Ապրիլ 11-ին Հայաստան ժամանեց Չինաստանի Կեդրոնական ռազմական խորհուրդի միջազգային ռազմական համագործակցութեան գրասենեակի պետ, փոխծովակալ Կուան Եուֆէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Նախատեսուած են հանդիպումներ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու պատասխանատուներու հետ։