Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Հոծ բազմութեամբ ոգեկոչենք մեր սրբադասուած նահատակներու յիշատակը

Մեծագոյն գոհունակութեամբ կու գանք հաղորդելու, թէ Լոս Անճելըսը հայութիւնը, նախորդ տարիներու նման, այս տարի ալ մեծաշուք, այլազան եւ բազմաթիւ ձեռնարկներով եւ միջոցառումներով պիտի ոգեկոչէ Մեծ Եղեռնի սրբադասուած նահատակներու յիշատակը։

Ապրիլ ամսուան ընթացքին միայն Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ, յիսունէ աւելի ձեռնարկներով պիտի յիշատակուին մեր նահատակները եւ միաժամանակ պահանջուի անոնց մարդկային արդար իրաւունքները եւ կողոպտուած նիւթական հարստութիւնները։

Դաշնակցային եւ ողջ ԱՄՆ-ի տարածքին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ, կազմակերպուած բազմաթիւ ձեռնարկներով Ամերիկայի ժողովուրդը ծանօթ կ՚ըլլայ մեր արդար դատին եւ իրաւունքներուն։

Իսկ Լոս Անճելըսի մէջ, վերջին քանի մը տարիներուն կազմուած է «Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմին»ը, որ մօտ քառասունհինգ միութիւններէ կազմուած մարմին մըն է։ Այս միաւորը նախորդ տարիներու նման, այս տարի ալ Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017 կ.ե. ժամը 3։00-5։00 Մոնթէպելլօ քաղաքի նահատակաց յուշարձանին մօտ, պիտի ոգեկոչէ մեր նահատակներու յիշատակը հրաւիրելով ամերիկեան քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար հայ ժողովուրդին։

Մոնթէպելլոյի յուշարձանը Լոս Անճելըսի հայութեան «Ծիծեռնակաբերդ»ն է, հիմնուած է 1967-ին՝ յիսուն տարի առաջ։ Փառք ու պատիւ Մոնթէպելլոյի ժողովուրդին եւ անոր քաղաքապետարանի անդամներուն, որոնք յիսուն տարի առաջ, տրամադրեցին քաղաքի մեծագոյն այգիներէն մին՝ կանգնեցնելու համար մեր նահատակներու յուշարձանը։ Այդ օրերու Թուրքիոյ կառավարութիւնը մեծ գումարներ ծախսած էր եւ աշխատանք տարած արգիլելու համար այս յուշարձանի զետեղելու հարցը, բայց Մոնթէպելլոյի քաղաքապետարանը հայերու հետ ըլլալով, այս յուշակոթողը կառուցելու արտօնութիւն տուաւ Մոնթէպելլոյի փոքրաթիւ մեր գաղութին։

***

Նմանապէս, Երկուշաբթի, Ապրիլ 24-ին կ.ե. ժամը 12։00-էն սկսեալ «Արդարութեան քայլարշաւ» անունին տակ, քայլարշաւ մը տեղի պիտի ունենայ հասնելով թրքական հիւպատոսարանը եւ հոն թուրք հիւպատոսին յուշագիր մը յանձնելու համար։ Այս ձեռնարկն ալ կազմակերպուած է քաղաքական, հոգեւոր, բարեսիրական, մարզական միաւորներու միացեալ ճիգերով։

Իսկ նոյն օրը՝ Ապրիլ 24-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-12։00 տեղի պիտի ունենայ քայլարշաւ մը Հոլիվուտի «Little Armenia» շրջանին մէջ։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած է «Հայ Միացեալ Երիտասարդներ» անունով գործող միութեան կողմէ, որ վերջին տարիներուն ծանօթ է կազմակերպած բազմամարդ քայլարշաւներով։ Այստեղ ալ հրաւիրուած են պետական եւ հասարակական գործիչներ, ելոյթ ունենալու համար։ Այս ձեռնարկներուն երթալու համար տրամադրուած է անվճար երթեւեկութիւն։

Ապրիլ 22-ին, 23-ին եւ 24-ին բազմաթիւ այլ ձեռնարկներ եւս տեղի պիտի ունենան։ Երեկոյեան՝ աղօթքներ։ Կլենտէյլի քաղաքապետարանը կազմակերպած է երեք ձեռնարկներ։

Համալսարանական ուսանողներու ձեռնարկներ։ Օրինակ՝ Ս.Դ.Հ. կուսակցութեան Կայծ Երիտասարդական Միութիւնը Ապրիլ 23-ին Փասատինայի Memorial Park–ին մէջ երեկոյեան ժամը 7։00-ին կազմակերպած է հսկում մը։

Հայկական ամենօրեայ վարժարաններու, Մարիամեան-Դաւթեան Միութեան, ՀՕՄ-ի, Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութեան, եւ շաբաթօրեայ այլ վարժարաններու աշակերտութիւնը մեծ շուքով պիտի նշեն Ապրիլ 24-ը։

***

Հանգուցեալ Քըրք Քըրքորեանի բարերարութեամբ պատրաստուած «The Promise» ֆիլմը շատ մեծ արձագանգ տուաւ եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ամերիկացիներուն մօտ, որ Լոս Անճելըսի մէջ շարժապատկերի սրահներէն ներս պիտի ցուցադրուի Ապրիլ 21-էն սկսեալ։ Նմանապէս ուրիշ ֆիլմերով եւ ներկայացումներով հայ արուեստագէտները մեծ աշխատանք տարած են այս տարի։

 

***

Սիրելի հայրենակիցներ, այսօր երբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պետութիւնները իրենց նաւթատոլարներով առատօրէն դրամ կը ծախսեն եւ աշխատանք կը տանին դէմ կենալու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր աշխատանքներուն, կոչ կ՚ընենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որ Ապրիլ 24-ին իւրաքանչիւր հայ այդ օր մասնակից դառնայ զանազան ձեռնարկներու։

Այո, թուրքը 102 տարի առաջ ուզեց արմատախիլ ընել հայ ժողովուրդը եւ զայն աշխարհին երեսէն անհետացնել, բայց մենք մեր ներկայութեամբ եւ ապրելով մեր վրէժը լուծած կ՚ըլլանք Ճենկիզ խանի եւ Մեմլուքներու շառաւիղներէն եկող թուրքին։

Խորագոյն գիտակցութեամբ եւ խիտ շարքերով մաս կազմենք ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ միաժամանակ բոլորս ալ ուխտենք, որ մեր նահատակներու յիշատակը լաւագոյնս յարգելու համար՝

• Անհրաժեշտ է, որ մեր սերունդը ոչ միայն ինք ճանչնայ մեր դատի էութիւնը, այլ՝ անիկա փոխանցէ ապագայ սերունդներուն։

• Հայոց Ցեղասպանութիւնը օտար պետութեանց կողմէ ճանչնալը շատ կարեւոր է, բայց նոյնքան կարեւոր է, որ աշխարհի ժողովուրդներու բացատրենք թուրք իշխանութեան կողմէ 102 տարի առաջ կատարած ոճիրին տարողութիւնը։

• Մեր նահատակներուն յիշատակը յարգելու լաւագոյն եւ մեծագոյն ձեւն է, որ հայը ո՛ր երկրի քաղաքացի ըլլայ, կամ երկրի մէջ ապրի, սորվեցնէ իր զաւակներուն, որ հայը սիրէ եւ օգնէ արիւնակից հայուն, որ հայը իր ուսումով եւ գործով բարձր դիրքերու հասնի ապրած երկիրներու մէջ։

• Աշխարհի ողջ հայութեան գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ, սատար եւ նեցուկ կենալ մեր բոլոր երազներու իրականացման խարիսխ հանդիսացող մայր Հայաստանին։

Ահաւասիկ, այս խորհրդածութիւններով կ՚եզրափակենք մեր կոչը, վստահ ըլլալով, որ մեր ժողովուրդի զաւակները յորդահոս բազմութեամբ պիտի մասնակցին նահատակներու ոգեկոչման ձեռնարկներուն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ