Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Վտանգաւոր Զարգացումներ Աշխարհի Տարածքին

Թիլերսըն. «Ռուսիա պէտք է ընտրութիւն կատարէ, թէ որո՞ւ կողմն է»

 

Վերջին օրերուն միջազգային լրատուութիւնը այնքան ալ լաւատեսական տրամադրութիւններ չի ստեղծեր։ Բեւեռացումները կը շարունակուին Հիւսիսային Քորէայի գծով, Սուրիոյ ապագային շուրջ եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ։ Չինաստան անմասն չի մնար բանակցութիւններէ, իսկ Իրան բացորոշ կ՚արտայայտէ իր տեսակէտը հակա-արեւմուտք։ 

Ասոշիէյթըտ Փրէս կը տեղեկացնէ, որ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Ռեքս Թիլերսըն վերջնագիր ներկայացուցած է Ռուսիոյ՝ Սուրիոյ ղեկավարութեան  աջակցելու գծով։ Անոր խօսքերով, Ռուսիա պէտք է ընտրութիւն կատարէ Միացեալ Նահանգներու եւ սթափ մտածող երկիրներու, եւ կամ միւս կողմէ՝ Իրանի, Հըզպալլայի, Պաշար Ասատի միջեւ։

«Մենք կը ցանկանք թեթեւցնել սուրիացի ժողովուրդին տառապանքը։ Ռուսիան կրնայ դառնալ այդ ապագային մասը եւ կարեւոր դեր խաղալ. կամ՝ կը պահէ իր դաշինքը այն խումբին հետ, որ, մեր կարծիքով, չի ծառայեր Ռուսիոյ երկարաժամկէտ շահերուն», ըսած է Թիլերսըն։

 

Փութինը պատրաստ է ստանձնելու Արեւմուտքի ընդհանուր թշնամիի դերը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վստահ է, որ եւրոպական կարգ մը երկիրներ աջակցած են Սուրիոյ Շայրաթ օդակայանին ամերիկեան հարուածին, որպէսզի բարելաւեն իրենց յարաբերութիւնները  նախագահ Թրամփի հետ։ Այսպէս ըսած է ան Իտալիոյ նախագահ Սերճօ Մաթարելային հետ հանդիպումէն ետք։ «Սուրիա, Ռուսիա, ընդհանուր թշնամի կայ։ Հիանալի է։ Մենք պատրաստ ենք դիմանալ», յայտարարած է Փութին։

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Թիլերսըն Մոսկուայի մէջ բարդ բանակցութիւններ ունեցաւ Չորեքշաբթի օր Ռուսիոյ մէջ։

 

Թրամփ. «ԱՄՆ պատրաստ է լուծելու Հիւսիսային Քորէայի հարցը»

Միւս կողմէ, նախագահ Թրամփ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է լուծելու Հիւսիսային Քորէայի հարցը։ Եթէ Չինաստանը օգնէ, շատ լաւ, եթէ ոչ՝ առանց Չինաստանի մենք կը լուծենք այդ հարցը», նշեց ան։

Ապրիլ 10-ին յայտնի դարձաւ, որ ԱՄՆ անսպասելի կերպով դէպի Հարաւային Քորէայի ափեր ղրկած է ռազմանաւերու հարուածային խումբը։ Նախապէս կը կարծուէր, որ նաւը նաւահանգիստ պէտք է մտնէր Աւստրալիոյ մէջ։

Հիւսիսային Քորէա, իր կարգին, յայտարարեց, որ պատրաստ է ուժի դիմաց ուժ ցուցադրել։

 

Նոր հարուած Ռուսիոյ՝ Մոնթէնեկրօ մտաւ ՆԱԹՕ

Ապրիլ 11-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ստորագրած արձանագրութեամբ Մոնթէնեկրօ ՆԱԹՕ-ի անդամ պիտի ընդունուի, կը հաղորդէ Ռէօյթըրզ գործակալութիւնը, վկայակոչելով Սպիտակ Տան յայտարարութիւնը։

Այսպիսով, Եւրոպայի մէջ «ինկաւ» Ռուսիոյ ամրոցներէն մէկը եւս։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ