Ապրիլ 16-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէէն ետք, Իսթանպուլի, Անքարայի, Իզմիրի, Անթալիոյ եւ Էսքիշէհիրի մէջ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին։
Բողոքի ցոյցի մասնակիցները կը պնդեն, որ հանրաքուէին ընթացքին շատ խախտումներ տեղի ունեցած են։ Բողոքի ցոյցեր եղած են Իսթանպուլի Քատըքէօյ, Պէշիքթաշ, Քարթալ, Ավճըլար, Էսէնիւրթ եւ Պաքըրքէօյ թաղամասերուն մէջ։
Մեծ քաղաքներուն մէջ կան ձերբակալութիւններ։
Անքարայի մէջ ուսանողները վանկարկած են՝ «Բռնապետին չենք յանձնուիր»։