Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելից. Սփիւռքի միաւորման անհրաժեշտութիւնը

Հայոց Ցեղասպանութենէն 102 տարի ետք, բնաւ հարց տուա՞ծ ենք մենք մեզի, անոր դրդապատճառներուն և հետեւանքներուն մասին: Շատ հաւանաբար՝ այո՛: Բայց պատասխանը վստահօրէն մնացած է անլուծելի: Բնաւ հարց տուա՞ծ ենք Կիլիկեան թագաւորութեան անկումին պատճառներուն մասին, չհեռանալու համար աւելի հեռաւոր հորիզոններ, հայոց պատմութեան խորերը ներթափանցելով  և անկէ ետք՝ հայ ժողովուրդին քաղաքական կարգավիճակին մասին:

Հաւանաբար շատ հեռաւոր անցեալին ըլլալով այդ, արդէն մոռացութեան տրուած է հայ ազգի զաւակներուն մօտ պատմութեան գիրկը անցնելով, իրենց առօրեայ մտահոգութիւններուն, կենցաղային հարցերուն և զբաղուածութեան պատճառներով:

Թագաւորութիւններ, իշխանութիւններ և հզօր կազմակերպութիւններ կործանած և անհետացած են, ուր այսօրուան կացութեամբ երկիրներ, երկիրներու իշխանութիւններ և կազմակերպութիւններ կ՚անհետանան յեղափոխական կամ եղափոխական շարժումներով: Բայց աշխարհ չի դադրիր գոյութիւն ունենալէ և կը շարունակէ իր ընթացքը քեզմով կամ առանց քեզի:

Կարգ մը ազգեր, որոնք այսօր տէր ու տիրական դարձած են աշխարհին և անոր բարիքներուն, բարձրացած են անցեալի փառապանծ ազգերու կործանած փառքին ու յիշատակին վրայ։

Արդեօք, հայ ժողովուրդի անցեալի պատմութեան կը պակսէ՞ին այդ տուեալները: Շատ հեշտ է քննադատել մարդկային սխալները, մանաւանդ երբ գործօն մասնակցութիւն և ներկայութիւն կարելի չէ եղած ներդնել ժամանակի բերումով: Սակայն անհրաժեշտ են այդ բոլորը նկատի ունենալ մեր ազգի զաւակներուն առած յաջորդական քայլերուն համար, իրենց բոլոր տարողութիւններով: Խօսքը կը վերաբերի հայկական կազմակերպութիւններուն և իշխանութեանց, ուր անհրաժեշտ է ունենալ փորձառական տեղեկութիւններ, որոնց վրայ կարելի է յենուիլ յառաջիկայի գոյատևման, պահպանման ծրագիրներուն և գործունէութիւններուն համար:

Հայ երիտասարդի մը հետաքրքրութիւնն էր իմանալ Հայոց Ցեղասպանութեան բուն դրդապատճառներուն մասին: Պատասխանը հետեւեալն էր.

– Հայ ժողովուրդը, իր արքունիով, աւագանիով և իր զանազան դասերով:

– Որովհետեւ մենք զմեզ կրնանք այպանել միայն:

– Հայ ժողովուրդը, Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ետք, մինչև Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջան, բնաւ չունեցաւ վերոյիշեալ պարտաւորութիւններու ստիպողականութիւնը, իր ազգի և երկրի պահպանման համար: Հայ ժողովուրդը, տարիներու ընկճումին ներքև,  կամայ թէ ակամայ համակերպեցաւ Օսմանեան լուծին շաղուելով անոնց պահանջքներուն հետ, կամաց-կամաց կորսնցնելով ինքնիշխանութեան, ազատութեան և անկախութեան տենչի զգացումները: Մինչև 17-րդ դարու կէսերուն, Օսմանեան կայսրութեան քարտէզներուն վրայ, տակաւին նշում կար Հայաստանի մասին և գոյութիւն ունէր Հայաստան, նշելով՝ «Էրմէնիստան» : Սակայն հայ ժողովուրդի գլխակորոյս անիշխանութեան, անկարողութեան կամ անտարբերութեան հետեւանքով, Օսմանեան իշխանութիւնը զայն ևս ջնջեց, սկսելով իր յառաջիկայի 200 տարուան ծրագրի գործադրութեան, որն էր՝ հիմնովին ջնջել հայ ժողովուրդը իր հայրենական հողէն: Մինչ այդ՝ հայ ժողովուրդը կ՚օրօրուէր սին և սուտ խոստումներով, իր ուշքն ու միտքը կեդրոնացնելով անհատական շահերու, տնտեսական շահարկումներու, ուր  արդար ըլլալու համար կարելի է ըսել թէ որոշ թիւով անձեր հասան բարձրագոյն դիրքերու Օսմանեան կայսրութեան մէջ և սակայն հայ ազգը իր մեծագոյն հասարակութեամբ, մնաց անտեսուած, անգէտ և տարտղնուած երեք կայսրութիւններու հովանիին ներքև:

Հայ ազգի վերականգնումի և ազատագրական պայքարի փորձերը, որոնք հասակ առին 19-րդ դարու երկրորդ կէսին, կազմակերպութիւններու և կուսակցութիւններու զարթօնքի կանչերով, ուշ անդրադարձ ունեցան հայ ժողովուրդին վրայ, որովհետեւ Օսմանեան ծրագիրը արդէն իսկ ի գործ դրուած էր երկար ժամանակ առաջ և հայ ժողովուրդը ժամանակ չէր ունեցած պատրաստուելու այդ կազմակերպութիւններուն անհատական անբաւարար և անմիաբան ջանքերուն պատճառով:

Ու պատահեցաւ անխուսափելին:

Այսօր կան նոյն այն կազմակերպութիւնները և կան նաև նոր կուսակցութիւններ և միութիւններ, որոնք կը շարունակեն իրենց ազգային աշխատանքները յետ Հայոց Ցեղասպանութեան: Այս անգամ սակայն, ժամանակի և կացութեան առումով, պարտադրաբար փոխուած են անոնց ծրագիրները, պարագաները և պայմանները, վերածուելով  դարմանումի, վերականգնումի և ազգապահպանման  ճիգերու, ուր չեն կրնար ձերբազատուիլ այդ մտայնութենէն, կացութեան բերումով: Անոնք շարունակ կը խարխափեն առանձին ուղիներով, ուր կը հիւծեն իրենք զիրենք և իրենց շրջանակները համայն սփիւռքի տարածքին, հետեւելով իրենց անհատական ձգտումներուն:

Սերնդափոխութի՞ւն, եղափոխութի՞ւն թէ ժամանակակից զարգացում և ՄԻԱՒՈՐՈՒՄ է հարկաւոր սփիւռքահայութեան փրկութեան համար:

Առաջինը խիստ կարևոր՝ անհատապաշտութեան, աթոռամոլ «խլեակ»ներու հանգստեան կոչումին և նոր սերունդներու յանձնառումի պարտաւորութիւններով, պահանջատէր հայ ժողովուրդին համար: Պարտադիր պահանջքներ՝  որոնց որպէս հետեւանք՝ երկրորդ, երրորդ և չորրորդ պարտաւորութիւնները կը յագենան ինքնաբերաբար, շնորհիւ նոր սերունդին ժամանակակից ընտրած ուղիներուն, ազգային նորաշունչ և համակերպ ոգիին և աշխարհահայեաց գիտակցութեան:

Սփիւռքը, իր հայկական համայնքներով  կազմակերպուելու անհրաժեշտ կարիքը ունի այսօր:

Ազգեր, որոնք պետականութիւն չունէին անցեալին, այսօր հզօր պետութիւն ունին շնորհիւ իրենց կազմակերպուած ազգային ոգիին, մէկդի թողած անհատական շահարկումներն ու նպատակները:

Այսօր հայ ժողովուրդը ունի ազատ անկախ հայրենիք: Ինչո՞ւ սփիւռքը իր միացած բազուկներով զօրավիգ չկանգնի հայրենիքին, փոխան մասնիկներու, փրկելով ինքզինք ստոյգ ձուլումէ, ուծացումէ և կորուստէ, միանգամընդմիշտ սատարելով հայրենիքի վերականգման:

Կրնանք այդ միացումը կոչել այն ինչ որ կը ցանկանք, կարևորը սակայն՝ գործնականը իրականացնելն է:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ