազատ Դեմոկրատներ, ՕՐՕ և Ազգային Վերածնունդ դաշինքներու և կուսակցութիւններու  գաղափարախօսութիւնները պարզապէս բաւարար ընկալում չգտան ժողովուրդին քով:

Առաջին երկուքը հաւանաբար այլևս գոյութիւն չունենան յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, և սակայն մնացեալ երեքը յոյժ կարևոր աշխատանքի կարօտ են:

Գալով յաղթանակ տարած թեկնածուներուն, որոնց աշխատանքին համարեա թէ ծանօթ ենք արդէն անցեալին մէջ, ի՞նչ նորութիւններով հրապարակ պիտի գան հայ ազգին համար: Պիտի ստեղծուի՞ն արդեօք նորութիւններ ինչպէս՝ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ծրագրով յառաջ եկած շօշափելի արդիւնքներու փաստը ի շահ Հայաստանի տնտեսական բարգաւաճումին, որոնք պետութեան մը կառոյցին հիմքը կը կազմեն: Թէ՝ նոյն յանկերգներով պիտի շարունակեն յաճախել Ազգային Ժողով… քնանալու, իրենց համակարգիչներով զանազան խաղերով զբաղելու համար և կամ պարզապէս վիճելու սիրոյն:

Մէկ խօսքով՝ «Պարոնա՛յք, հայրենի ժողովուրդը ձեզ՝ 105-դ ընտրեց ձեզմէ ակնկալիք ունենալով, այդ արդարացնել է պէտք»:

***

Կը փափաքինք նաև անդրադառնալ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ հայաշատ քաղաքի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնց երեք հայ թեկնածուները առաջնակարգ քուէներով ընտրուեցան, պատմութեան մէջ անգամ մը եւս փաստելով թէ՝ միութիւնը զօրութիւն է: Ո՛չ միայն քաղաքային թեկնածուներուն յաղթանակը ջատագովելի է, այլ նաև՝ համայնքային մարմիններու ներկայացած թեկնածուներու յաղթանակը նոյնպէս, որոնք վստահաբար պիտի աշխատին հայ համայնքին ձայնը աւելի լսելի դարձնելու և Կլենտէյլ քաղաքի հնարաւորութիւններէն համահաւասար բաժին հանելու հայ համայնքին:

Յաջողութիւն կը մաղթենք հայրենիքի Ազգային ժողովին բոլոր յաղթական պատգամաւորներուն, Կլենտէյլ քաղաքի և հանրային այլ սպասարկութիւններու հայ ներկայացուցիչներուն:

Կը սպասենք ձեր սխրագործումներու արդիւնքին:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ