Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. 1915-էն 102 տարի ետք՝ աննահանջ երթ, անզիջում պայքար

Կորուստը, որ ապրեցաւ մեր ժողովուրդը ահաւոր էր։ Շուրջ երկու միլիոնի հասնող հայ բնակչութիւնը, Արեւմտահայաստանի հողը եւ հոն ստեղծուած դարաւոր հայկական մշակութային ժառանգութիւնը… չկան այսօր։ Հողը հայկական մնաց այնքան ժամանակ, երբ անոր վրայ կ՚ապրէր հայ ժողովուրդը։ Դարերու ընթացքին ինչպիսի՜ ցեղախումբեր, ազգ կոչուելու անարժան վոհմակներ, դրացի պետութիւններ, հզօր կայսրութիւններ եկան ու անցան մեր հայրենիքին վրայէն, սակայն անոնք ժամանակաւոր էին։ Հողը կը պատկանէր հայուն, հայն էր տէրն ու ծառան այդ աշխարհին։ Հոն ծնած, ապրած ու թաղուած են հարիւր միլիոնաւոր հայեր, որոնք այդ հողին վրայ կերտած են չորս-հինգ հազարամեայ պատմութիւն։ Հայկէն մինչեւ Արգիշտի, Տիգրանէն մինչեւ Տրդատ, եւ Բագրատունիներէն, Արծրունիներէն, Կիլիկեան Հայաստանէն մինչեւ Օրի, Խրիմեան եւ Անդրանիկ հայեր չէի՞ն… այդ հողի ծնունդ չէի՞ն, հայախօս չէի՞ն… Հողին կորուստը անդարմանելի ցաւ է, քաղաքական ու դիւանագիտական շահերու կորուստ է, տարագիր դարձած հայուն նոր կեանքն է, որ վերջին հարիւր տարիներուն մեզ ցրեց, տարտղնեց եւ ապա՝ Սփիւռքացուց ու միացուց։

Հայկական Հարցը իր հողային պահանջատիրութեամբ մեռած չէ այսօր, ո՛չ ալ երազ մըն է լոկ։ Այլ՝ շարունակուող աննահա՛նջ երթի, աննահա՛նջ պայքարի սերմն է ան, որ մեզ արթուն կը պահէ եւ պատրա՛ստ՝ որպէս իրաւատէրը Արեւտմեան Հայաստանի մեր իրաւունքներուն։

Այո, 102 երկար տարիներ անցած են այսօր 1915 թուականէն եւ աշխարհ վերջին դարուն դիմագրաւեց այնպիսի փորձութիւններ, եւ ներկայիս կը դիմագրաւէ այնպիսի դառնութիւններ, որոնց պատճառով քաղաքական միջազգային «սակարաններու» վրայ մեր Դատը կը շահագործուի ի շահ եւ ի վնաս մեզի։ Այս իրականութենէն չենք կրնար խուսափիլ, երբ մեր մորթին վրայ կը զգանք մեր արդար Դատին աժան քարոզարշաւը «մե՜ծ» տէրութիւններուն կողմէ, ուր մերթ՝ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը սաստուի, եւ մերթ ալ՝ հայ ժողովուրդին պահանջատիրութեան արդար ձայնը կը խեղդուի…։

Որպէս հաւաքականութիւն, այսօր արեան գինով կը պահենք Արցախն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն շուրջ երեսուն տարի։ 1988-էն ի վեր հռչակուած հայկական զոյգ հանրապետութիւններէն Հայաստանը իր արդար տեղը ունի միջազգային բեմերու վրայ։ Իսկ տարագիր հայութիւնը է՛ եւ պիտի մնայ տէրը մեր Դատին։ Մե՛նք ենք Ցեղասպանութեան դառնութիւնները կրող սերունդները, որ կորսնցուցինք ոչ միայն հող, հոն ապրելու իրաւունք, այլ նաեւ՝ հարստութիւն, պատմութիւն, մշակոյթ, սեփականութիւն։ Միւս կողմէ, ո՞վ, եթէ ոչ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր Սփիւռքի նախարարութեամբ, պէտք է տանի քաղաքական աշխատանք, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումով անպատժելիութիւնը վերանայ, աշխարհ չտեսնէ նոր ցեղասպանութիւններ եւ յանցագործն ու անոր ժառանգորդը հանդիսացող այսօրուան Թուրքիան ԸՆԴՈՒՆԻ՛ իր ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ եւ ԿՐԷ՛ անոր հետեւանքները։

***

Երբ այս տողերը կը գրուին, Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ հանրաքուէ. երկիրը կ՚անցնի նախագահական վարչաձեւի աւելի լայն իրաւասութիւններով կառավարման, մենատիրական յաւելեալ ուժ տալով նախագահ Ռաճիփ Էրտողանին։ Ազգայնականութեան ծայրայեղութեան ճամբան բռնած Թուրքիոյ կողքին, Հայաստան այս ամիս ընտրութիւն կատարեց դէպի խորհրդարանական վարչաձեւ, ուր յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ երկրէն ներս պիտի զօրանայ վարչապետին դիրքն ու իշխանութիւնը։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ իշխող երկու կուսակցութիւններն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին, որոնք թէեւ ժողովրդավարութիւն կը քարոզեն, սակայն մենիշխանութեամբ իրենց ափերուն մէջ կը պահեն իրենց պետութիւնները։

Ի վերջոյ, միջազգային հանրութիւնն ու միջազգային քաղաքական դաշտը որքան ալ որոշիչ դեռ կատարեն հայ-թուրք յարաբերութիւններուն վրայ, մե՛նք ենք որ պատրաստ պէտք է գտնուինք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ տարբեր մակարդակի եւ  ձեւաչափի երկխօսութեան եւ յարաբերութեան պարագային։ Ինչպէս Արցախի մէջ՝ Ատրպէյճանի հետ, մենք՝ Հայ Ժողովուրդը ՊԱՏՐԱՍՏ պէտք է գտնուինք պատասխանը ունենալու իւրաքանչիւր բարձրացուող հարցումի կամ հարցի եւ՝ ՄԷԿ եւ միասնական կեցուածքով։

Ցեղասպանութենէն դար մը ետք հայը՝ որպէս հաւաքականութիւն, պէ՛տք է, պարտաւո՛ր է ունենայ ՄԷԿ ԾՐԱԳԻՐ, մէկ ուղղութիւն, եւ այդ՝ աննահանջ երթով։ Ժամն է Առաջնայինը Երկրորդականէն բաժնել եւ առաջնայինին տալ համազգային կշիռ եւ համընդհանուր հնչեղութիւն։ Նորութիւն չէ որ կ՚ըսենք, բայց աւելի լաւ է ուշ՝ քան աւելի ուշ սկզբունքով ոտքի՛ պանենք հայ իրաւաբանները, քաղաքագէտները, անկաշա՛ռ մարդիկ, միջազգային գրասենեակներ եւ անհատներ ու  ծրագրեալ գերագոյն մէկ նպատակ հետապնդենք։

Իսկ ի՞նչ է մեր Առաջնային նպատակը։ Այսօր, Ցեղասպանութենէն ետք, Հայ Դատի մեծագոյն նուաճումը հանդիսացաւ Արցախի հողերուն ազատագրումն ու անոր վրայ արդէն 25 տարիէ գործող հայկական պետականութիւնը։ Ներկան պահելն ու պահպանելը մեր սերունդին ճիտին պարտքն է։

Աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակները կը ստիպեն, որ միշտ արթուն գտնուինք։ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը պատեհ առիթը ստեղծած է այսօր ՄԵՐ հողերուն վրայ Քիւրտիստանի մը ծնունդին, որ կրնայ կազմաւորուիլ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ ներկայիս քրտաբնակ հողատարածքներուն վրայ։ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ անոնք արդէն իսկ կիսանկախ կառոյցներ ունին, իսկ Թուրքիոյ մէջ տասնամեակներէ իվեր կը պայքարին իրենց իրաւունքներուն համար։ Թուրքիոյ հանրաքուէի վերջին արդիւնքները յստակօրէն ցոյց կու տան արեւելեան Անատոլուի (Արեւմտեան Հայաստանի) տարածքին «Ոչ» պատասխանը ի նպաստ  Էրտողանի «բարեփոխումներուն», ուր բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը քիւրտեր են։

Այլ խօսքով՝ «Միշտ պատրաստ» գտնուինք շրջանային թէ միջազգային շրջադարձային նորութիւններուն դիմաց։

Թող ամենամեայ Ապրիլ 24-ները վերանորոգեն մեր հաւատքն ու ուժականութիւնը մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին նկատմամբ։

Սիրելի հայրենակիցներ, մասնակցի՛նք Ապրիլեան միջոցառումներուն Փասատինայի թէ Կլենտէյլի մէջ, Մոնթէպելլոյի թէ Թրքական հիւպատոսարանին առջեւ՝ միշտ ու միշտ Առաջնայինը բարձր դասելով Երկրորդականէն։

Բի՜ւր յարգանք անմեղ զոհերուն յիշատակին։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ