Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

UCLA 20 միլիոն տոլար պիտի ստանայ «Խոստում» շարժանկարի շահոյթէն

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Իրաւաբանական դպրոցը (UCLA School of Law) 20 միլիոն տոլար պիտի ստանայ ցեղասպանութեան նիւթով ուսուցողական ծրագիրներ ընդլայնելու եւ հետազօտելու համար։

«Խոստում»  (“The Promise”) շարժանկարէն ստացուած գումարները պիտի տրամադրուին Մարդկային Իրաւանց Հիմնարկի (Promise Institute for Human Rights) հիմնումին, կը յայտնէ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ը։

Վարիչ-պատասխանատու Ճենիֆըր Մանուկեանի խօսքով, Հիմնարկը պիտի զբաղի ցեղասպանութիւնները կանխելու, մարդկային իրաւանց, առողջութեան, գաղթականներու եւ քաղաքացիական իրաւունքներու հարցերով։

Աւելցնենք, որ շարժանկարը նկարահանած է Քըրք Քրքորեանի հիմնած ընկերութիւնը։ Արտադրողներէն՝ Էրիք Իսրայէլեանի խօսքով, իրենք ոգեշնչուած են Շոա ինստիտուտէն (USC) եւ երկու մեծ համալսարաններու նման աշխատանքով՝ յանուն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Լոս Անճելըսը պիտի դառնայ այդ խնդիրներու ուսումնասիրութեան կեդրոնը։

Կը սպասուի, որ Հիմնարկը բացուի այս տարուան աշնան։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ