Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստանի մէջ

Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէի հանդիպումը ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Կողմերը կարեւորած են երկու երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու զարգացումը, տնտեսական յարաբերութիւնները եւ մարդասիրական գործակցութիւնը։ Տարածաշրջանային խնդիրներու մասին խօսելով, երկուքն ալ շեշտած են կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Ճանելիծէն շնորհաւորած է Սերժ Սարգսեանը միջազգային չափանիշերով խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելուն եւ ՀՀԿ-ի յաղթանակին համար։

Նման հանդիպում մը տեղի ունեցած է նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ